Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի իրիկուան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ, հոծ բազմութեան ներկայութեան

ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ, ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒՄ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի իրիկուան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ, հոծ բազմութեան ներկայութեան: Սոյն հաւաքի ընթացքին նաեւ յաջորդաբար խօսք առին Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը:

 

Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ մեր նահատակներու նուիրական կտակին նկատմամբ մեր հաւատարմութեան հաշուետուութեան ու վերահաստատման օր է, որ իր իմաստով ու մարտահրաւէրով պէտք է դառնայ ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան կեանքին մէջ: Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը պէտք է շարունակուի՝ վերանորոգ կամքով ու յանձնառութեամբ: Սակայն, ի՞նչ մարտավարութեամբ ու ռազմավարութեամբ ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ: Այս հարցադրումը մնայուն ու լուրջ քննարկումի նիւթ պէտք է դառնայ մեր քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն կողմէ: Հո՜ս է որ կ’ուզենք կանգ առնել եւ որպէս վերջաբան ներկայ հաւաքին ու նախաբան հայ դատի աշխատանքներու յառաջիկայ հանգրուանին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ բաժնել  կարգ մը մտածումներ՝ զանոնք ամփոփելով հետեւեալ երեք բառերուն մէջ.- արժեւորում, ներդաշնակում ու վերակազմակերպում:

 

Ա) Արժեւորում.- Կատարուելիք աշխատանք մը աւելի ճի՜շդ կերպով կատարելու ու աւելի՜ն կատարելու համար անհրաժեշտ է ամէն բանէ առաջ կատարուած աշխատանքը արժեւորել: Սա ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս բնական երեւոյթ մըն է ու նաեւ հրամայական անհրաժեշտութիւն մը: Եւ արժեւորումը հարկ է որ կատարուի իրապաշտ մօտեցումով, քննական ոգիով ու համապարփակ հայեցակէտով. այլապէս ան կը դառնայ ձեւական ու մակերեսային:

 

Անցնող տասնամեակներուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման համազգային պայքարին մէջ կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան ու յատկանշական քայլեր առնուեցան: Ազգեր ու պետութիւններ, կրօններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ հետզհետէ սկսան պաշտօնապէս ճանչնալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպան թուրքը, միւս կողմէն, ի տես ցեղասպանութեան գծով ծաւալող միջազգային հետաքրքրութեան, սկսաւ բացայայտօրէն ջղագրգռութեան նշաններ ցոյց տալ: Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին, քաղաքական կազմակերպութիւնները, մտաւորականութիւնը ու երիտասարդութիւնը, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ոճով ու շեշտաւորումով նոր տարածք ու ընթացք տուին հայ դատի աշխատանքներուն: Օտար մտաւորականներ եւս, յատկապէս դասախօսութիւններու ու հրատարակութիւններու ճամբով կարեւոր նպաստ բերին մեր դատին պատմա-քաղաքական հիմնաւորման ու ծանօթացման:

 

Ճիշդ չէ այս բոլորին սոսկ անդրադառնալ, պարզապէս ուրախութիւն կամ գնահատանք արտայայտել եւ անցնիլ: Անհրաժեշտ է զանոնք խոր վերաքննութեան ու լուրջ վերարժեւորումի ենթարկել՝ յստակօրէն տեսնելու համար մեր յաջողութիւններն ու թերացումները: Անհրաժեշտ է մանաւանդ անցեալի փորձառութեան լոյսին տակ նոր մօտեցումներ ճշդել ու գործելակերպեր որդեգրել: Այլ խօսքով, հարկ է անցեալին նայիլ՝ ապագան յստակ տեսնելու եւ համապատասխան արեւելում ճշդելու համար: Սա կ’ենթադրէ հաւաքական, հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանք:

 

Բ) Ներդաշնակում.- Հայ դատի ծիրէն ներս կատարուած ճիգերը թէ՜ հեռաւոր անցեալին եւ թէ մօտիկ անցեալին ու մինչեւ այսօր, փաստօրէն չեն ներդաշնակուած: Այսօր եւս Հայաստանը առանձնաբար, Սփիւռքի մէջ հայ դատի մարմինները առանձնաբար, կուսակցութիւնները առանձնաբար ու բացառիկ առիթներով միայն միասնաբար, եկեղեցին նաեւ առանձնաբար մեր ժողովուրդի իրաւունքները կը շարունակեն հետապնդել: Աշխատանքի համադրումի ու ներդաշնակումի պակասը, բնականաբար, յաճախ յառաջացուցած է կրկնութիւն, անորոշութիւն եւ երբեմն նոյնիսկ հակասութիւն ու բեւեռացում: Օրինակները բազմաթիւ են:

 

Արդ, հայ դատի աշխատանքներուն ներկայացուցած ներկայ պատկերը կրնայ մեծապէս վնասել մեր նպատակին յաջողութեան եթէ մեր ճիգերը չներդաշնակուին: Ներդաշնակում չի նշանակեր միատեսակութեան ստեղծում, աշխատանքներու կեդրոնացում: Ներդաշնակութիւն կը նշանակէ աշխատանքի համատեղ ծրագրում, դերերու յստակեցում ու գործի բաժանում: Այս մասին առիթով մը անդրադարձած էինք. նո՜յնը կը կրկնենք այստեղ, ու միշտ պիտի կրկնենք ի խնդիր հայ դատի ազդու հետապնդման: 

 

Արդարեւ, հասկնալով հանդերձ թէ Հայաստանի պետութիւնը եւ իւրաքանչիւր քաղաքական կառոյց իր մտածելակերպի ու գործելակերպի անկախութիւնը կ’ուզէ պահել, սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք որ  հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն ծիրէն ներս, տարբերութիւնները տեղ մը մօտենան իրարու եւ համադրուին ու ներդաշնակուին եթէ ոչ համահայկական կառոյցի մը, այլ գէթ հաւաքական գործընթացի մը շուրջ: Եթէ նման քայլի մը գործնապէս չդիմենք – ո՜ւշ ենք արդէն — ո՜չ միայն ցեղասպանը պիտի ուրախ ըլլայ եւ շահագործէ — արդէն իսկ կը շահագործէ — ներկայ կացութիւնը՝ փորձելով Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ ճեղքեր յառաջացնել, այլ նաեւ հայ դատի մեր պայքարը պիտի կորսնցէ իր ուժականութիւնը ու արդիւնաւէտութիւնը: Այս ուղղութեամբ Սփիւռքը կարեւոր դեր ունի կատարելիք: Զանազան առիթներով ցեղասպանը իր մտահոգութիւնը ու ընդվզումը յայտնեց Սփիւռքի խիստ ու մարտունակ մօտեցումներուն նկատմամբ. եւ սա բարենիշ մըն է Սփիւռքին համար: Յաճախ կը խօսուի համահայկական հարցերը համահայկական մաշտապով ու մօտեցումով քննարկելու ու հետապնդելու անհրաժեշտութեան մասին: Ու կա՞յ աւելի համահայկական խնդիր, համահայկական մարտահրաւէր ու նպատակ, քան մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրացումը:

 

Գ) Վերակազմակերպում.- Արժեւորում ու ներդաշնակում կ’ենթադրէ նաեւ ու մանաւանդ վերակազմակերպում: Ոեւէ գործի յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ ճիշդ կազմակերպման մէջ: Կազմակերպում իր կարգին կ’ենթադրէ մասնակցութիւն ու ծրագրուածութիւն, կամք ու նուիրում: Կ’ապրինք մնայուն տեղաշարժի  մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ: Եղափոխութիւնը տեղի տուած է յեղափոխութեան դիմաց. հանգրուանային զարգացումները դարձած են ժամանակավրէպ՝ արագ ու արմատական փոփոխութիւններուն դիմաց: Փաստօրէն երէկի ու այսօրի տարբերութիւնը դարձած է հսկայական:

 

Հետեւաբար, նման պայմաններու մէջ հայ դատի աշխատանքները կը կարօտին ոչ միայն վերարժեւորումի, վերադասաւորումի եւ ներդաշնակումի, այլ այս բոլորէն անդին՝ համապարփակ ու լուրջ վերակազմակերպումի: Վերակազմակերպումը հարկ է սկսիլ առաջնահերթութիւններու ճշդումով: Բնականաբար ժողովրդային արտայայտութիւնները, երիտասարդական ցոյցերը, յուշագրերու յանձնումը  եւ այլ աւանդական դարձած միջոցներ իրենց կարեւոր տեղը ունին մեր ժողովուրդի արդար ընդվզումը ու պահանջատիրութիւնը արտայայտելու իմաստով. սակայն անոնք այլեւս բաւարար չեն: Ներկայ աշխարհի պայմաններուն համահունչ շարք մը այլ քայլերու առընթեր կը խորհինք թէ յատկապէս հետեւեալ չորս մարզերէն ներս հսկայ աշխատանք կայ կատարելիք.-

 

1) Անցեալին բանաստեղծութիւն գրելով, յօդուածներ ստորագրելով ու դասախօսութիւններ տալով թէ՜ մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ վառ պահեցինք նահատակներու կտակը եւ թէ մեր իրաւունքները հետապնդեցինք. այդ հանգրուանը վաղուց անցած ենք: Այսօր մենք պէտք ունինք ակադեմական ու գիտական մօտեցումով եւ օտար լեզուներով լուրջ ուսումնասիրութիւններու ու հրատարակութիւններու՝ թէ՜ ցեղասպանութեան եւ թէ միջազգային օրէնքի առնչուած խնդիրներու մասին: Տակաւին չուսումնասիրուած շատ հարցեր կան. չբացուած բազմաթիւ արխիւներ գոյութիւն ունին. ո՞վ պիտի կատարէ այս խիստ կենսական գործը: Միջազգային օրէնքներու ու Միացեալ Ազգերու կողմէ հաստատուած ուխտեր ու օրինագիծեր ի՞նչ կ’ըսեն ցեղասպանութեան մասին: Ո՞վ պիտի ուսումնասիրէ այս նիւթերը: Տակաւին վերջին ամսուան ընթացքին չորս օտարներ՝ գերմանացի, ֆրանսացի, անգլիացի ու տանիմարքացի, Անթիլիաս եկան ցեղասպանութեան առնչուած իրենց համալսարանական թէզերուն համար տեղեկութիւններ քաղելու. ո՞ւր են մեր համալսարանականները. ցեղասպանութեան ու միջազային օրէնքներու քանի՞ լուրջ մասնագէտներ ունինք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ. փաստօրէն՝ մի քանի հատ միայն…: Արդ, կը գտնուինք հսկայ կարիքի մը դիմաց: Անհրաժեշտ է որ մեր երիտասարդները մասնագիտանան ցեղասպանագիտութեան, օսմանագիտութեան, թրքագիտութեան, Միջին Արեւելքի պատմութեան ու միջազգային օրէնքի մէջ, որպէսզի կարենան դրօշակիրը դառնալ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն՝ միջազգային բեմերու վրայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է ցեղասպանութեան հետ աղերս ունեցող լուրջ ուսումնասիրութիւնները հրատարկելու (արդէն իսկ լծուած է այս աշխատանքին), ինչպէս նաեւ իր օժանդակութիւնը ընծայելու մեր այն բոլոր երիտասարդներուն, որոնք յիշեալ բնագաւառներէն ներս կ’ուզեն մասնագիտանալ՝ պայմանաւ որ հետագային անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն:

 

2) Առանց դադրեցնելու ցեղասպանութեան ճանաչման գծով մեր տարած ճիգերուն թափը, անհրաժեշտ կը նկատենք որ այլեւս յատուկ շեշտ դնենք հատուցմա՜ն վրայ: Պահանջատիրական մեր պայքարին առանցքը պէտք է դառնայ հատուցումը: Պէտք է հեռու մնանք պարագայական մօտեցումներէ, մակերեսային դատումներէ ու հապճեպ եզրակացութիւններէ: Այս մասին անհրաժեշտ է որ լուրջ քննարկում տեղի ունենայ մեր պատասխանատու կառոյցներուն միջեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մասնակցութեամբ, որպէսզի կարենանք յստակ ուղեգիծ մը ճշդել: Չմոռնանք որ մենք մէկուկէս միլիոն զոհերու կողքին նաեւ կորսնցուցինք հող ու ինչք, ազգապատկան կառոյցներ ու կալուածներ՝ անհատական կալուածներու ու ինչքերու կողքին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շուտով պիտի սկսի ցեղասպանութեան ընթացքին մեր կորսնցուցած կալուածներու ցանկագրումը կատարել. նաեւ որոշ քայլերու դիմած ենք քննելու համար  միջազգային օրէնքի տրամադրութիւնները այս ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է սակայն այս հանգրուանին նման աշխատանքները կատարել հանդարտ մթնոլորտի մէջ՝ հեռու լուսարձակներէ:

 

3) Մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման պայքարին առանցքը ու մեկնակէտը մեր հաւաքական յիշողութիւնն է: Ո՜չ մէկ ստուեր պէտք է տեսնէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ զօրեղ արմատներ նետած մեր հաւաքական յիշողութիւնը: Ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին ու ակումբը վճռական դեր ունին կատարելիք այս ուղղութեամբ: Այս ծիրէն ներս եզակի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Տէր Զօրը: Ան աղաղակող վկան է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան: Մեր նահատակներու աճիւնները, որոնց շուրջ հաւաքուած ենք սա պահուն, Անթիլիաս եկած են Տէր Զօրէն: Տակաւին Տէր Զօրի աւազներուն մէջ կը գտնուին աճիւնները մեր նահատակներուն: Հետեւաբար, ոչ միայն պէտք չէ մոռնանք Տէր Զօրը այլ նաեւ իւրաքանչիւր հայու նուիրական պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ ուխտի երթալ Տէր Զօր՝ վերանորոգուելու մեր նահատակներու հաւատքով ու տեսիլքով:

 

4) Կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան այս վճռական հանգրուանին մեզ բաժնող չորս տարիները ներկայ չափանիշներով երկար ժամանակաշրջան մը չէ: Հետեւաբար, պէտք է ազգովին եւ անմիջապէս լծուինք ծրագրուած աշխատանքի: Ցեղասպանութեան 50-ամեակը տարբեր պայմաններու մէջ ու տարբեր մեկնակէտով նշուեցաւ թէ՜ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը սովորական ամեակ մը պէտք չէ դառնայ: Աշխարհը մեզ կը դիտէ. Թուրքիան մեզի կը հետեւի, եւ մօտէն: Պէտք չէ բաւարարուիլ լոկ ձեւական հաւաքներով կամ մի քանի յուշամատեաններ հրատարակելով: 100-ամեակը տարբեր ոգիով ու շունչով, տարբեր մտածելակերպով ու հայեցակէտով պէտք է ծրագրուի. ան տարբեր խորք ու բովանդակութիւն, տարբեր շեշտաւորում ու արտայայտութիւն պէտք է ունենայ՝ համաձայն ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու տուեալներուն  եւ միջ-պետական յարաբերութիւններուն ու շահերուն: Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Հայստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի խօսքը՝ ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման համազգային մարմնի մը ստեղծման: Նման քայլ մը ո՜չ միայն համապարփակ մօտեցումով ու համապարփակ մաշստապով պէտք է կազմակերպէ մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան այս անկիւնադարձային դէպքը, այլ նաեւ գործնապէս պէտք է արտայայտէ մեր միասնականութիւնը:

 

Պահ մը դիտեցէք ի՜նչ կը կատարուի մեր շուրջը. գահեր կ’իյնան, բռնակալներ կը տապալին, դաշնակիցներ կը փոխուին…: Նաեւ չմոռնանք որ Թուրքիոյ երեւելի ու աներեւոյթ ներկայութիւնը սկսած է դառնալ զգալի քիչ մը ամէն տեղ: Հարկ է ըլլալ արթուն ու ճիշդ կարդալ ժամանակի նշանները: Ցեղասպանը ու աշխարհը պէտք է գիտնան որ որքան ժամանակը թաւալի, հայ ժողովուրդի զաւակները ի սփիւռս աշխարհի կը մնան աւելիով կառչած իրենց ազգի բռնաբարուած իրաւունքներուն: Ցեղասպանը ու աշխարհը պէտք է գիտնան որ ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնանպատակ ու ինքնավախճան քայլ մը չէ, մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն ամբողջական հատուցումն է, մեր դատին խորքը ու նպատակը:

 

Այսօր մենք դարձեալ ունեցանք ազատ անկախ Հայաստան. մեր սեփական ուժով նաեւ վերատիրացանք մեր իրաւունքին՝ Ղարաբաղին: Սակայն մեր ունեցածը փաստօրէն փոքրիկ կտորներ են այն մեծ Հայաստանէն, որուն սեփականատէրն է ամբո՜ղջ հայութիւնը: Եւ այդ մեծ Հայաստանը մեր բոլորին երազն է ու իրաւունքը եւ պայքարին նպատակակէտը:

 

Մեր նահատակներու աճիւններուն դիմաց կեցած Մեր հայրական կոչը կ’ուղղենք քեզի, սիրելի՜ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհի. հին սերունդը իր կարելին ըրաւ ու իր լաւագոյնը տուաւ հայ դատին: Մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն վիրատիրացման պայքարի ջահը այժմ քու ձեռքդ է: Վառ պահէ այդ սրբազան ջահը ու քալէ յառաջ՝ վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ:

 

                                                                                                    ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                                                                  ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

24 Ապրիլ 2011

Անթիլիաս, Լիբնան