Գարակէօզեան հաստատութեան բժիշկները Դպրեվանքէն ներս

Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2013, առաւօտեան ժամը 10-ին, իր ծառայութեան հաւատարիմ Գարակէօզեան Հաստատութեան բժշկական կազմը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք այցելեց եւ առողջապահական ընդհանուր քննութեան ենթարկեց դպրեվանեցիները:

 

Բժիշկ Վարդան Ադամեան եւ Բժիշկուհիներ Սօսի Քէշիշեան եւ Խաթուն Թօփեան ընդհանուր քննութիւն կատարեցին եւ ըստ կարիքի դեղօրայք փոխանցեցին: Բժիշկ Սողոմոն Պոյաճեան քննեց դպրեվանեցինրուն ակռաները: Օրդ. Գոհար Գիզիրեան, Տիկին Հուրի Մուշեան եւ Օրդ. Սիրվարդ Կարապետեան քննեցին սաներուն աչքերը: 

 

Բժշկական քննութիւններէն ետք, Պալամանտ համալսարանի բժշկական բաժնի ուսանողուհիներէն Նանոր Գըլընճեան եւ Մեղրի Տագէսեան կարճ դասախօսութեամբ մը առողջապահական կենսական տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրեվանեցիներուն եւ անոնց հարցումներուն պատասխանեցին: