2 January, 2013

2013 — Հայ Մօր Տարի

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

 

ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ

2 0 1 3

 

 

Պ Ա Տ Գ Ա Մ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

 

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

հոգեւոր դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

 

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լեցուն բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, իրենց մաղթելով աստուածային բարիքներով ու շնորհներով լեցուն տարի մը։

 

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, Մեր նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը նուիրենք մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին հետ անմիջական աղերս ունեցող ընդհանրական մտահոգութեան մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ դէպքի մը։ Այս առիթով, մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով, հաւաքաբար թէ անհատաբար, լուսարձակի տակ առնելու տուեալ թեման՝ իրապաշտ քննարկումով, լուրջ արժեւորումով եւ մեր համայնական կեանքը աւելի՛ ծաղկեցնելու նպատակասլաց մօտեցումով։

 

Արդարեւ, առաջին հայ գրքի տպագրութեան 500-ամեակը ինչպէս նաեւ հայ գիրքին նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած նախանձախնդիր վերաբերումը Մեզ մղեց անցնող տարին հռչակելու «Հայ Գիրքի Տարի»։ Ամբողջ տարի մը, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու, շնորհահանդէսներու ու հրատարակութիւններու ճամբով փառքը հիւսեցինք հայ գիրքին, մեր յարգանքը արտայայտեցինք հայ գիրք գրողներուն ու մեր գնահատանքը՝ մեկենասներուն, վերաշեշտելով հայ կեանքէն ներս հայ գիրքին պայծառակերպիչ ու հայակերտիչ ներկայութեան նոր կենսունակութիւն տալու հրամայականը։

 

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2013 տարին կը հռչակենք՝

 

«Հ Ա Յ  Մ Օ Ր  Տ Ա Ր Ի»

 

Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր՝ իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային սրբազան արժէքներն ու առաքինութիւնները, ո՛չ միայն ան ընտանիքին ամրակուռ սիւնն է եղած ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլ մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական պահերուն իր օրինակելի վարքագծով, ամուր կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութեան բերած իր ամբողջանուէր ու յանձնառու մասնակցութեամբ եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը։

 

Արդ, ներկայ տարուան ընթացքին անհրաժեշտ է համապարփակ մօտեցումով վերարժեւորել հայ մօր տիպարը, յատկապէս պարզելով ներկայ ժամանակներուն անոր դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ շեշտելով մեր կեանքը յուզող տագնապներուն դիմաց իրեն վիճակուած ճակատագրական դերը։

 

Անհրաժեշտ է սակայն, նախ դառնալ Աստուածաշունչին, որպէս հիմքը մեր քրիստոնէական հաւատքին, կեանքին ու մտածողութեան։

 

Ա.

Մայրը Աստուածաշունչին մէջ

 

Աստուածաշունչը աղբիւր է աստուածային յայտնութեան։ Այս անհերքելի ճշմարտութենէն մեկնելով, եկեղեցին իր կեանքին ու առաքելութեան կապուած որեւէ ուսուցման, սկզբունքի, արժէքի կամ երեւոյթի գծով, հարկ է որ միշտ նայի Աստուածաշունչին՝ անկէ ստանալու համար իր ներշնչումն ու ուղղութիւնը։

 

Արդարեւ, Հին թէ Նոր Կտակարաններուն մէջ բազմաթիւ են ակնարկութիւնները՝ մօր նկատմամբ։ 

 

Այս ուղղութեամբ, եւ որպէս Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մեկնակէտ, հարկ է յիշել Աստուծոյ պատուէրը՝ «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» (Ելից 20.12)։ Եսայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք՝ “Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ” (66.13)։ Իսկ Առակաց գիրքը կ’ըսէ՝ «Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ երբ կը ծերանայ» (23.22)։ Այլ տեղ Առակաց գիրքը դա՛րձեալ կ’ըսէ՝ «Որդեակ իմ, քու հօրդ խրատը մտիկ ըրէ, ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր, որովհետեւ անոնք քու գլխուդ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակները պիտի ըլլան» (1.8-9)։

 

Նոր Կտակարանին մէջ մօր գերագոյն տիպարը Սուրբ Մարիամ Աստուածածինն է։ Մարիամի ընտրութիւնը Աստուծոյ կողմէ, որպէս Աստուծոյ Միածին Որդւոյն մայրը դառնալու կոչուած տիպար կին (Մատթ. 1.20), Բեթղեհէմի մէջ ծնեալ Յիսուս մանուկին նկատմամբ Աստուածածնի ցուցաբերած գուրգուրանքը (Ղուկ. 2.6-7), Յիսուսի հոգեմտաւոր աճման մէջ Աստուածածնի դերը (Ղուկ 2.22-24) եւ ապա Քրիստոսի առաքելութեան ընթացքին Աստուածածնի մնայուն ներկայութիւնը իր զաւկի կողքին (Յովհ. 19.25) եւ, միւս կողմէ, Քրիստոսի ցուցաբերած խոր յարգանքը իր մօր նկատմամբ (Յովհ. 19.26), պերճախօս կերպով կը պարզեն մօր հարազատ պատկերը եւ փոխադարձ սիրոյ ու գուրգուրանքի վրայ հիմնուած մայր-զաւակ օրինակելի յարաբերութիւնը։

 

Եզրակացնելէ առաջ մօր մասին Աստուածաշունչի ուսուցումները, յայտնենք նաեւ որ մայրը այնքան յարգանքի արժանի անձ է եղած, որ նոյնիսկ «Վերին Երուսաղէմը»ը բնութագրուած է որպէս «բոլորի՛ն մայրը» (Գաղտ. 4.26)։

 

Աստուածաշունչին մէջ մօր ներկայութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.-

 

ա) Մայրը կը ներկայանայ որպէս հիմքը ընտանիքին. անոր դերը միայն ընտանիքին գոյատեւումը երաշխաւորել չէ՝ զաւակներու ծննդաբերութեամբ. ան նաեւ դաստիարակիչ դեր ունի։ Բարոյական ու հոգեւոր իմաստով ընտանիքի առողջ պահպանումը մօր առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է։

 

բ) Նկատի ունենալով աստուածային տնօրինումով մօր յանձնուած եզակի առաքելութիւնը, ան կոչուած է իր կեանքին ու գործին մէջ գործնապէս արտայայտելու բարոյական ու հոգեւոր արժէքներն ու սկզբունքները։

 

գ) Անհրաժեշտ է որ զաւակները հնազանդին իրենց մօր՝ հետեւելով անոր ցուցմունքներուն ու կեանքի օրինակին։

 

դ) Սուրբ Մարիամ Աստուածածին կը նկատուի որպէս տիպար ճշմարիտ մայրութեան։

 

Բ.

Մայրը՝ եկեղեցւոյ հայրերու

ուսուցումներուն մէջ

 

Թէ՛ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թէ հայ եկեղեցւոյ հայրերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած են մօր՝ բնականաբար միշտ Աստուածաշունչը ունենալով իրենց մեկնաբանութիւններուն ու ուսուցումներուն առանցքը եւ Սուրբ Աստուածածինը նկատելով որպէս օրինակելի մայր։ Եկեղեցւոյ հայրերը մօր դերին անդրադարձած են առաւելաբար Աստուածաշնչական գրքերու իրենց մեկնաբանութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հաստատած բարոյական, հոգեւոր ու ընկերային բնոյթ ունեցող կանոններուն մէջ։

 

Այս ուղղութեամբ կ’արժէ հպանցիկ կերպով յիշել կարգ մը եկեղեցական հայրեր.-

 

Յովհան Ոսկեբերան անդրադառնալով Եսայի 66.13 համարին թէ՝ «ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգըստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ», կ’ըսէ, թէ Աստուած գուրգուրալից մօր նման սէր, հոգածութիւն ու խաղաղութիւն կը շնորհէ իր զաւակներուն։

 

Օգոստինոս յիշելով Բ. Օրինաց 5.16 համարը՝ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան…» եւ Եփեսացիս 6.1-3 համարը թէ՝ «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ», կ’ըսէ, թէ մօր հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքն ու պատիւը մեր առջեւ լայն կը բանան երկնային բարիքներուն դռները։

 

Կիւրեղ Աղեքսանդրացին մէջբերելով Ղուկաս 2.44 համարը, ուր կը յիշուի թէ Յովսէփ եւ Մարիամ «սկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ», կ’ըսէ, թէ ծնողները միշտ պէտք է փնտռեն իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք չկորսուին մեղքի ու անօրէնութեան փոշիներուն մէջ։

 

Որոգինէս մէջբերելով Ղուկաս 2.27 համարը, թէ՝ «ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին» կ’ըսէ, թէ Յովսէփն ու Մարիամը այս ընելով ծնողներուն կը սորվեցնեն իրենց զաւակները եկեղեցի բերել։

 

Հայ եկեղեցւոյ հայրերը եւս յաճախակի կերպով անդրադարձած են մօր դերին։

 

Ներսէս Լամբրոնացին մէջբերելով Առակաց 29.15 համարը, թէ՝ «գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կամչցնէ», կը շեշտէ, թէ մօրը կողմէ իր զաւակներուն հանդէպ ցուցաբերուած խստապահանջութիւնը զանոնք կ’առաջնորդէ պատասխանատըւութեամբ ապրելու իրենց կեանքը։

 

Յովհաննէս Երզնկացին կ’ընդգծէ յատկապէս մօր դաստիարակիչ դերը՝ յիշեցնելով, որ եթէ ան թերանայ իր պատասխանատուութեան մէջ, Աստուծոյ ատեանին առջեւ ի՛նք պատասխանատու պիտի ըլլայ զաւակներուն գործած չարիքներուն համար։

 

Բարսեղ Մաշկեւորցին վեր առնելով աղօթքի կարեւորութիւնը կը թելադրէ մայրերուն, որ աղօթել սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։

 

Գրիգոր Տաթեւացին կը շեշտէ թէ հայ մայրը արժանի է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի ու պատիւի, որովհետեւ ան Աստուծոյ պատկերը հայ մանուկին մէջ կազմաւորելու գծով յոյժ կարեւոր պարտաւորութիւն ունի։

 

Յովհան Մանդակունին այնքան զօրեղ կերպով կը շեշտէ հայ մօր տիպարը, որ զայն կը նկատէ «մայրերու մայրը»։

 

Խրիմեան Հայրիկ կը թելադրէ մայրերուն իրենց զաւակներուն սորվեցնել Աւետարանը, որպէսզի անոնք սորվին սիրել իրենց եղբայրը, իրենց ընկերը եւ իրենց նմանը։

 

Ընդհանրական եկեղեցւոյ ու մեր եկեղեցւոյ հայրերէն քաղուած այս փունջ մը վկայութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-

 

ա) Թէ՛ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ թէ հայ եկեղեցւոյ հայրերը ընդհանրապէս անդրադարձած են ընտանիքին ու զաւակներուն նկատմամբ ծնողքի ունեցած պարտաւորութեան, հայր ու մայր նկատելով որպէս մէկ ամբողջութիւն, սակայն յատուկ շեշտ դնելով մօր դերին վրայ։

 

բ) Հետեւելով Աստուածաշունչին, անոնք կարեւորութեամբ ընդգծած են մօր դաստիարակիչ դերը ու զինք նկատած քրիստոնէական առաքինութիւններու հարազատ արտայայտիչը ընտանեկան թէ ընկերային կեանքէն ներս՝ Աստուածածինը նկատելով բացառիկ տիպար մայրութեան։

 

գ) Մեր եկեղեցւոյ հայրերը հայ մայրը նկարագրած են ո՛չ միայն որպէս քրիստոնէական արժէքներու ու առաքինութիւններու ճառագայթող ներկայութիւն ընտանեկան յարկին տակ, այլ նաեւ անոր մէջ տեսած՝ ազգային կեանքէն ներս  կարեւոր դերակատարութեան կոչուած անձը։

 

Գ.

Հայ մայրը՝ հայ կեանքէն ներս

 

Հայ մայրը հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ եղած է առանցքային ներկայութիւն։ Անոր տիրական ներկայութիւնն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը ակներեւ են մեր կեանքի կրօնական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, մարդասիրական մարզերէն ներս ու նոյնիսկ ազատագրական պայքարին մէջ։ Կարելի չէ ամբողջական կերպով հասկնալ հայոց պատմութիւնը առանց անդրադառնալու հայ մօր առաքելութեան, եւ փոխադարձաբար՝ կարելի չէ ճիշդ ու ամբողջական կերպով ըմբռնել հայ մօր եզակի դերը, առանց խորաթափանց ակնարկով քննելու հայոց պատմութիւնը։

 

Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ընդհանրապէս մեր ազգի կեանքին, հայ մայրը բերած է գործօն մասնակցութիւն ու կարեւոր նպաստ եւ իր սրբակենցաղ կեանքով, ծառայական դերով, անմնացորդ նուիրումով եւ նոյնիսկ արեան վկայութեամբ հարստացուցած է մեր հաւաքական կեանքը՝ մեր պատմութեան ճակատագրական պահերուն գրաւելով առաջնորդողի ու առաջնորդի դիրքը։ Մեր մատենագիրները՝ Ագաթանգեղոս, Խորենացի, Եղիշէ եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ Հայրապետները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ նոր ժամանակներու մեր հոգեւոր հայրերը սքանչելի տողերով բնորոշած են հայ մօր դերը։

 

Թերեւս ամենէն աւելի ցայտուն ու հարազատ կերպով հայ մշակոյթն է, որ գիրի ու գոյներու, ձայնի ու կերպի ճամբով ներկայացուցած է հայ մօր կերպարը, անոր իւրայատուկ տեղն ու դերը մեր ազգի ու հայրենիքի պատմութեան մէջ։ Եւ աւելին, ընդհանրապէս մեր գեղարուեստական գրականութիւնն է ու մանաւանդ բանաստեղծութիւնը, որ այնքան կենդանի պատկերներով բնութագրած է հայ մայրը եւ մեր ժողովուրդի անխառն զգացումները մօր նկատմամբ։

 

Արդարեւ, «Ո՞վ աղօթք ուսուց իմ բերնիս քնքոյշ, որ պաշտեմ Աստուած» երգած Մատթէոս Մամուրեանէն մինչեւ իր պանդուխտ զաւկին տունդարձի կարօտով ճենճերող հայ մօր վիշտն ու սպասումը նամակագրած Դանիէլ Վարուժան, ազգին ու հայրենիքին “հերոս որդիք” պարգեւած մայրերուն առջեւ խոնարհած Ալեքսանդր Ծատուրեանէն մինչեւ «Ո՜հ, ներէ ինձմօրս արտօ՜սրը տեսի…» երգած Պետրոս Դուրեան, «Մեր տան աստուա՛ծն է մայրս» յուշակոթողած մայրերգակ Յովհաննէս Շիրազէն մինչեւ «Ալ կը բաւէ, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ» հայ մամիկին աղօթքը երկինքն ի վեր բարձրացուցած Մուշեղ Իշխան, հայ մօր աղօթական կեանքը թէ՝ «իրենց հոգին կը վառէին իբրեւ կանթեղ առտուգիշեր, որ մութի տեղ՝ լոյս Աստուծոյ գութը իջնէ» պարզ սակայն խորիմաստ բառերով նկարագրած Ժագ Ս. Յակոբեանէն մինչեւ բազմատասնեակ այլ քերթողներ քալած են իրենց մայրերուն ոտնահետքերով եւ հայ մայրը առաջնորդած դէպի հայ հոգիի ու մտքի երկնամերձ բարձունքները։ Հայ մայրը ի՛նք քալած է ժամանակին հետ եւ նոյնիսկ ժամանակներէն վեր՝ որպէս լուսաճաճանչ ուղեցոյցը հայ ժողովուրդի փոթորկայոյզ կեանքին։

 

Կարելի՞ է չյիշել եւ պահ մը կանգ չառնել այն պաշտելի մայրերուն առջեւ, որոնք «վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» նշանաբանի հաւատքով ու յանձնառութեամբ ապրեցան եւ «իմացեալ մահով» իրենց կեանքը ընծայաբերեցին։ Կարելի՞ է չյիշել այն պաշտելի մայրերը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ եկեղեցի եւ դպրատուն դարձան, Սարտարապատեան հրաշամարտը հաւատքի պարիսպներով պողպատեցին եւ Արցախեան երկնամերձ կատարները իրենց ուխտին կրակով ու արիւնով հոգեզինեցին եւ իրենց հաւատքի կեանքով սրբացան ու արժանացան եկեղեցւոյ ու ազգին պաշտամունքի հասնող սիրոյն։

 

Արդարեւ, եթէ մայրական սիրոյն անհունութիւնը, խանդաղատանքին ջերմութիւնը, նուիրումին ազնուութիւնը եւ զոհաբերութեան զօրութիւնը բնութագրած մակդիրները, վերադիրները, ստորոգելիներն ու ածականնները պահ մը փորձենք ի մի խմբել, էջե՜ր կը լեցուին։ Նո՛յնը կարելի է ըսել հայ մօր բացառիկ կերպարը եւ առաքինի էութիւնը փառաբանելու նպատակով յօրինուած բազմահարիւր բանաստեղծութիւններուն ու երգերուն համար։

 

Հայուն համար ուրի՛շ է հայ մայրը, որպէս հաւատքի, նուիրումի, կամքի ու սիրոյ վաւերական մարմնացում։ Բանաստեղծին բառերով՝

 

«Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ,

Տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ,

Բայց չտեսայ, չգտայ ո՛չ մէկ սիրտ այնքան արի,

Քու հոգիիդ չափ ազնիւ, մա՛յր իմ անուշ ու բարի»։

 

Հայուն ջինջ զգացումները իր մօր նկատմամբ հարազատօրէն նկարագրող Համաստեղի  այս բառերը կարելի է տարածել բոլոր ժամանակներու հայ մայրերուն՝ սկսելով հեթանոս շրջաններէն ժառանգուած բեղմնաւորութեան եւ ինքնաբաշխումի խորհրդանիշ Անահիտ չաստուածուհիէն, վեր առնելով երկնային առաքինութիւններով լուսապսակուած պայծառ ներկայութիւնը հայ եկեղեցւոյ  սրբուհիներուն՝ հասնելու համար հայոց պատմութեան ամենաճակատագրական պահերուն բախտորոշ պատասխանատուութիւններ ստանձնած մեր թագուհիներուն եւ իշխանուհիներուն, որոնք կոչուեցան Աշխէն թագուհի եւ Շուշանիկ Պահլաւունի, Փառանձեմ ու Սօսէ Մայրիկ ու մինչեւ նոր ժամանակներու յայտնի ու անյայտ մեր բոլոր անզուգական մայրերուն։

 

Վերջապէս, ինչպէս չյիշել հայ մօր խոր հաւատքին, անհուն սիրոյն ու ծով զոհողութեան առջեւ խոնարհած Պարոյր Սեւակի հետեւեալ տողերը.-

 

«Եկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար

Մեզ աշխարհում ծնած, սնած,

Մեզ աշխարհում շահած, պահած,

Մեզնից երբե՛ք չկշտացած,

Փոշի սրբող, լուացք անող,

Անվերջ դատող, անվերջ բանող

      Ա՛յս ձեռքերը.

Թող որ ճաքած ու կոշտացած,

Բայց մեզ համար մետաքսի պէս

     Խա՛ս ձեռքերը…»։

 

Հայ մարդուն սրտին հարազատ թարգմանը կ’ըլլայ Աւետիք Իսահակեան երբ կ’ըսէ՝ «Ամենալաւ կինը մա՛յրն է։ Մօր սիրտը մարդկութեան սիրտն է, տիեզերքի սիրտը։ Հէնց միայն մայր ունենալու համար արժէ աշխարհ գալ»։ Աւելի ճիշդ ըսած՝ մի՛միայն Հա՛յ Մայր ունենալու համար կ’արժէ աշխարհ գալ…։

 

Դ.

Հայ մայրը այսօր

նոր մարտահրաւէրներու դիմաց

 

Բառերը մարդկային, որքան ալ զօրեղ ու գեղեցիկ ըլլան, անզօր են արտայայտելու հայ մարդու սրտին ընդերքէն ժայթքող ջինջ զգացումները, անհուն սէրն ու խոր երախտագիտութիւնը իր գոյաւորման աղբիւրը ու գոյատեւման ամրոցը դարձած հայ մօր նկատմամբ։ Արդարեւ, զուր չէ, որ մեր իմաստուն ժողովուրդը իր ամենէն նուիրական սրբութիւններուն տուած է մայր մակդիրը՝ զանոնք կոչելով Մայր Եկեղեցի, Մայր Հայաստան, Մայր լեզու…։

 

Հայ մայրը հոմանիշ է յաւիտենական արժէքներու ու երկնատուր արժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտումներու, վեհ առաքինութիւններու ու ամուր սկզբունքներու։ Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին։

 

Արդ, առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայութեան երա՛շտ է մեր կեանքը։ Առանց հայ մօր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան անգո՛յն է մեր կեանքը։ Առանց հայ մօր յանձնառու մասնակցութեան աղքա՛տ է մեր կեանքը։ 

 

Հայ մայրո՛վ հայը հայ մնաց՝ պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց։

 

Հայ մայրո՛վ հայը հայ է՝ ներկայ ժամանակներու ինքնութիւն ապականող հոսանքներուն դիմաց։

 

Հայ մայրո՛վ հայը հա՛յ պիտի մնայ՝ գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց։

 

Այսօր երբ դիտենք մեր ժողովուրդին կեանքը, հարց կու տանք. արդեօք հայ մայրը այսօր իր հայ մօր առաքելութեա՜ն մէ՞ջ է. որքանո՞վ հաւատարիմ է հայ մայրը իր նուիրական կոչումին…։

 

Երբեմն հաճոյապաշտ կեանքին գերին է ան։

Երբեմն ընտանեկան սրբութեանց խաթարիչը։

Երբեմն օտարամուտ բարքերու տարածիչը։

Երբեմն հեռո՜ւ է ան հայ կեանքի ոգեշնչող ու հայացնող ներկայութենէն…։

 

Բայց ո՛չ։ Հայադրոշմ արժանապատուութեան զօրեղ պաշտպան, հայկական սրբութեանց եւ աւանդութեանց արթուն պահապան, ազգային հաւաքական խոյանքներու ռահվիրայ հայ մայրը այդպէս չի՛ կրնար ըլլալ, պէտք չէ՛ ըլլայ։

 

Մենք հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, յոյս ներարկող, սէր փոխանցող, այլ խօսքով՝ հայուն մէջ քրիստոնեայ ու հայ մարդը կերտող ու այդ ճամբուն վրայ իր անձը ընծայաբերող հայ մօր յոյժ կարիքը ունինք։

 

Գիտե՛նք, դիւրին չէ մայր ըլլալը. դիւրին չէ մա՛նաւանդ հայ մայր ըլլալը։

 

Չմոռնանք երբեք, որ հայ մայրը եկեղեցի՛ դարձաւ, հոն ուր եկեղեցի չունեցանք. դպրո՛ց դարձաւ, հոն ուր դպրոց չունեցանք. հայրենի՛ք դարձաւ, երբ հայրենիք չունեցանք։

Նո՛յնը կոչուած է ըլլալ հայ մայրը այսօր ու միշտ։ Ա՛յս է հայ մօր հարազատ կոչումը։

 

Բի՜ւր յարգանք հայ մայրերուն։

 

*

*  *

 

Ներկայ տարին «Հայ Մօր Տարի» հռչակելով, Մեր սպասումն է, որ՝

 

ա) Անդրադառնանք մեր կեանքէն ներս հայ մօր վիճակուած նուիրական առաքելութեան։

 

բ) Վերահաստատենք հայ մօր նկատմամբ մեր ունեցած խորունկ սէրն ու յարգանքը։

 

գ) Յիշեցնենք միաժամանակ հայ մօր իր եզակի դերն ու ճշմարիտ դիմագիծը միշտ պայծառ պահելու հրամայականը։

 

Հետեւաբար, Մեր այս սպասումներու լոյսին տակ, Մեր հայրական թելադրութիւնն է ուղղուած մեր Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց ու մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ նախաձեռնութիւններով վերաշեշտեն, վերյիշեցնեն ու վերարժեւորեն հայ մօր տիպարը՝ իր հարազատ պատկերով ու առանցքային դերով մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ։

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային շնորհներով շնորհազարդէ մեր մայրերը, որպէսզի վերանորոգ նուիրումով անոնք կարենան քրիստոնէական հաւատքով թրծել եւ ազգային արժէքներով ու իտէալներով կազմաւորել իրենց զաւակները։

 

Հայրական ջերմ սիրով,

 

Աղօթարար՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

1 Յունուար, 2013

Անթիլիաս, Լիբանան