Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան եւ Ապրիլ 24-ի Պատգամը
ՙՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՆ Է ԱՀԱ…՚ Աւետարանին վկայութեան համաձայն, երբ Կիրակի առաւօտ խումբ մը կիներ խաչուած ու թաղուած Քրիստոսին գերեզմանը գացին խունկ ծխելու, Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ անոնց ու ըսաւ՝ ՙինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք. հոս չէ ան, յարութիւն առաւ…՚ (Ղկ. 24. 5-6): Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութեան բարձրակէտը հանդիսացող յարութիւնը դարձաւ հիմքը քրիստոնէական հաւատքին,…