12 Հունվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Րայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Շաբաթ 12 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիթ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Րայի Պատրիարքին Փոխանորդը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը: Սայյահ Արքեպիսկոպոսը Պատրիարքին կողմէ առաքուած էր յատուկ կերպով Վեհափառ Հայրապետին փոխանցելու օր մը առաջ Պատրիարքին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած մարոնիթ քաղաքական ղեկավարներու խորհրդակցութեանց արդիւնքը՝ Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն ու յատկապէս ընտրական օրէնքին շուրջ:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունելով Հանրապետութեան Նախագահին եւ Պատրիարքին աշխատանքները յիշեալ հարցերուն գծով շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է մշակել այնպիսի ընտրական օրէնք ուր յարգուին համայնքներու իրաւունքները ու տեսակէտները, ինչպէս նաեւ համայնքներու կարեւոր դերը իրենց երեսփոխաններու ընտրութեան մէջ:

 

Պատրիարքական Փոխանորդը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ այս հարցերուն գծով Պատրիարքը միշտ պիտի հաղորդակցութեան մէջ ըլլայ Վեհափառ Հայրապետին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական քրիստոնէական մօտեցումներ որդեգրել կարեւոր հարցերու շուրջ:

More News