Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐԴԵՂԱՑՈՒՄԸ՝

ՀՐԱՒԷՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՑՄԱՆ

 

ՙԱստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ…՚: Սուրբ Աթանաս Հայրապետին վերագրուած այս հաստատումը եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ յաճախակի առիթներով կրկնուած է՝ դառնալով Արեւելեան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան իւրայատուկ եւ զօրեղ շեշտերէն մէկը:

 

Արդարեւ, առաջին առիթով տարօրինակ կրնայ թուիլ այս մօտեցումը. ինչպէ՞ս կրնայ մարդ աստուածանալ: Ճիշդ կերպով ըմբռնելու համար այս բանաձեւումը, անհրաժեշտ է լայն խորքի վրայ դիտել զայն:

 

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան համաձայն, Աստուած անճանաչելի ըլլալով հանդերձ, նաե՜ւ ճանաչելի է, որովհետեւ յայտնութեան ճամբով Աստուած ինքզինք ճանաչելի դարձուց մարդուն:

 

Հետեւաբար, յայտնութիւնը էապէս Աստուծոյ անձին ու գործին յայտնութիւնն է եւ ո՜չ թէ Աստուծոյ մասին տեղեկութիւններու կամ գաղափարներու ամբողջութիւն մը: Այլ խօսքով, յայտնութիւնը՝ Աստուածայայտնութիւն է: Երբեմն իր անձին, երբեմն իր գործին ճամբով Աստուած ինքզինք է որ կը յայտնէ:

 

Միայն քրիստոնէական կրօնքին յատուկ յատկանշական երեւոյթ մըն է Աստուածճանաչողութիւնը: Անհրաժեշտ է, սակայն, կարեւորութեամբ շեշտել թէ՝ Աստուածճանաչողութիւնը  մարդուն բանականութեան ճիգին արդիւնքը չէ: Աստուած ի՜նքն է որ իր նախաձեռնութեամբ ու իր ազատ կամքով ինքզինք կը յայտնէ մարդուն, կը մօտենայ մարդուն՝ ժամանակի ու միջոցին մէջ: Նաեւ հարկ է ընդգծել, որ մարդուն Աստուածճանաչողութիւնը հիմնուած ըլլալով միա՜յն յայտնութեան տուեալներուն վրայ, սահմանափակ է: Մարդ Աստուած կը ճանչնայ այնքանով եւ այնպէս որ Ան ինքզինք յայտնած է մարդուն: Մարդ Աստուած չի կրնար ճանչնալ իր էութեանը մէջ, այլ միայն իր յայտնութեան ծիրէն ներս:

 

Տիեզերքի ստեղծագործութեամբ սկսած Աստուծոյ յայտնութիւնը իր վերջակէտին կը հասնի Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումով:

 

Ինչո՞ւ Աստուծոյ Միածին Որդին մարդեղացաւ: Դարձեալ անհրաժեշտ է այս հարցումին պատասխանը փնտռել աւելի լայն շրջագծի մէջ:

 

Արդարեւ, տիեզերքի ու մարդու ստեղծագործութեամբ սկսած Աստուծոյ յայտնութիւնը պարագայական արարք մը չէր. ան յստակ նպատակ մը ունէր.– մարդու ու տիեզերքի փրկութիւնը ու վերաստեղծագործութիւնը եւ Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումը:

 

Հին Կտակարանի բոլոր դէպքերուն, երեւոյթներուն ու անձերուն ետին յստակօրէն կը տեսնենք այս ծրագիրը: Երբ խորաթափանց մտքով ու հաւատքի աչքերով կարդանք Հին Կտակարանը պիտի տեսնենք թէ պատմութեան դէպքերուն մէջէն ու մարգարէներու ճամբով, երբեմն սաստով ու երբեմն սիրոյ արտայայտութեամբ, ինքզինք մարդուն յայտնող Աստուած յստակ պատգամ մը կը փոխանցէ մարդուն.–

 

– Ո՜վ մարդ, քեզ ե՜ս ստեղծեցի. ինչո՞ւ հեռացար քու Արարիչէդ:

 

– Ո՜վ մարդ, որպէս իմ ներկայացուցիչս քեզ պահակ նշանակեցի իմ ստեղծագործութեանս վրայ. ինչո՞ւ սեփականացուցիր զայն եւ քու փառքիդ ու հաճոյքիդ համար գործածեցիր:

 

– Ո՜վ մարդ, քեզ իմ պատկերիս համաձայն ստեղծեցի, ինծի գործակից նշանակեցի. ինչո՞ւ շահագործեցիր քեզի ընծայուած շնորհքը:

 

– Ո՜վ մարդ, հակառակ քու բազմաթիւ ու բազմազան մեղքերուդ, որպէս քու երկնային հայրդ կը սիրեմ քեզ, վերադարձի՜ր ինծի…:

 

Հին Կտակարանը մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած սիրոյն մերժումն է: Արդարեւ, սիրոյ մերժումը ծնունդ կու տայ ատելութեան, թշնամութեան, բռնութեան, պատերազմի: Հին Կտակարանի ժողովուրդին պատմութեան էջերը լեցուն են Աստուած մերժող ու մարդկային կեանքէն հեռացնող մեղքերով:

 

Բազում անգամներ իրեն վերադառնալու կոչ ըրած եւ միշտ ալ մերժումի հանդիպած Աստուած, չէր կրնար անտարբեր մնալ իր արարածին ահաւոր մեղքին ու տառապանքին դիմաց: Աւետարանիչը կ’ըսէ թէ՝ Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ (Յովհ. 3. 16): Իսկ Առաքեալը կը հաստատէ՝ Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան, այլ խօսքով, ճանապարհորդ՝ աստուածացման ճանապարհին (Եփես. 1. 11):

 

Արդ, Աստուծոյ Որդւոյն նպատակը մարդը վերադարձնել է իր ճշմարիտ բնութեան, իր հարազատ կոչումին, իր վաւերական արմատներուն, իր աստուածաստեղծ մարդութեան: Բեթղեհէմի ճամբով Աստուծոյ երկիր էջքին նպատակը մարդուն երկինք բարձրացումն է: Աստուծոյ որպէս հայր մօտեցումը մարդուն, իր անառակ զաւակին փրկութիւնն է: 

 

Հետեւաբար, ի՞նչ կը հասկնանք ՙաստուածացում՚ (յունարէն՝ theosis, անգլերէն եւ ֆրանսերէն divinization կամ deification) բացատրութեամբ: Բառը տառացիօրէն պէտք չէ ըմբռնել: Միթէ կրնա՞յ անկատարը կատարեալ դառնալ, մարդը աստուածանալ: Աստուածացում ըսելով հարկ է հասկնալ՝

 

– Աստուծոյ մօտենալու, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու մարդուն տրուած շնորհքը:

– Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դառնալու մարդուն ընծայուած երկնային պարգեւը:

– Չարին տիրապետութեան ենթակայ դարձած մարդուն ազատագրումը՝ աստուածային միջամտութեամբ:

– Մահուան ճիրաններուն մէջ բանտարկուած մարդուն փրկութիւնը՝ Աստուծոյ Որդւոյն արիւնով:

 

Աստուածացումը երկնային հրաւէր մըն է Բեթղեհէմի ճամբով ուղղուած մարդուն՝ չարէն վերադառնալու բարիին, խաւարէն՝ լոյսին, մարդակեդրոն գոյութենէն՝ աստուածակեդրոն գոյութեան, մահէն՝ կեանքին. այլ խօսքով՝ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութեամբ մարդուն շնորհուած եւ երկրորդ ստեղծագործութեամբ, Քրիստոսով վերահաստատուած վաւերական կեանքին, ճշմարիտ ճանապարհին ու իրաւ ճշմարտութեան:

 

Քրիստոսի մարդեղացումով մարդուն ուղղուած այս հրաւէրը ու միաժամանակ մարտահրաւէրը անլռելի զանգակի նման միշտ, եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առաւե՜լ ուժգնութեամբ կը հնչէ՝ մեղքով ու չարով շաղախուած մարդուն կեանքին մէջ, բռնութեամբ ու անարդարութեամբ լեցուն աշխարհին մէջ, յիշեցնելով մարդուն՝

 

Աստուծոյ դառնալու հրամայականը.

Աստուծոյ շնորհքով ծաղկեցնելու երկիրը.

Աստուծոյ սիրով լեցնելու իր անձը.

Աստուածահաճոյ գործերով արժեւորելու իր կեանքը:

 

Աստուածացումը Աստուծմէ դէպի մարդ եւ մարդէն դէպի Աստուած երկարող զուգահեռ ճամբայ մըն է, երկա՜ր ու դժուա՜ր ճամբայ մը: Աստուած իր Միածին Որդւոյն՝ Քրիստոսի ճամբով քալեց դէպի մարդ, նոյնիսկ իր արիւնը թափեց, որպէսզի մարդուն առջեւ բանայ աստուածացման ճամբան:

 

Սիրելի՜ հայորդի, մեր հայրերը իրենց կեանքի տխուր թէ ուրախ օրերուն լսեցին աստուածային այս հրաւէրը եւ հաւատարմօրէն քալեցին աստուածացումի փշոտ ու արիւնոտ ճամբէն:

 

Եկէ՜ք, մենք եւս վերանորոգենք մեր քրիստոնէական ուխտը քալելու նո՜յն ճամբէն՝ մեր կեանքին ու գործին որակով արժանի դառնալու աստուածացման երկնային գերագոյն պարգեւին:

 

•   •

 

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով դրոշմուած այս առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով իրեն ժողովրդանուէր հարուստ գործունէութիւն:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն:

 

Եղբայրական խոր սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռին եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Սրբազան Գահակալները, մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցանուէր ծառայութիւն:

 

Հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր խնամքին ենթակայ մեր թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները եւ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Թող Աստուած միշտ պայծառ պահէ մեր սուրբ եկեղեցին եւ բարօր ու խաղաղ օրեր շնորհէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

 

Հայրապետական Օրհնութեամբ՝

 ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2011

Անթիլիաս, Լիբանան