Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԻՐՈՅ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄԸ

 

Ո՜չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած Ի՜նք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց…՚ (Ա. Յհ 4. 10):

 

Յովհաննէս Առաքեալին նամակէն պոկուած այս փունջ մը բառերուն մէջ խտացած է քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը, անոր իւրայատկութիւնը: Քրիստոնէական կրօնին առնչուած որեւէ ճշմարտութիւն եւ սկզբունք, ըմբռնում եւ աւանդութիւն խարսխուած է այս անհերքելի իրողութեան վրայ:

 

ՙԱստուած Ի՜նք սիրեց մեզ՚, եւ որպէս սիրոյ արտայայտութիւն տիեզերքը ստեղծեց:

ՙԱստուած Ի՜նք սիրեց մեզ՚, եւ որպէս սիրոյ նշան մարդը ստեղծեց ու իրեն գործակից նշանակեց:

ՙԱստուած Ի՜նք սիրեց մեզ՚, եւ այնքա՜ն սիրեց որ հակառակ մարդու մեղքին իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ:

Ահա կորիզը քրիստոնէական հաւատքին:

 

Անսահման, անբացատրելի ու աներեւակայելի է սէրը Աստուծոյ: Սէրը ո՜չ միայն Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկն է, եւ գլխաւորը, այլ Աստուած սէրն իսկ է՝ իր էութեամբ ու գործով: Աստուծոյ յայտնութեան բոլոր կերպերուն մէջ, սէրը տիրական է: Աստուծոյ սիրոյ հասցէն մա՜րդն է: Աստուածաշունչը մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած հայրական սիրոյն կենդանի պատմութիւնն է: Աշխարհի մէջ ո՜չ մէկ կրօն, հին թէ նոր, աստուածային յայտնութիւնը կ’ըմբռնէ գերազանցօրէն որպէս սիրոյ արտայայտութիւն, եւ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը կ’արժեւորէ ա՜յս տեսանկիւնէն:

 

Բեթղեհէմը պերճախօս վկայութիւն մըն է՝ մեղաւոր մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած անհուն սիրոյն:

 

Բեթղեհէմը սիրոյ կամուրջ մըն է՝ երկինքէն երկիր նետուած: 

 

Բեթղեհէմը աստուածային սիրոյ մշտահոս աղբիւր մըն է՝ մարդոց մեղքով քարացած սրտերը հոսող:

 

Բեթղեհէմը աստուածային սիրոյ հրաւէր մըն է՝ ուղղուած բոլոր ժամանակներու ու բոլոր ազգերու պատկանող մարդոց:

 

Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած սէրը համամարդկային է ու համատիեզերական: Ան ինքնընծայում է ու խոնարհութեան ճամբով ծառայութիւն: Այդ սէրն է որ  կը յաղթէ չարին, կը մաքրէ մեղքը ու մարդուն մէջ կը կերտէ վաւերական մարդը: Այնքան զօրեղ է սէրը Բեթղեհէմեան, որ նո՜յնիսկ զԱստուած կը մղէ մարդանալու՝ սիրոյ նո՜յն ուժով մարդը բարձրացնելու դէպի Աստուած:

 

Քրիստոսի ճամբով Աստուած մեզի հետ եղաւ, որովհետեւ սիրեց մեզ. Աւետարանի բառերով՝ ՙԱստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ…՚ (Յհ 3. 16): Աստուած մի՜շտ մեզի հետ է, որովհետեւ մի՜շտ կը սիրէ մարդը, իր ստեղծագործութեան պսակը: Բեթղեհէմը սոսկ անցեալ չէ՜, այլ շարունակուող սիրոյ խորհուրդ է ու միաժամանակ պատգամ: Հարկ է մասնակից դառնալ Բեթղեհէմեան խորհուրդին՝ հասկնալու համար անկէ եկող պատգամը յաւերժական:

 

Բեթղեհէմէն ճառագայթող երկնային սիրոյ դիմաց մենք ի՞նչ կ’ընենք: Կ’ընդունի՞նք աստուածային սէրը մեր մէջ. կ’ընդառաջե՞նք սիրոյ հրամայականին: Այլ խօսքով՝

 

Որքանո՞վ մօտ ենք Աստուծոյ: Աստուծոյ ճանաչումը մարդուն բանականութեան արդիւնքը չէ, Աստուած ի՜նք մօտեցաւ մարդուն: Աստուած միշտ կը մօտենայ մեզի. արդեօք մենք մօ՞տ ենք Աստուծոյ՝ մեր կեանքի որակով ու ոճով, մեր մտածումներով ու գործերով: Առաքեալը կը յորդորէ. ՙմօտեցէ՜ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի՚ (Յկ 4. 8): Չմոռնանք երբեք, որ առանց Աստուծոյ ներկայութեան, մարդու կեանքը պիտի կորսնցնէ իր իմաստը, իր նպատակը ու գոյութեան պատճառը: Մարդ ո՜չ միայն աստուածաստեղծ արարած է, այլ նաեւ կոչուած է դառնալու աստուածակեդրոն արարած: Աստուծմէ հեռու մնալ կը նշանակէ դաւաճանել մեր կոչումին: Իսկ Աստուծոյ մօտ ըլլալու համար, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու համար, պէտք է սիրել զԱստուած. ՙՈվ որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար, որովհետեւ Աստուած սէր է՚ (Ա. Յհ 4. 8):

 

Որքանո՞վ կը սիրենք զԱստուած: Մարդու նկատմամբ ունեցած իր սիրոյ որպէս շօշափելի արտայայտութիւն, Աստուած մարդացաւ ու նոյնիսկ խաչ բարձրացաւ: Քրիստոս ըսաւ. ՙՈվ որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ՚ (Յհ 14. 23): Արդ, չի՜ բաւեր միայն ըսել թէ զԱստուած կը սիրենք. մեր սէրը պէտք է գործնապէս արտայայտենք՝ մեր կեանքը աստուածահաճոյ գործերով հարստացնելով, Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհքը ու նիւթական առաւելութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելով, Աստուծոյ թագաւորութեան համար աշխատելով: Յիշենք Քրիստոսի սէրը ապրած Առաքեալին յորդորը. ՙՈրդեակներ, մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ՝ գործո՜վ արտայայտուած ճշմարիտ սէր՚ (Ա. Յհ 3. 18):

 

Որքանո՞վ կը սիրենք մեր նմանը: Քրիստոսի պատուէրը յստակ է. ՙՄեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար՚ (Յհ 15. 13):  Սէրը կը մերժէ անձնակեդրոն կեանքը: Սէրը մեր ունեցածէն բաժին մը տալ չէ, նոյնիսկ ամբողջը տալ չէ, այլ մեր ա՜նձը տալ է: Աստուծոյ Որդին ինքզինք տուաւ մարդուն փրկութեան համար: Եթէ Քրիստոս իր կեանքը զոհեց մեզի համար, մենք եւս, նո՜յն օրինակով, մեր կեանքը ի սպաս պէտք է դնենք մեր նմանին համար՝ հիւանդին, աղքատին ու զրկեալին օգտակար հանդիսանալով. այլապէս մարդ ՙինչպէս կրնայ ըսել՝ թէ Աստուծոյ սէրը ունի իր մէջ՚ (Ա. Յհ 3. 17):

 

Որքանո՞վ կը զգանք թէ Աստուծոյ զաւակներն ենք: Աստուծմէ հեռացած մարդը Քրիստոս ո՜չ միայն վերստին մօտեցուց իր Երկնաւոր Հօր, այլ նաեւ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձուց: Քրիստոս իր արիւնով մեզ գնեց, իր խաչով մեզ ազատագրեց մեղքի տիրապետութենէն: Մարդու կեանքը մարդակեդրոն արժէքներով լեցնող ներկայ աշխարհին մէջ, որքանո՞վ կ’անդրադառնանք մեր մեղքերուն ու կը փորձենք վերադառնալ մեր Երկնաւոր Հօր: Մեզ այս աշխարհի՜ն ենթակայ դարձնող ուժերուն դիմաց, որքանո՞վ կը մնանք հաւատարիմ Քրիստոսին՝ որ մեր առջեւ բացաւ սիրոյ ու յաւերժութեան ճամբան: Յիշենք Առաքեալին խօսքը. ՙՈվ որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ՚ (Յկ 4. 4): Մարդ չի՜ կրնար երկու տէրերուն ծառայել. մեր Տէրը Աստուած է. մենք ենթակայ ու երախտապարտ ենք Աստուծոյ միայն:

 

Որքանո՞վ վերանորոգած ենք մեր անձը: Աստուծոյ սէրը, իր Որդւոյն մարդեղացումով աշխարհին տրուած, նպատակ ունէր մարդու փրկութիւնը, այլ խօսքով՝ մարդու վերանորոգումը: Բեթղեհէմը սկիզբն է երկրորդ արարչութեան, մարդու ու տիեզերքի վերստեղծումին: Աստուծոյ ծնունդը մարդուն ու մարդու ճամբով աշխարհին վերածնունդը ըլլալու սահմանուած էր: Արդ, պատրա՞ստ ենք վերանորոգելու մեր անձերը, նոր մարդ դառնալու՝ ի խնդիր Բեթղեհէմէն ճառագայթող վերստին ծնունդի ու սիրով շաղախուած նոր կեանքի: Պատրա՞ստ ենք ընդունելու Աստուծոյ սիրոյ պարգեւը մեզմէ իւրաքանչիւրին մատուցուած Յիսուս Քրիստոսի ճամբով, եւ զայն կեանքի՜ վերածելու մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին մէջ:

 

Այս հարցադրումները պէտք է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կատարէ իր անձին…:

 

Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը տօնել կը նշանակէ մեր հաւատքը ինքնաքննութեան ենթարկել, մեր ինքնութիւնը բիւրեղացնել ու մեր կոչումը վերարժեւորել:

 

Եթէ մոլորած ոչխարին  նման կորսնցուցած ենք մեր կեանքի ճշմարիտ ճամբան, փնտռենք մեր քաջ Հովիւը՝ Քրիստոսը:

 

Եթէ Անառակ Որդիին պէս հոգեւոր արժէքներէն մեզ հեռացնող վայրերուն մէջ կը թափառինք, վերադառնանք Աստուծոյ տունը՝ մեր եկեղեցին:

 

Եթէ ապաւինած ենք նիւթեղէն աշխարհի բարիքներուն, մօտենանք Բեթղեհէմի Մանուկին՝ մեր կեանքի հզօր ապաւէնին:

 

Եթէ խաւարի ու մեղքի մէջ կորսուած ենք, դառնանք Աստուծոյ մարդացեալ Որդւոյն՝ աշխարհի ճշմարիտ Լոյսին ու փրկութեան Ճանապարհին:

 

Եկէք, սիրելի՜ հայորդիներ, լսենք՝ անցեալէն եկող բայց անցեալ չճանչցող  սիրոյ յաւերժահունչ պատգամը Բեթղեհէմին:

 

•  •

 

Բեթղեհէմէն ճառագայթող սիրով ողողուած այս օրերուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով իրեն հայրենաշէն իրագործումներով բեղուն գործունէութիւն:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, աղօթելով որ Բարձրեալն Աստուած իրեն պարգեւէ եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն:

 

Եղբայրական խոր սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռին Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց բազմաբեղուն ծառայութեամբ լեցուն երկար գահակալութիւն:

 

Հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ մեր թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Կ’աղօթենք որ Բեթղէհեմի յաւերժափայլ լոյսը պայծառակերպէ իրենց կեանքի ճանապարհը: 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2009

Անթիլիաս, Լիբանան.