25 Հունվարի, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի ՙԵկեղեցւոյ Միութեան Շաբթուան՚ արարողութիւններուն

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ երկար տարիներէ ի վեր Յունուար ամսուան վերջին շաբաթը նուիրուած է եկեղեցւոյ միութեան: Այս շաբթուայ ընթացքին աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի կ’ունենան յատուկ արարողութիւններ, դասախօսութիւններ ու զանազան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կարեւորութեամբ կր շեշտուի եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:

 

Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 20 Յունուար 2013-ին, Պէյրութի ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութեամբ: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը: Եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան նուիրուած ձեռնարկներուն փակումը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Կիրակի 27 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի ունենալիք եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ:

More News