Հայրապետական Գիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 26-րդ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սոյն պատգամը կարդացուեցաւ Լիոնի մէջ 13-16 Սեպտեմբերին կայացած ՌԱԿ-ի 26-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին առթիւ տրուած պատշօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Դպրեվանքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ:

 

Ուրախութեամբ իմացանք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տիար Մայք Խարապեանի Մեզի ուղղած Օգոստոս 23, 2012 թուակիր նամակէն, որ Սեպտեմբեր 13-16-ին Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ պիտի գումարուի կուսակցութեան 26-րդ համագումարը: Նոյն նամակին մէջ յարգելի Պրն. Ատենապետը կը խնդրէր Մեզմէ Հայրապետական Մեր պատգամը ուղղել ձեզի: Այս առիթով, կ’ուզենք հետեւեալ մտածումները ու մտահոգութիւնները բաժնել ձեզի հետ.-

 

ա) Ոեւէ կազմակերպութեան համագումարը իր տնտեսական, վարչական ու կազմակերպչական աշխատանքներէն անդին առիթ պէտք է դառնայ հաւաքական ինքնահայեցողութեան ու  ինքնաքննութեան՝ իրապաշտ մօտեցումով ու յառաջատեսիլ հայեցակէտով: Կազմակերպութիւն մը կը դառնայ ժամանակավրէպ երբ իրեն պակսի քաջութիւնը յարափոփոխ պայմաններու, ժամանակներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց ինքզինք վերանորոգելու եւ համապատասխան մտածելակերպեր ու գործելակերպեր ճշդելու: Արդարեւ, համաշխարհայնացումը ու անոր անդրադարձները մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, կը պարտադրեն մեր բոլոր կառոյցներուն, նաեւ մեր եկեղեցւոյ, դուրս գալու իրենց ներամփոփ վիճակէն ու աւանդական մօտեցումներէն, եւ վերաքննութեան ու  վերակառուցման ենթարկելու իրենց թէ՜ ներքին կառոյցը եւ թէ գործելակերպը: Եւ աւելին՝ մեր կառոյցները կոչուած են ճշդելու այնպիսի առաջնահերթութիւններ, որոնք անմիջականօրէն աղերս ունին մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն հետ: Վստահ ենք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւս ա՜յս ոգիով ու տեսլականով եւ երկար տարիներու ընթացքին իր ձեռք ձգած փորձառութեամբ վերարժեւորումի պիտի ենթարկէ իր գործունէութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան այս վճռական հանգրուանին՝ ի խնդիր աւելի ազդու ու արդիւնաշատ ծառայութեան:

 

բ) Հայաստանի վերանկախացումը եւ Սփիւռքի ծաւալումը նոր առաջադրութիւններու ու հրամայականներու դիմաց կը դնէ մեր ժողովուրդը: Ոեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը անյետաձգելի ու անփոխարինելի առաջնահերթութիւն մըն է: Ինչպէս Մեր պատգամներուն մէջ յաճախ կը յիշեցնենք՝ միասնականութիւնը միաձեւութիւն չէ: Տարբերութիւնը, ամէն իմաստով, հարստացուցիչ կը դառնայ, երբ ան չվերածուի բեւեռացումի եւ բաժանարար մտածելակերպի ու գործելակերպի: Մեր ժողովուրդի կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց մենք բոլորս կոչուած ենք հաւաքական ու միասնական կեցուածքներ ճշդելու: Հետեւաբար, համահայկական մտածողութեան մշակումը՝ մեր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ ծրագրուած ու հետեւողական գործակցութեամբ, կը նկատենք խիստ հրամայական: Այս ծիրէն ներս, թէ՜ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի հզօրացումը առանցքային կարեւորութիւն ունի մեր ժողովուրդի ներկային ու ապագային համար: Այս ուղղութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւս կարեւոր դեր կրնայ խաղալ:

 

գ) Կը գտնուինք Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Այս գծով արդէն որոշ աշխատանքներ սկսած են կատարուիլ ու որոշ նախաձեռնութիւններ ընթացքի մէջ են՝ թէ՜ համահայկական մաշտապով եւ թէ Սփիւռքի գաղութներէն ներս: 100-ամեակը մեզի համար սոսկ անցեալին պատահած ցեղասպանութեան նշումը պէտք չէ դառնայ: Մենք մէկուկէս միլիոն զոհ տուած ենք, հող ու ինչք կորսնցուցած ենք. հետեւաբար, մեր ժողովուրդը պահանջատէ՜ր է: Բոլոր պայմաններուն մէջ մենք չենք կրնար զիջիլ մեր պահանջատիրութենէն. ան մեր մարդկային ու ազգային իրաւունքն է ու միաժամանակ՝ պարտաւորութիւնը: Ա՜յս է մեր նահատակներուն սրբազան կտակը: Ցեղասպանութենէն յետոյ, Սփիւռքի մէջ մեր երեք կուսակցութիւնները՝ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը վճռական դեր կատարեցին Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Վստահ ենք, որ նո՜յն աշխատանքը, միասնական ոգիով եւ աւելի կազմակերպ ու ծաւալուն կերպով պիտի շարունակուի:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Մենք անձնապէս, բարձր կը գնահատենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներդրումը, անցեալին թէ ներկային, մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարին՝ յատկապէս Հայ Դատի, հայ մշակոյթի ու հայ կրթութեան մարզերէն ներս: Մեր սպասումն է, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու յանձնառութեամբ շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը:

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ յաջողութեամբ պսակէ ձեր բոլոր հայրենաշէն ու ազգակերտ ծրագիրները:

                                                                                                                             Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Սեպտեմբեր, 2012

Անթիլիաս, Լիբանան