18 April, 2012

Հայրապետական պատգամ Գրողներու Համահայկական Զ. Համագումարին (Երեւան, 20-24 Ապրիլ,2012)

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն:  

 

Մեր սպասումն է որ հայ գրատպագրութեան 500-ամեակի մեծարման նուիրուած հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ հայ գրողներու այս համագումարը դառնայ պատմական, ո՜չ միայն քննարկելու հայ գրականութեան մերօրեայ  խնդիրներն ու հայ տպագրութեան հրատապ հարցերը, այլեւ ճշդելու մայր գիծերը մշակութային նպատակասլաց քաղաքականութեան մը, որ ըլլայ համահունչ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն ու մեր ազգային ձգտումներուն եւ ատակ՝ համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

 

Մեր սպասումն է նաեւ, որ իբրեւ ճշմարտութեան առաքեալներ ու ցեղին արժանապատուութեան ու խղճմտանքին արի զինուորներ, ինքնաքննադատական ոգիով, իրապաշտ հայեցակէտով ու ապագայատեսիլ մօտեցումով կարենաք այս համագումարին ճամբով կենսագործել ձեր առաջադրած ե՜ւ գրական, ե՜ւ ազգային նպատակակէտերը՝ ամրապնդելով միաժամանակ իր առաքելութեան գիտակից հայ գրողին առանցքային տեղն ու եզակի դերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

 

Ձեր նախկին համագումարներուն առիթով, Մենք յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեցինք, որ հայ գրողը Մեզի համար է՜ եւ մի՜շտ կը մնայ ո՜չ միայն գեղեցիկին, բարիին ու ճշմարտութեան երկրպագուն ու պատարագիչը, այլեւ՝ անանձնական նուիրումի, հայրենանուէր առաքելութեան եւ մեր Մաշտոցեան հանգանակին ու ազգակերտ աւանդներուն անվեհեր ջահակիրն ու տեսլապաշտ առաջնորդը:

 

Արդարեւ, յաւիտենական արժէքներու հաւատարիմ խնկարկու ու յանձնառու առաքեալ հայ գրողին այս սրբազան կոչումին ինչպէս նաեւ համազգային արժէքներու պատշպանութեան ու երազներու կենսագործման գծով անոր ճշդորոշիչ դերակատարութեան Մենք անդրադարձած ենք բազմիցս Մեր պատգամներուն թէ հրատարակութիւններուն ճամբով: Այս ուղղութեամբ Մեր մտածումներն ու համոզումները բանաձեւեցինք մա՜նաւանդ 2006-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին առիթով արտասանած Մեր հայրապետական պատգամին մէջ:

 

Առաւել քան երբեք, այսօր նո՜յնը կը թելադրէ Մեզի հայ ժողովուրդի փոթորկայոյզ ներկան: Հայ մշակոյթը իր իւրայատուկ գոյնով ու ոճով, ձեւով ու որակով կը մնայ հայուն ինքնութեան ամէնէն կենսատու աղբիւրներէն մէկը, Հայաստանի հզօրութեան ամէնէն տոկուն կռուաններէն մէկը ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ամէնէն էական երաշխիքներէն մէկը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ միշտ եղած է հայ մշակոյթի ճառագայթուն փարոսն ու ամրակուռ միջնաբերդը սփիւռքի տարածքին, հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ առաւե՜լ նուիրումով, կրկնապատկուած վճռակամութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ, ձեզի հետ եւ ձեր սերտ գործակցութեամբ, պիտի շարունակէ ընթանալ հայ մշակոյթի, հայ գիրի ու գիրքի յաղթագնաց նո՜յն ճանապարհէն՝

 

Որպէսզի հայ հոգիին ու մտքին ճշմարտաբոյր հացը՝ հայ գիրքը միշտ մնայ բաց բոլոր հայերուն սեղաններուն վրայ, իսկ հայ գրողին գրիչը միշտ դալար՝ թաթխուած հայ ժողովուրդի սրտի կաղամարին մէջ:

 

Որպէսզի տարուէ տարի աւե՜լի եւս ընդարձակուի  հայ մարդուն տեսադաշտն ու իմացական հորիզոնը, պողպատանայ մեր հայկեան ոգին ու լուսազարդուի մեր Մաշտոցեան միտքը:

 

Որպէսզի երկխօսութեան ճամբով հայու հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգը բացուի համամարդկային նոր անջրպետներու եւ ազգերու մշակութային անդաստանին մէջ հայ գիրն ու դպրութիւնը դառնան ճառագայթող ներկայութիւն:

 

Ահա հայ գրողին սրբազան ուխտը հայ տպագրութեան 500-ամեակի սեմին:

 

Մենք կը հաւատանք, որ մեր գրողները այս խոր հաւատքով ու հաւատարիմ մեր ազգային գաղափարախօսութեան պիտի շարունակեն ընթանալ իրերայաջորդ սերունդներու միտքն ու հոգին դարբնած հայ գիրի գրականութեան դարաւոր ճանապարհէն՝ ի պանծացումն հայ մշակոյթին:

 

Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեզ՝ ներկայ տագնապալից ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դէմ մեր մտքին լոյսը, հոգիին թռիչքը, սրտին տրոփը եւ երակներուն կրակը միշտ վառ ու աշխոյժ պահող գրողներդ: Ջերմօրէն կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի բոլոր գրողները Գրողներու Միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու ձեր այս հայավայել որոշումը: Արդարեւ, դուք ձեր այս վճռադրոշմ քայլով պերճախօս վկան դարձաք համահայկական մաշտապով գործելու ու ստեղծագործելու, ծրագրելու ու պայքարելու անյետաձգելի հրամայականին:

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր ամենազօր օրհնութեամբ միշտ կենսունակ պահէ ձեր գրիչը, պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի հայրենիքը եւ մեր ազգին հաւատքով ու արիւնով վերանկախացած Արցախը, հզօրացնէ մեր ազգային պահանջատիրութիւնը, եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդէ, անմահանուն բանաստեղծին բառերով՝ դէպի ՙվարդահեղեղ արշալոյս…՚:

 

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

      Աղօթարար՝

 

                                                                                                        ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

18 Ապրիլ 2012

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News