Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Հռոմէական Եկեղեցւոյ նորընտիր Սրբազան Քահանայապետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Պապին, անոր ընտրութեան առթիւ, 14 Մարտ 2013:
Ձերդ Սրբութիւն,
Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ու եղբայրակցութեան ոգիով կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Վստահ ենք, որ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին դիմագրաւող մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն, Ձեր ընտրութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան ու վկայութեան նկատմամբ նոր յոյս պիտի բերէ: Ձեր կեանքի պարզութիւնը, ընկերութեան զրկեալ դասակարգին նկատմամբ Ձեր ունեցած յատուկ հոգածութիւնը եւ Ձեր ամբողջական յանձնառութիւնը եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, վստահաբար նոր կենսունակութիւն պիտի յառաջացնէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան ծիրէն ներս:
Մեր հաստատ յոյսն է, որ վերանորոգ թափով պիտի շարունակուին Մեծի Տանն Կիլոիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հռոմի Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, որ արմատացած է մեր երկու եկեղեցիներու պատմութեան մէջ: Մեր սպասումն է, որ միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց այս ժամանակաշրջանին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջ–եկեղեցական դերակատարկութիւնը աւելի լայն արտայայտութիւն գտնէ միջազգային, շրջանային ու տեղական մակարդակներու վրայ:
Այս յոյսով, կրկին անգամ Ձերդ Սրբութեան կը փոխանցենք Մեր եղբայրական սէրն ու ջերմ շնրոհաւորութիւնները: Կա’ղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզ զօրացնէ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս որպէսզի կարողանաք զօրեղ հաւատքով ու յստակ տեսիլքով կատարել Ձեզի վստահուած հայրապետական առաքելութիւնը՝ բազմազան մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն:
Ձերդ Քրիստոսով՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ