Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջինքի առիթով Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ
Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2013–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը: Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի…