5 Փետրվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը նախագահէ Մ.Ա.Ե.Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին

Երեքշաբթի կէսօրէ ետք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ ապրող անդամներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Փօլ Եուհաննա եպս. եւ բարձարաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

 

Յիշեալ բացառիկ նիստին օրակարգի գլխաւոր հարցերն էին նոր ընդհ. քարտուղարի ընտրութեան գործընթացի ճշդում, Խորհուրդի տնտեսական ներկայ կացութեան արժեւորում, Սուրիոյ գաղթականներուն օգնութիւն, յառաջիկայ Մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու վկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս» միջազգային համագումարի պատրաստութիւն:

 

Վերոյիշեալ հարցերու գծով իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն Խորհուրդին վիճակուած յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը մանաւանդ շրջանի պատմութեան այս վճռական հանգրուանին: Հետեւաբար, Վեհափառը կոչ ուղղեց շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն իրենց մասնակցութեամբ ու գործակցութեամբ առաւել հզօրացնելու Խորհուրդին առաքելութիւնը, յիշեցնելով միաժամանակ որ ան միակ կառոյցն է որ կ’արտայայտէ եկեղեցիներու հաւաքական կամքը ու կեցուածքը:

 

Գործադիր Վարչութեան լիակատար նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլին դարձեալ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

More News