ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ
2 0 1 2
Պ Ա Տ Գ Ա Մ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց
եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ ձեզի կը մաղթենք աստուածային բարիքներով լեցուն եւ հոգեւոր արժէքներով ու ազգային իրագործումներով հարուստ տարի մը:
Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, 2006-ին Հայ Գրերու Գիւտին 1600-ամեակը համազգային տարողութեամբ նշուեցաւ: Եւ որպէս բնական հետեւում այս կարեւոր դէպքին, 2007 տարեշրջանը յայտարարեցինք ՙՀայ Լեզուի Տարի՚: Այս առիթով հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւր հռչակած Մեր Հայրապետական Պատգամին մէջ շեշտեցինք, թէ ՙհայ լեզուն պէտք է դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազգային պատկանելիութեան անխորտակելի առանցքը ու միութեան ամուր շաղախը՚, եւ յիշեցնելէ ետք, թէ ՙհաւատքի ու հայրենիքի կողքին, նաեւ հայ լեզո՜ւն պահեց մեզ, հայ լեզո՜ւն ամրացուց մեր գոյութիւնը, հայ լեզո՜ւն բիւրեղացուց մեր ինքնութիւնը եւ այսօ՜ր ու մի՜շտ, հայ լեզուն է մեր ազգային պայքարին զօրեղ վահանը, մեր միութեան ամուր օղակը, մեր ինքնութեան դրոշմը՚, կոչ ուղղեցինք՝ ամբողջական յանձնառութեամբ տէր կանգնելու հայ լեզուին, որովհետեւ ՙառանց հայ լեզուին մեր կեանքը պիտի պարպուի հայ արժէքներէն, սրբութիւններէն ու աւանդութիւններէն, հայու հարազատ էութենէն…՚:
2012 թուականը 500-ամեակն է հայ լեզուն պահպանելու, պաշտպանելու ու տարածելու կոչուած հայ գիրքի տպագրութեան: Ներկայ տարին նաեւ Իւնեսքոյի կողմէ Երեւանը հռչակուած է Գիրքի Մայրաքաղաք: Հետեւաբար, որպէս գործնական արտայայտութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունեցող յիշեալ դէպքերուն, ինչպէս նաեւ հայ լեզուի ու գիրքի նկատմամբ մեր ժողովուրդի ունեցած բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեան, ներկայ Հայրապետական Պատգամով 2012 տարին կը հռչակենք՝
ՙՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ՚
Վստահ ենք, որ մեծ խանդավառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի ընդառաջեն Մեր այս կոչին եւ իրենց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին էութեան հետ շաղախուած ու պատմութեան հետ նոյնացած հայ գիրքին վրայ: Արդարեւ, Մաշտոցեան աւանդի հաւատապահ ուխտեալներու Ոսկեդարէն մինչեւ մեր ժամանակները հայ գիրքը եղաւ ամէնօրեայ աղբիւր լոյսի ու յոյսի, հաւատքի ու իմաստութեան եւ ուղեցոյց ու ճանապարհ քրիստոսակեդրոն եւ հայաօծ կեանքի:
Հետեւաբար, եկէ՜ք, սիրելի հայորդիներ, որպէս խորհըրդածութեան եզակի առիթ եւ 2012 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններու ընդհանուր ուղեգիծ՝ ծանօթանանք հայ տպագրութեան 500-ամեայ ճանապարհի գլխաւոր հանգրուաններուն, եւ տեսնենք, թէ անփոխարինելի ի՜նչ դեր ու կենսական ի՜նչ նշանակութիւն ունի հայ գիրքը մեր ժողովուրդին համար:
Ա.
Հայութեան Նպաստը՝
Տպագրութեան Շարժումի՜ն
Կիւթենպերկի տպագրութեան գիւտէն (1439) առաջ, շարժական տառերով գիրք տպագրելու գաղափարը ծնունդ առաւ ԺԱ. դարուն, Չինաստանի մէջ, ուրկէ եւ հասաւ Եւրոպա: ԺԷ. դարու մոլտովացի գիտնական Նիկողայոս Միլեսկուի համաձայն, տպագրական գործին մէջ կարեւոր դեր խաղացած է հայազգի ճանապարհորդ Անտոն Հայը կամ Հայկազունը՝ իր մասնակցութիւնը բերելով Կիւթենպերկի գիւտին ենթահողը նախապատրաստող ճիգերուն: Աւելի ուշ, երբ Յակոբ Մեղապարտի աշխատանքով 1512-ին սկիզբ առաւ հայկական տպագրութիւնը, ՙՀայ տիպ ու տառ՚ը եւրոպական բազմաթիւ լեզուներէ առաջ պիտի դառնար Կիւթենպերկեան տպագրական լեզուն որդեգրած 8-րդ անդամը, իսկ արեւելեան լեզուներու պարագային, եբրայերէնէ ետք, արաբերէնին հետ միասին պիտի գրաւէր առաջին դիրքը:
Ձեռագիր մատեաններէն տպագիր գիրք այս անցումը, բնականաբար, պիտի առաջնորդուէր հայ գրչագրութեան նուիրականացած աւանդներէն՝ իր անուանաթերթով, երկաթագիր տառատեսակներով, զարդանախշերով, բառակրճատումներով, յիշատակարաններով եւ մա՜նաւանդ առաջադրած նպատակով: Տպագիր հատորներուն ձեռագիր մատեաններու տեսք տալու այս ձըգտումը կը յայտնուէր առաջին իսկ օրէն, երբ հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտ, հայերէնով լոյս տեսած առաջին գիրքին՝ ՙՈւրբաթագիրք՚ի (1512) հրատարակման առիթով կ’որդեգրէր ո՜չ միայն վերոնշեալ սկզբունքները, այլեւ՝ սեւ եւ կարմիր երկգոյն տպագրութիւնը: Աւելի՜ն, ի հետեւումն մեր միջնադարեան գրիչներուն, ան իր առաջին գիրքերէն մէկուն՝ ՙՊատարագատետր՚ի յիշատակարանին մէջ կ’արձանագրէր. ՙԳրեցաւ սուրբ տառս ի ՋԿԲ, ի աստուածապահ քաղաքս ի Վէնէժ, որ է Վենետիկ, Ֆռանկըստան, ձեռամբ Մեղապարտ Յակոբին: Ով որ կարդայք, մեղաց թողութիւն խնդրեցէք Աստուծոյ՚: Արդարեւ, որքա՜ն յուզիչ է Մեսրոպակերտ տառերը սուրբ դասելու հայ առաջին տպագրիչին քրիստոնէավայել հաւատարմութիւնը եւ որքա՜ն ուսանելի, յար եւ նման հայ հին գրիչներուն, ինքզինք մեղապարտ կոչելու համեստութիւնն ու ընթերցողներէն իր մեղքերուն համար Աստուծմէ թողութիւն հայցելու երկիւղածութիւնը…:
Արդարեւ, Աստուածաշունչի հայացման հետ, եթէ Ե. դարուն յունարէնէ եւ ասորերէնէ հայերէնի թարգմանուեցան քրիստոնէական նշանաւոր հեղինակներու, իմաստասէրներու եւ գիտնականներու, օրինակ՝ Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նազիանզացիի, Յովհաննէս Ոսկեբերանի, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի, Արիստոտելի, Պղատոնի, Փիլոն Աղեքսանդրացիի, Դիոնիսիոս Թրակացիի եւ շատ ուրիշներու երկերը (որոնցմէ ոմանց յունագիր կամ ասորագիր բնագիրները անհետ կորսուած են), մեր առաջին տպագրիչները, իրենց կարգին, հետեւեցան Ոսկեդարու իրենց ուսուցիչներու օրինակին եւ հայ մշակոյթի գանձարանը հարստացուցին նմանօրինակ տպագիր հատորներով:
Եւ այսպէս, հայ տպագիր գիրքը ո՜չ միայն իր կարեւոր տեղը գրաւեց ընդհանրապէս տպագրութեան պատմութեան մէջ, այլ նաեւ եղաւ ընկերն ու ուղեցոյցը լուսածարաւ հայ մարդուն, ոգեղէն հացը՝ հայուն սեղանին, երկնային անձրեւը՝ հայուն հոգիին, անմահութեան ճրագը՝ խաւարին դէմ դարեր շարունակ մարտնչած հայ ժողովուրդին, եւ անշեղ փարոսը՝ տեսլապաշտ սերունդներու յաւերժագնաց գոյերթին: Հայերէն գիրք տպելով ու կարդալով մենք ո՜չ միայն մեր նպաստը բերինք մշակութային արժէքներու տարածման համամարդկային առաքելութեան, այլեւ՝ մեր քրիստոնէական հաւատքի կենսագործման, ամրապնդելով մեր ինքնութեան պարիսպները եւ վերանորոգ կենսունակութեամբ օժտելով հոգեւոր, բարոյական եւ իմացական արժէքներու ներթափանցումը եւ ծաղկումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Բ.
Հայ Տպագրութեան 500-ամեայ ճանապարհը
Երբ այսօր պահ մը մեր աչքերուն առջեւ կը բերենք հայ առաջին տպագրիչներուն՝ Յակոբ Մեղապարտի, Աբգար Թոխաթեցիի, Աբգար որդի Սուլթանշահի, Յովհաննէս Տերզնցիի, Ոսկան Երեւանցիի, Խաչատուր Կեսարացիի եւ իրենց հետեւորդներուն անմնացորդ նուիրումով թափ ստացած հայ տպագրութեան բեղուն գործունէութեան իրերայաջորդ հանգրուանները, բարոյական պարտքը կը յուշէ Մեզի յիշատակել հայերէն նրբաճաշակ տառեր ու տպագրատախտակներ պատրաստած օտար վարպետներ՝ ֆրանսացի Ռոպերթ Կրանժոնի, գերման Քրիստոֆել Ֆոն Տիկ, հոլանտացի Քրիստոֆել Վան Զիխեմ Կրտսեր եւ այլ գրաձուլողներ: Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է յիշել նաեւ անունները եւրոպացի հետեւեալ հայագէտներուն. այսպէս, հայատառ փայտփորիկ տպագրութեան առաջին անգամ կը հանդիպինք՝ արեւելագէտ Գուլիելմ Պոստելի ՙԼինկուարում՚ (1537), Բլեզ Դը Վիժների ՙՁեռնարկ Ծածկագրերու Մասին՚ (1586) եւ Պետրոս Գետանոս Պալմայի ՙՆմոյշներ՚ հատորներուն մէջ: Հայագիտական արժէք կը ներկայացընեն նաեւ իտալացի արեւելագէտ Թեզէոս Ամբրոսիոսի եւ գերման Լէօնարտ Թուրնայզերի աշխատութիւնները՝ իրենց էջերուն ընդգրկած հայերէն հատուածներով:
Հայ տպագրութեան երկրորդ 100-ամեակին, օտար հայագէտներու շնորհիւ հրատարակուած հայերէն գիրքերու թիւը նկատառելի մագլցում արձանագրեց: Հռոմը հանդիսացաւ մայրաքաղաքը այս շարժումին, երբ դաւանաբանական, քարոզչական ու միսիոնարական բնոյթ ունեցող գիրքերը իրարու յաջորդեցին: Միաժամանակ՝ նաեւ հրատարակուեցան Հայաստան ու հայաբնակ վայրեր ուղարկուելու նպատակով պատրաստուող այլազգի քարոզիչները կրթելու ծառայող հայ լեզուի դասագիրքեր եւ հայերէն այբբենարաններ, ինչպէս՝ հայագէտ Կղեմես կալանոսի ՙՔերականական եւ Տրամաբանական Ներածութիւն՚ը (1645), Յովհաննէս Հոլով Կոստանդնուպոլսեցիի ՙԶտութիւն Հայկաբանութեան՚ գրաբարի դասագիրքը (1674), Աստուածատուր Ներսէսովիչի ՙԲառգիրք Լատինացւոց եւ Հայոց՚ բառարանը (1695) եւ նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններ, որոնց առաջին նմոյշը հանդիսացած էր 1621-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսած իտալացի հայագէտ Ֆրանչիսկոս Ռիվոլայի հայերէն-լատիներէն բառարանը՝ ՙԲառգիրք Հայոց՚:
Նոյն այս ժամանակաշրջանին հայ գիրքի տպագրութեան ձեռնարկեցին նաեւ չորս իտալացի տպարանատէրեր՝ Ջիովանի Բովիս, Ջիոկոմօ Մորետի, Անտոնիօ Բորտոլի եւ Միքելանջելօ Բարբոնի, որոնց մէջ ամենէն բեղմնաւորը եղաւ Անտոնիօ Բորտոլին, որուն հիմնադրած տպարանէն, 1695-էն սկսեալ եւ դար մը ամբողջ բարձրորակ տպագրութեամբ լոյս տեսան Աւետարան, Սաղմոսարան, Տաղարան եւ այլ բազմատեսակ գիրքեր:
Հայրենի հողէն ու հարազատ միջավայրէն հեռու, ընկերային եւ նիւթական ծանր պայմաններու մէջ, պարտատէրերու եւ գրաքննիչներու հետապնդումները յաղթահարելով՝ հայ գիրքի մեր անդրանիկ երկրպագուները իրենց նուիրական առաքելութիւնը շարունակեցին՝ Վենետիկէն մինչեւ Հռոմ, Ամսթերտամէն մինչեւ Մատրաս ու Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ Նոր Ջուղա եւ այլուր, մինչեւ մերօրեայ արդիական տպարաններու հրատարակած գեղատիպ նորագոյն հատորները: Արդարեւ, հայ գիրքի պատմութեան ու մատենագրութեան նուիրուած արեւմտահայ ու արեւելահայ բանասէրներուն մենագրութիւնները, ակադեմական աշխատասիրութիւններն ու մատենագիտական ցուցակները պերճախօս կերպով կը վկայեն, որ հինգ դարեր շարունակ լոյս տեսած հայ գիրքերը անձնուրաց աշխատանքի եւ անմնացորդ նուիրումի վկայարաններ են՝ անկախ իրենց գիտական ու գեղարուեստական բարձր արժէքէն: Եկէ՜ք, սիրելի՜ հայորդիներ, հպանցիկ հայեացքով ակնարկ մը նետենք այս անգամ հայ գիրքի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն վրայ՝ վերապրելու համար հայ գիրքի տպագրութեան ջահակիրներուն հարուստ կենսափորձը եւ արժեւորելու հայ գիրքին ազգակերտ անփոխարինելի դերը:
Գ.
Հայ Գիրքի Մայրաքաղաքները
Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի հայ հրատարակչատուներուն մէջ իր բացառիկ տեղը գրաւեց հայկական տպագրութեան երկրորդ 100-ամեակին՝ 1664-ին, Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի հիմնած տպարանը, ուրկէ 1666-1668-ին լոյս տեսած Աստուածաշունչը հանդիսացաւ հայ տպագրութեան թագուհին: Կրօնական եւ եկեղեցագիտական հրատարակութիւններու կողքին, այս տպարանը նաեւ հրատարակեց Մովսէս Խորենացիի ՙԳիրք Աշխարհաց՚ը (1668), Վարդան Այգեկցիի ՙԱղուէսագիրք՚ը (1668), Առաքել Դաւրիժեցիի ՙԳիրք Պատմութեանց՚ը (1669) եւ աշխարհաբարով լոյս տեսած առաջին գիրքը՝ ՙԱրհեստ Համարողութեան՚ հատորը (1675): Աւելի՜ն. շնորհիւ Ոսկան Երեւանցիի հետեւողական ճիգերուն, մինչ այդ առաւելագոյնը 500 օրինակով հրատարակուող հայերէն գիրքերուն տպաքանակը անցաւ 1000 օրինակի սահմանները եւ հասաւ մինչեւ 5000 օրինակի: Իրողութիւն մը, որուն շնորհիւ հազուագիւտ համարուող Աստուածաշունչը մուտք գործեց հայ ընտանիքներէն ներս եւ մեծապէս նպաստեց հայ գիրքի ժողովրդականացման ու գրատպութեան ծաւալումին:
Նիւթական մեծ զոհողութիւններով եւ մեծ մասամբ հայ վաճառականներու բարերարութեամբ գործող հայ տպագրութիւնը կարիքը ունէր հայկական միջավայրի: Կոստանդնուպոլիսը եղաւ այն գլխաւոր օրրանը, որ իբրեւ հայաշատ քաղաք՝ հայկական տպագրութեան զարգացման դիմաց բացաւ նոր հորիզոններ ու հայ հրատարակչական գործունէութիւնը արձանագրեց նկատառելի մրցանիշներ: Մխիթար Սեբաստացիի ջանքերով կեանքի կոչուած հայկական գրահրատարակչութիւնը զարգացում ապրեցաւ շնորհիւ Գրիգոր Մարզուանեցիի կատարած բարձրորակ հրատարակութիւններուն: Արդարեւ, շուրջ քառասուն տարուան ընթացքին (1698-1734), բազմաթիւ գործերու շարքին ան հրատարակեց Յայսմաւուրքը (1706), Ագաթանգեղոսի Հայոց Պատմութիւնը (1709), Զենոբ Գլակի վերագրուող ՙԳիրք Պատմութեան Երկրին Տարօնոյ՚ երկը (1719) եւ միջնադարու հայ մեծ իմաստասէր Գրիգոր Տաթեւացիի ՙԳիրք Հարցմանց՚ հատորը (1720):
Գրիգոր Մարզուանեցիի տպարանի աշխատակից Աստուածատուր Դպիր Կոստանդնուպոլսեցին, 1699-ին հիմնեց իր սեփական տպարանը եւ մօտ 50 տարի հանդիսացաւ պոլսահայ տպագրութեան ամենէն նշանաւոր ներկայացուցիչը՝ հրատարակելով աւելի քան ութ տասնեակ հատորներ, մեծաւ մասամբ ժամագիրքեր, շարակնոցներ, տօնացոյցեր, մաշտոցներ, Յայսմաւուրք, Ճաշոց եւ այլն: Առաջին անգամ ըլլալով, ան լոյս ընծայեց անմահանուն Գրիգոր Նարեկացիի ՙՄատեան Ողբերգութեան՚ի ամբողջական բնագիրը (1701-1702), Կիւրեղ Աղեքսանդրեցիի ՙԳիրք Պարապմանց՚ը (1716) եւ մատենագրական մեծ նշանակութիւն ունեցող այլ հատորներ: Մինչեւ 1800 Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործեցին աւելի քան քսան տպարաններ, որոնց մէջ նշանաւոր եղաւ Յովհաննէս Արապեանի եւ անոր զաւկին՝ Պօղոսի տպարանը:
1727-էն սկսեալ հայ տպագրութեան մէջ առանցքային դեր ստանձնեց Մխիթարեան Միաբանութիւնը: Վենետիկի հեռաւոր կղզիէն 270 անուն թանկարժէք հատորներ լոյս տեսան, ինչպէս Մխիթար Սեբաստացիի ՙԴուռն Աշխարհաբար Լեզուի՚ (1727), ՙԲառգիրք Հայկազեան Լեզուի՚ (1749), Հայր Միքայէլ Չամչեանի ՙՔերականութիւն Հայկազեան Լեզուի՚ (1779) ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, Ղազար Փարպեցիի ՙՊատմութիւն Հայոց՚ը (1793) եւ մատենագիտական, լեզուաբանական, պատմագիտական, գրական, աշխարհագրական, թարգմանական բազմատասնեակ հատորներ: Նոյն նուիրումով գործեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի տպարանը:
1772-ին, Շահամիրեանները Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնեցին իրենց տպարանը, ուրկէ լոյս տեսան Յակոբ Շահամիրեանի ՙՆոր Տետրակ, Որ Կոչի Յորդորակ՚ (1772) եւ Շահամիր Շահամիրեանի ՙՈրոգայթ Փառաց՚ (1773) հատորները եւ նշանաւոր այլ երկեր: 1794 թուին հրատարակուած Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի ՙԱզդարար՚ ամսագիրը, իբրեւ անդրանիկ ծնունդը հայ մամուլին, նոր էջ պիտի բանար հնդկահայ գաղութի պատմութեան մէջ:
Այլ հայ գաղութներ անմասն պիտի չմնային հայկական տպարան հիմնելու համընդհանուր շարժումէն:
— 1637-ին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի վանահայր Խաչատուր Կեսարացիի նախաձեռնութեամբ պիտի հիմնուէր Նոր Ջուղայի տպարանը, ուրկէ 1638-ին լոյսին պիտի գար առաջին հրատարակութիւնը՝ Սաղմոսարանը:
— 1781-ին, նոր ջուղայեցի վաճառական Գրիգոր Խալդարեանցի հայկական առաջին տպարանը Ռուսաստանի մէջ պիտի սկսէր գործել, հովանաւորութեամբ ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ Վրդ. Արղութեանի:
— 1823-ին, Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանի հիմնադրութենէն տարի մը ետք, շնորհիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ներսէս Աշտարակեցիի հետեւողական ճիգերուն պիտի սկսէր բանիլ հայկական առաջին տպարանը, որուն աւելի ուշ պիտի միանային Գաբրիէլ Պատկանեանի, Գաբրիէլ Մելքումեանի, Համբարձում Էնֆիաճեանի եւ շարք մը այլ նուիրեալներու տպարանները, որոնց մամուլի գլաններէն ծագող հոգեմտաւոր լոյսը պիտի տարածուէր արեւելահայութեան այս մշակութային մայրաքաղաքի սահմաններէն անդին՝ մեծապէս սատարելով Հայկական Զարթօնքի վերելքին:
Հայ գիրքի տպագրութիւնը տարուէ տարի շարունակուեցաւ ու ծաւալեցաւ: Փաստօրէն, բոլոր գաղութներէն ներս նոր տպարաններ հիմնուեցան եւ նոր հրատարակչատուներ ու հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատուեցան:
Դ.
Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Գիրքը
Հայաստանի ու Կիլիկիոյ վանքերուն մէջ, հայ հոգեւորականներուն ծաղկած լուսաշող մատեանները տպագրական լայնածաւալ աշխատանքներով արդէն նոր կերպարանք ու տեսք ստացած էին: Շնորհիւ հայ տպագրութեան գիւտին, անգամ մը եւս հայ կեանքը պիտի հարստանար հայ գիրի ու գիրքի ճամբով փոխանցուող մեր հոգեմտաւոր արժէքներով: Վերանորոգ շունչ ու լայն տարողութիւն պիտի ստանար հայ եկեղեցւոյ մշակութային ծառայութիւնը՝ Ս. Էջմիածինէն մինչեւ Սիս ու ապա Անթիլիաս, Երուսաղէմէն մինչեւ Կոստանդնուպոլիս:
Արդարեւ, Սիմէոն Երեւանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ՝ 1771-ին Ս. Էջմիածնի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի հողին վրայ հիմնադրուած առաջին հայկական տպարանը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունը կրող: 1772-ին, լոյս ընծայուած առաջին հատորին՝ Սիմէոն Երեւանցի Հայրապետին ՙԶբօսարան Հոգեւոր՚ աղօթագիրքին յաջորդեցին աւելի գեղատիպ հատորներ: Աւանդը փոխանցուեցաւ յաջորդ կաթողիկոսներուն, որոնց ճիգերուն շնորհիւ Ս. Էջմիածնի տպարանը նշանակալից դեր ունեցաւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւս Սիսի Կաթողիկոսարանին եւ Կիլիկեան վանքերու մէջ աշխոյժ թափով լծուեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան աշխատանքին: Հայ ժողովուրդին դէմ թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ոչ միայն մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացին, այլեւ փճացան ձեռագիր ու գիրք, հրոյ ճարակ դարձան դպրատուն ու տպարան: 1930-ին, Անթիլիասի հողին վրայ հազիւ հաստատուած, մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն ունկնդիր, Մայր Տաճար ու Վեհարան կառուցելէ առաջ, տարագիր Ս. Աթոռի Սահակ Խապայեան Հայրապետը պայծառ տեսիլքը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օժտելու իր սեփական տպարանով: Դժուար պայմաններու մէջ կեանքի կոչուած Անթիլիասի Մայրավանքին համեստ տպարանը սկսաւ գործել 1932-ին: Հմուտ մտաւորական Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին տպարանը ապրեցաւ նոր վերելք, երբ սկսան լոյսին գալ հայագիտական թանկարժէք հրատարակութիւններ: Յաջորդող տասնամեակները յաւելեալ փայլքով լուսազարդեցին Անթիլիասի տպարանի գործունէութիւնը՝ զայն կարգելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշակութային առաքելութեան ամենէն կենսական բնագաւառներու շարքին:
1833-ին հիմնուած Երուսաղէմի տպարանը իր կարգին լծուեցաւ կրօնական, եկեղեցագիտական, պատմական եւ գրական երկերու հրատարակութեան: Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան տպարանէն 1843-ին լոյս տեսաւ Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի ՙՊատմութիւն՚ հատորը, իսկ աւելի ուշ՝ Եսայի Հասան Ջալալեանի ՙՊատմութիւն Համառօտ Աղուանից Երկրին՚ (1868), Վարդան Արեւելցիի ՙՊատմութիւն Թաթարաց՚ (1870) երկերն ու այլ շահեկան գիրքեր: Տպարանը շարունակեց գործել նոյն նուիրումով՝ հրատարակելով թարգմանական, պատմաբանասիրական, գրականագիտական եւ գրական թանկարժէք հատորներ:
Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութիւնը եւս շարունակեց հրատարակչական աշխատանքը, սակայն աւելի սահմանափակ տարողութեամբ: Երկրին ներքին պայմանները թոյլ չտուին, որ Պատրիարքութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայէ հրատարակչական գործունէութեան:
Հայ Եկեղեցին իր Նուիրապետական Աթոռներով հայ գիրքը նկատեց իր հաւատքի առաքելութեան կենսական տարածքներէն մէկը՝ անցնող 500 տարիներուն տպագրական ու հրատարակչական աշխատանքներուն բերելով իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը:
Ե.
Հայ Գիրքը՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մշակութային Առաքելութեան Կողմնացոյցը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու վկայութեան մէջ հայ գիրքը ունեցաւ իր կեդրոնական ներկայութիւնը եւ առանցքային դերակատարութիւնը: Հայ գիրք երկնելով ու հայ գիրք տպելով եւ զայն մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ տարածելով՝ մեր Ս. Աթոռը նորահաս սերունդներուն ուսուցանեց հայ գիրքը սիրելու, հայ գիրքը կարդալու եւ հայ գիրքով պայծառանալու եւ հզօրանալու Մեսրոպեան դասը: Հայ գիրքին ճամբով ան հայուն հաւատքը, ոգին ու տեսիլքը նոր սերունդներու կեանքին մէջ վերածեց ամէնօրեայ պատարագի՝
Որպէսզի առաւել ե՜ւս հարստանայ մեր կեանքը, աւելի՜ով ամրապնդուին մեր մշակոյթի տաճարին հիմնասիւները ու կենսագործուին մեր սուրբ հայրապետներուն եւ երանելի հայրերուն սէրն ու նախանձախնդրութիւնը հանդէպ հայ գիրին ու մշակոյթին եւ Տէր Զօրի անապատներէն հրաշափառ յարութիւն առած մեր ժողովուրդը շարունակէ քալել լոյսի ու յոյսի, կեանքի ու յարութեան ճանապարհէն:
Որպէսզի հայ մարդուն հոգին աղբերանայ պատմութեան խոր ընթերքներէն ժայթքած վաւերական արժէքներու, հարուստ փորձառութիւններու, մեզ առաւել հայացնող ճշմարտութիւններու եւ սրբութիւններու պայծառ լոյսով ու զուլալ ջուրով:
Որպէսզի բոլոր ժամանակներուն եւ աշխարհի չորս ծագերուն հայ մարդը առաւե՜լ հաւատքով ու ծարաւով փարի հայ գիրքին՝ որպէս սրբազան նշխար ու մասունք բանի, որպէս ճրագ կեանքի, որպէս սրբազան կրակ սիրոյ ու հաւատքի, պայքարի ու յաղթանակի ընդդէմ կեանքի ամէն տեսակի խորշակներուն ու փոթորիկներուն:
Այս խոր հաւատքով ու տեսլականով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչական գործունէութիւնը աճեցաւ տարուէ տարի, մեկենասները իրարու արձագանգեցին, եւ հրատարակչական հիմնադրամները նուաճեցին նորանոր հորիզոններ: Հետզհետէ ճիւղաւորուեցաւ ու հարստացաւ հայ գիրի ու գրականութեան Կիլիկեան ընկուզենին, եւ Անթիլիասի հրատարակչատունէն լոյս տեսած հարիւրաւոր հատորները մեր ժողովուրդի ընթերցասէր զաւակներուն պարգեւեցին եկեղեցագիտական, պատմագիտական, մատենագիտական, իմաստասիրական, յուշագրական, գրական եւ այլաբնոյթ բացառիկ գոհարներ:
Մեր Ս. Աթոռին հրատարակչական գործունէութեան մէջ անփոխարինելի եղաւ զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին, որուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ լոյսին եկան եւ դեռ կու գան բազմատասնեակ թանկարժէք կոթողներ, որոնց շարքին կ’արժէ յիշատակել հայ գիրքի պատմութեան մէջ նոր էջ բացած ՙՄատենագիրք Հայոց՚ եզակի շարքը: Յատուկ կարեւորութեամբ հարկ է յիշատակել նաեւ Կաթողիկոսարանի ՙԳէորգ Մելիտինեցի՚, ՙԳրիգոր Զօհրապ՚, ՙՌիչըրտ եւ Թինա Գարոլան՚, ՙԽաչիկ Պապիկեան՚ եւ ՙՍմբատ Արք. Լափաճեան՚ հրատարակչական հիմնադրամները, որոնց տարեկան եկամուտով կը տպագրուին մեծ թիւով հատորներ:
Շուրջ չորս տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայ Գիրքի ցուցահանդէսներուն առիթով Մեր Հայրապետական պատգամներուն մէջ միշտ վեր առած ենք հայ գիրքին վէրքերն ու երգերը եւ մա՜նաւանդ ծանրացած՝ հայ գիրքին նկատմամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ նկատուող հետաքրքրութեան նահանջին ու ընթերցասիրութեան նուազումին, եւ կոչ ուղղած բոլորին՝ երկիւղածութեամբ մօտենալու հայ գիրքին եւ մեր հայկական օճախները լուսաւորելու անոր կենսապարգեւ լոյսով: Արդարեւ, 2004-ին, Հայ Գիրքի ցուցահանդէսին առիթով արտասանած Մեր պատգամին մէջ ցաւով ու արդար ընդվզումով ըսինք. ՙմեր սիրտը ցաւով կը փոթորկի, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք թէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գիրքը սկսած է դառնալ լուսանցքային, եւ չակերտեալ արժէքներ սկսած են մեր կեանքի օրակարգին վրայ դառնալ առաջնահերթ: Խորապէս կը ցաւինք ու կ’ընդվզինք, երբ կը տեսնենք ու կը լսենք թէ հոգեւորականներ ու մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ուսանողներ անտարբեր վերաբերում սկսած են ցուցաբերել հայ գրքին նկատմամբ: Սա պահուն մեր աչքերուն դիմաց հանդիսադրուած հազարաւոր գիրքերը կը խօսին մեզի հետ, ո՜չ թէ աղաչական ձայնով, այլ զօրեղ պատգամի շեշտով ըսելով՝ ո՜վ հա՜յ հոգեւորական, ո՜վ հա՜յ մտաւորական, ո՜վ հա՜յ ուսուցիչ, ո՜վ հա՜յ ուսանող, ո՜վ հա՜յ մարդ՝
Առանց հայ գիրքի մո՜ւթ է ճամբադ,
Առանց հայ գիրքի աղքա՜տ է սեղանդ,
Առանց հայ գիրքի դատա՜րկ է կեանքդ,
Առանց հայ գիրքի ծարա՜ւ է հոգիդ:
Արդ, դարձի՜ր հայ գիրքին, ա՜ռ հայ գիրքը ու կարդա՜ զայն. եւ չմոռնաս երբեք, որ՝
Գիրք կարդացողը գիրքո՜վ կը հարստանայ,
Գիրք տպողը գիրքո՜վ կը բարձրանայ,
Գիրք պահողը գիրքո՜վ կը հզօրանայ,
Գիրք գրողը գիրքո՜վ կ’անմահանա՜յ…՚:
Պատի՜ւ մեր գրողներուն ու մեկենասներուն, որոնց շնորհիւ այսօր Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ մեծ թիւով գիրքեր կը տպուին: Սակայն դժբախտաբար, ի հեճուկս հայ գիրք գրող ու տպող նուիրեալներու օրինակելի յանձնառութեան՝ հայ գիրքի ընթերցողներուն թիւը կը շարունակէ նուազում արձանագրել: Հայ գիրքին նկատմամբ անտարբերութեան համաճարակ մը սկսած է զգալի դառնալ հայ կեանքէն ներս: Լսողատեսական ճարտարագիտութեան արագասոյր զարգացումով մեր երիտասարդութիւնը մանաւանդ սկսած է հեռանալ հայ գիրքէն: Արդարեւ, ժամանակն է, եթէ արդէն ուշացած չենք, ազգովին վերապրելու հաւաքական հոգեփոխութիւն մը, որպէսզի Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին առիթով, դարերու հարուստ փորձառութեամբ անմահացած Հայ Գիրքը դառնայ ամէնօրեայ դպրոցը հայ մարդուն, անոր սիրելի ընկերը, կողմնացոյցը իր կեանքին եւ յաւերժութեան բացուող ճանապարհը հայ ժողովուրդին:
Զ.
Արդ, Հայ Գիրքի Տարուան առիթով հայրական կոչ կ’ուղղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն ու Ազգ. Իշխանութեանց, մեր մշակութային ու կրթական միութիւններուն, ազգային կառոյցներուն ու հոգեւոր դասուն՝ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու հայ գիրքին, որպէս կենսատու աղբիւր մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն ու աւանդութեանց, մեր մշակութային թէ ազգային ժառանգութեանց ու իտէալներուն, ինչպէս նաեւ որպէս ազդու միջոց մեր ինքնութեան բիւրեղացման, պահպանման ու հարստացման: Այս խոր գիտակցութենէն մղուած կը թելադրենք դիմել հետեւեալ քայլերուն.-
ա) Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ փոխանցող գիրքեր հրատարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ գիրքէն ճառագայթող արժէքները:
բ) Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տըպագրութեան՝ մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատելով:
գ) Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն՝ տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով:
դ) Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով առաւելագոյն չափով տարածեն հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
ե) Հետապնդել, որ մեր դպրոցներէն, կազմակերպութեանց ու համայնքային կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերէն ներս գրադարաններ հաստատուին, որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն:
Վերոյիշեալ եւ այլ շօշափելի քայլերու դիմելով, Մեր սպասումն է որ հայ գրքին կարեւոր տեղը եւ կենսական դերը վերարժեւորուի ու վերաշեշտուի հայակերտումի ու հայապահպանման, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի մեր համահայկական ճիգերուն մէջ:
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ի՜ր երկնային շնորհներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2012
Անթիլիաս, Լիբանան