8 February, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ յոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կրէկուար Լահամին հետ

Ուրբաթ 8 Փետրուարի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Րապուէի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Յոյն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Կրէկուար Լահամին հետ։

 

Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնցմէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի Սուրբ Զատիկը միասնաբար տօնելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին առաւել կազմակերպումը։

 

Հանդիպումի ընթացքին, Հոգեւոր Պետերը նաեւ անդրադարձան Լիբանանի ընտրական նոր օրէնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն միջեւ հանդիպում կայացնելու ծրագիրներուն մասին։