Անթիլիասի Մայրավանքէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը օրհնեց մեր ժողովուրդը

Անթիլիասի Ուխտի Օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի Օրն է Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջով կ’օրհնէ մեր ժողովուրդը, որ եղաւ պահապանը մեր ժողովուրդին՝ պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Ճի՛շդ է, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր երկրորդ Լուսաւորիչ Առաքեալը դարձաւ՝ Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթուղիմէոս Առաքեալներէն ետք. սակայն ան իր սրբակենցաղ կեանքով ու հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կատարած հաւատքի յեղափոխութեամբ մնաց տիրական ներկայութիւն մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ: Ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդը հոգեւոր խանդավառութեամբ կը սպասէ Ուխտի Օրուան, ստանալու համար մեծ Սուրբին օրհնութիւնը:

Հոգեւոր նոյն խանդավառութեամբ այս տարի եւս նշուեցաւ Ուխտի Օրը Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուաւորիչ Մայր Տաճարին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ուխտի Օրը կանխող շաբթուան ընթացքին Հինգշաբթի երեկոյեան կատարուեցաւ «Սրբազան Համերգ», որու ընթացքին ներկայ հաւատացեալներուն հրամցուեցան մէկ փունջ շարականներ եւ հոգեւոր երգեր։ Ուրբաթ Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք նախատօնակ կատարուեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ առաւօտեան մատուցուեցաւ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ ի յիշատակ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մտնելուն. իսկ գիշերը, կատարուեցաւ Կիրակի օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կանխող Հսկումի արարողութիւն, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով խորհրդածութիւններ կատարեց մեծ Սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած մի քանի յատկանշական երեւոյթներուն մասին, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատարմութեամբ քալելու հաւատքի այն ճանապարհէն, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բացաւ մեր ժողովուրդին առջեւ։ Նորին Սրբութիւնը, իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը այսօր կը պատգամէ մեզի ապրիլ մեր քրիստոնէական հաւատքը, եւ վկայել մեր հաւատքի մասին»։ Իր Խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Աղօթքս է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը լսէ՛ մեր ուխտերը եւ որպէս միջնորդ ու բարեխօս Աստուծոյ ներկայացնէ։ Ու աղօթքս է, որ Աստուած ընդունի մեր ուխտերը, եւ մեր բոլորին կեանքը լուսազարդէ ու պայծառակերպէ»: Հսկումի արարողութենէն ետք, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր։

Կիրակի առաւօտեան մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Օրուան պատարագիչն էր՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան: Պատարագիչ Սրբազանը իր խօսքին որպէս բնաբան ընտրած Շարականի հետեւեալ բառերը. «Ով հովուապետ բարի, Տէր Գրիգորիոս. ամբիծ քահանայապետ, բարերար, ընտրեալ Աստուծոյ կողմէ, Դո՛ւն մեր հոգիներուն բժիշկ եղար»: Սրբազանը նախ եւ առաջ ըսաւ, թէ այսօր Գալստեան Կիրակի է, որ երկու խորհուրդ ունի. առաջին, Քրիստոսի աշխարհ գալուստը՝ փրկագործական խորհուրդը, եւ երկրորդ՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։ Պատարագիչ Սրբազանը յայտնեց, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն, Գալստեան Կիրակին եղած է Ուխտի Կիրակի՝ Ուխտի Պատարագ։ Ապա, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքին ու գործունէութեան, եւ ըսաւ. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մեր հաւատքի հայրն է ու մեր քրիստոնէական հաւատքին խորհրդանիշը»։ Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան, Սրբազանը ըսաւ. «Այսօր, կ’ուխտենք անհատաբար ու հաւաքաբար հաւատարիմ մնալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին լոյս հաւատքին եւ տէր կանգնիլ մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան։ Որպէս Միաբանութիւն, կրկին անգամ միաբերան մեր հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կը վերանորոգենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, եւ կ’ուխտենք շարունակել մեր ծառայութիւնը ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի ծաղկումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»։ Իր քարոզի աւարտին, համայն հաւատացեալներուն անունով, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալու մեր Եկեղցւոյ սրբութեանց, մեր ազգային աւանդութիւններուն, որպէսզի միշտ վառ մնայ Լուսաւորիչին կանթեղը եւ պլպլայ անոր լոյսը մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորաններուն վերեւ, եւ Արագածի կատարին Լուսաւորիչին կանթեղը շարունակէ պայծառակերպել համայն հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի»։

Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջն ի ձեռին: Մեր ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Մեր Սուրբ Աթոռին աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուրբերու մասունքները եւս Միաբան Հայրերու ձեռին մաս կազմեցին թափօրին:

Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով, եւ ապա Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Լուսաւորիչի Աջը ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած հետեւեալ աղօթքը.–

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քեզի կը դիմենք մենք՝ ուխտաւոր զաւակները Բարձրեալ Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորիչ, ո՜վ Գրիգոր Սուրբ Հայրապետ:

«Դուն, որ Աւետարանական ճշմարտութիւններով սնած եւ Քրիստոսի սիրով բոցավառ ուխտեցիր հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ Որդւոյն, ո՜վ երանելի Սուրբ Հովուապետ հայ ժողովուրդի.

«Դուն, որ Քրիստոսի երկնային քաղցրութիւնը ճաշակելով կեանքդ որպէս կենդանի պատարագ ընծայեցիր Անոր, ո՜վ սքանչելգործ վկայ Քրիստոսի.

«Քու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ՛ ու պահպանէ՛ մեր կեանքը, Հայ ժողովուրդի հաւատքի առաքեալ, քանդէ՛ ու փշրէ՛ մեր շուրջը կանգնած մոլութիւններու ու մեղքերու պատուարը ու մեզ առաջնորդէ՛ երկնային շնորհքներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը:

«Հայոց աշխարհի Երկրորդ Լուսաւորիչ, եկո՛ւր եւ հաւատքի լոյսով վառէ՛ մեր միտքին, սիրտին ու հոգիին կանթեղը. “առաւել կեանք”-ով շաղաշէ՛ մեր երկրաւոր կեանքը ու երկնայինին յոյսով զօրացո՛ւր մեր յուսաբեկ սիրտերը:

«Ո՜վ Լուսաւորիչ մեծ Հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՛ մեր ազգը ամբողջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Օրհնէ՛ մանաւանդ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդդ: Սրբէ՛ մեր մեղքերը, մաքրէ՛ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը. առողջութիւն շնորհէ՛ հիւանդներուն. լուսաւորէ՛ մեր կեանքի խաւար ճամբաները. երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն եւ մեր Մեծ Ընտանիքին՝ քու պատուական ժողովուրդիդ կեանքը՝ ի պայծառութիւն Հայ Առաքելական եւ Ուղղափառ Սուրբ եկեղեցւոյ եւ յաւերժութիւն ազգիս Հայոց։ Ամէն»:

Նոյն օրը, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերուն, սրբազան Աջը մնաց Մայր Խորանին վրայ եւ ուխտաւորները զայն համբուրելով ստացան մեծ Սուրբին օրհնութիւնը: