Նոր Տարուան իր պատգամին մէջ ՙԱնցեալին նայիլ հաշուետուութեամբ ու ապագային՝ յանձնառութեամբ՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
«Նոր Տարին առիթ մըն է անցեալը արժեւորելու հաշուետուութեան ոգիով, ու ապագային նայելու վերանորոգ տեսիլքով ու յանձնառութեամբ»: Այս բառերով խտացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Նոր Տարուան հայրապետական պատգամը: Արդարեւ, Նոր Տարուան առաւօտուն, Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի Դահլիճին մէջ հաւաքուած միաբանութեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Դպրեվանքին ու հաւատացեալ…