Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ղարաբաղի Վարչապետ՝ Տիար Արա Յարութիւնեանը

Չորեքշաբթի 20 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղարաբաղի վարչապետ՝ Արա Յարութիւնեանը եւ իր անմիջական գործակիցները: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին, Պրն. Վարչապետը լայն կերպով զեկուցեց Ղարաբաղի ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տնտեսական մարզին մէջ հետզհետէ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներու մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Նախագահին, Վարչապետին եւ պետական պատասխանատուներուն, Ղարաբաղի հզօրացման ի նպաստ իրենց ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար:

 

Հանդիպումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ի պատիւ Պրն. Վարչապետին պաշտօնական ընդունելութիւն տուաւ Վեհարանի դահլիճէն ներս, ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Լիբանանահայ երեք Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շուրջ երկու հարիւր գործարարներու:

 

Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն առջեւ կարեւորութեամբ շեշտեց՝ Ղարաբաղը հզօր պահելու հրամայականը, շեշտելով, որ «Ղարաբաղի հզօրութիւնը կարելի է ձեռք ձգել, երբ մեր ժողովուրդը կառչած մնայ իր հողին եւ տնտեսական մարզէն ներս յաջողութիւններ արձանագրէ»: Վեհափառը յայտնեց, որ Վարչապետը դարձեալ Լիբանան եկած է այդ առաքելութեան համար, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները սատար հանդիսանան Ղարաբաղի հզօրացումի ծրագիրներուն եւ տնտեսական ներդրումներ կատարեն: Ապա խօսք առաւ Պրն. Վարչապետը եւ յիշեցուց, թէ Ղարաբաղը զարգացման դրական ընթացքի մէջ է, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն հետեւելու Վեհափառ Հօր Հայրական ցուցմունքներուն, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Ղարաբաղի տնտեսական աճման ու ամրապնդման աշխատանքներուն:

 

Վարչապետը իր գործակիցներով յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին, յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանահայ գործարարներու հետ: