Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը ուղղուած հաւատացեալ ժողովուրդին, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, 2 Ապրիլ, 2009-ին

ԴԱՌՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ   Դուք զլոյսն կենաց զգեցեալ ունիք, առ Քրիստոս վասն մեր բարեխօսեցէք՚:   Հաւատացեալներու հոգիներէն ժայթքող ու հայ եկեղեցւոյ խորանէն խունկի ծուէններու նման ամէն առաւօտ երկինք բարձրացող աղաչանք մըն է սա՝ ուղղուած սուրբերուն. անոնց, որոնք Քրիստոսի լոյսը զգեցան ու իրենց սրբակենցաղ կեանքով դարձան երկնային լոյսին ճառագայթները երկրի վրայ:   Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս…