Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, այն խոր հաւատքով եւ արդար ակնկալութեամբ, որ հայրենաբնակ եւ տարասփիւռ հայ գրողներու այս 5-րդ համաժողովը, մեկնելով մեր գրական կեանքին մէջ նոր էջ բանալու առաջադրանքով 2002-ին սկսած եւ անոր յաջորդած չորս համագումարներու համահայկական տեսլականներէն, քաղած արդիւնքներէն եւ բիւրեղացուցած որոշումներէն՝ բառին ամբողջական եւ ազնուագոյն իմաստով դառնայ բազմարդիւն եւ օգտաշատ հանդիպում մը: Մեր սպասումն է, որ ինքնաքննադատական ոգիով, օրակարգի հարցերը համապարփակ տարողութեամբ քննարկող ապագայատեսիլ մօտեցումով եւ հայ գրողին վայել իրապաշտ հայեցակէտով այս համաժողովը նաեւ կը կենսագործէ իր առաջադրած նպատակակէտերը՝ ամրապնդելով հայ գրողին տեղն ու դերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Համահայկական նշանակութիւն ունեցող նախկին հանդիպումներուն, բայց յատկապէս 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մեր հիւրընկալած Գրողներու Համահայկական 3-րդ Համագումարին առիթով արտասանած Մեր Հայրապետական խօսքին մէջ, Մենք մասնայատուկ կարեւորութեամբ շեշեցինք ճշմարտութեան, հայ ոգիին, ազնիւին եւ գեղեցիկին վկան, պաշտպանը եւ նուիրեալ ծառան ու տէրը հանդիսացող հայ գրողին կոչումն ու առաքելութիւնը: Անցած են արդէն չորս տարիներ եւ, կը հաւատանք, որ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապագային նայելու հրամայականը, ինքնավստահ, կուռ տրամաբանութեամբ եւ իմացական խիզախութեամբ աշխարհին հետ երկխօսութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը առաւել զօրութեամբ կը հնչեն այսօր, քան երբեւիցէ:
Մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանումը, հայ ոգիին առաւել պայծառութեամբ ճառագայթումը, մեր դարաւոր աւանդներուն ու ինքութեան հզօրացումը եւ հայ գիրի ու մշակոյթի յաղթագնաց երթը երբեք արգելք չեն հանդիսացած, որ հայ գրողը հրաժարի աշխարհին եւ համամարդակային արժէքներուն բացուելու իր յարատեւ ճիգէն եւ ծառայական կոչումէն: Ընդհակառակն, Մաշտոցեան ոսկեդարէն սկսեալ եւ մինչեւ միջին դարեր, վերածնունդի ազգակերտ շարժումէն մինչեւ նորագոյն օրեր, միշտ ալ, իր ազգային ուրոյն դիմագիծով եւ ինքնութեամբ հոգեզինուած՝ հայ գրողը քայլ պահած է աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն հետ, ամէն տեսակի եւ գոյնի մարտահրաւէրներուն պատասխանած հայավայել արիութեամբ, իմացական մեզայատուկ պայծառամտութեամբ, հաւասարէ հաւասար իր ուժերը չափած է մեծ ու փոքր բոլոր մշակոյթներուն հետ, փոխադարձ հարստացուցիչ երկխօսութեամբ լայնցուցած է իր տեսադաշտն ու իմացական հորիզոնը, հայացուցած համաշխարհային մշակոյթի վաւերական եւ անկրկնելի բազում գանձեր եւ միաժամանակ ա՜լ աւելի բիւրեղացուցած ու պողպատած հայն ու հայկականը հայ մարդուն հոգիին ու մտքին մէջ՝ իբրեւ ազգերու համանուագին մէջ իր ուրոյն տեղին, դիրքին եւ արժէքին որակով ու կշիռով հպարտ ու գիտակից քաղաքակիրթ ազգ:
Ճշմարտութեան եւ յաւիտենական արժէքներու առաքեալ ու խնկարկու հայ գրողին այս կոչումին անդրադարձած ենք զանազան առիթներով: Վստահ ենք, որ մեր գրողներու մտքին ու հոգիին մէջ թարմ ու կենդանի են այս խոհերն ու համոզումները բանաձեւած 2006 թուականի Մեր հայրական խօսքը: Ուրախ ենք, որ ձեր այս համաժողովը կոչուած է շարունակելու ապագայագնաց այդ նո՜յն ուղին, ճշմարտութեան ու յաւերժականին սլացող տեսլապաշտ միեւնոյն ուղին՝ իբրեւ ընդհանուր բնաբան ճշդելով ՙՀայ գրականութիւնը՝ հայոց միջնաբերդ՚:
Այո, այսպէ՜ս եղած է հայ գրականութիւնը ի սկզբանէ: Այսպէ՜ս եւ այս պատկերով գոյատեւած է դարեր շարունակ եւ հայ ազգն ու Հայաստանը կանգուն պահած ամէն տեսակի փոթորիկներու ու սպառնալիքներու դէմ: Հայ գրականութիւնը եղած է ու կը մնայ՝
Միջնաբերդ՝ Հայկեան վճռականութեան:
Միջնաբերդ՝ Վարդաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքին:
Միջնաբերդ՝ Մեսրոպ Մաշտոցներու եւ Թարգմանչաց սերունդի լուսակերտ դպրութեան:
Միջնաբերդ՝ Ներսէս Շնորհալիներու եւ Գրիգոր Նարեկացիներու երկնավճիտ ճշմարտապաշտութեան եւ համամարդկային ճենճերումներուն:
Միջնաբերդ՝ Աբովեաններու եւ Կոմիստասներու վէրքերով եւ երգերով դաշնաւորուած տեսիլքին:
Միջնաբերդ՝ Խրիմեան Հայրիկներու պատգամած ՙերկաթէ շերեփ՚ի վճռակամութեան եւ Րաֆֆիներու հզօր ու յառաջադէմ Հայաստանի վառ երազին:
Միջնաբերդ՝ Դանիէլ Վարուժաններու փառերգած ՙվարդահեղեղ արշալոյս՚ին եւ Պարոյր Սեւակներու ղօղանջած ՙանլռելի զանգակատան՚ յաղթաշեշտ տօնազանգին:
Ասոնք սոսկ բառեր չեն, գեղեցիկ ու պատկերաւոր բանաձեւումներ չեն, այլ հաւատքի ու կամքի, համահայկական ուխտի եւ անմնացորդ նուիրումի ամէնօրեայ յիշեցումներ են, դարերէն եկող ու դարերուն գացող լուսաշառայլ ճշմարտութեան անլռելի ղօղանջներ եւ, տակաւին՝ հայ ժողովուրդի յաղթագնաց երթին յաւերժահունչ պատարագն են:
Ու հայ գրողը յանձնառու առաքեալն է ու միաժամանակ հաւատարիմ աշակերտը հայ գրականութեան ոգիին ու տեսիլքին:
Մենք միշտ այսպէ՜ս դիտած ենք հայ իրաւ գրողն ու վաւերական մտաւորականը: Եւ կ’ուզենք, բոլո՜րդ անխտիր, այսօր եւս տեսնել այս նուիրական կոչումի բարձրութեան վրայ:
Դեռ անցեալ տարի, Հայաստանի Գրողներու Միութեան 15-րդ Համագումարին յղած Հայրապետական պատգամը կ’եզրափակէինք այս բառերով.-
ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղա՜ծ է, է՜ եւ պիտի՜ շարունակէ մնալ փարոսն ու միջնաբերդը հայ մշակոյթին: Հետեւաբար, Հայրապետական այս դարաւոր Սուրբ Աթոռը դուք միշտ պիտի գտնէք ձեր կողքին՝ իբրեւ զօրակիցն ու գործակիցը մեր ազգի բոլո՜ր արժանաւոր գրողներուն ու ճշմարիտ մտաւորականներուն: Թող Ամենաբարին եւ Ամենակարող Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ, եւ Իր երկնային իմաստութեամբ, ոգեղէն զօրութեամբ եւ անսպառ բարիքներով պայծառացնէ ու լուսաւորէ ձեր գրիչները՝ ի ծառայութիւն հայ մշակոյթին՚:
Այսօր նաեւ նո՜յն հաւատքով եւ միեւնոյն բարեմաղթութիւններով կ’աւարտենք Մեր Հայրապետական խօսքը՝ աղօթելով Բարձրեալն Աստուծոյ, որ Իր ամենազօր օրհնութեամբ յաջողութեամբ պսակէ ձեր քայլերը եւ Գրողներու Համահայկական 5-րդ Համաժողովը վերածէ բազմարդիւն եւ աշխարհով մէկ ճառագայթող նոր միջնաբերդի մը:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
27 Յունիս 2010
Անթիլիաս, Լիբանան