Քառասնօրեայ պահեցողութեան հոգեպարար արարողութիւններ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Երկուշաբթի 11 Փետրուարին, մուտք գործեց Մեծ Պահոց քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը, որ մեր հայրերուն կողմէ սահմանուած սքանչելի առիթ է ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի:

 

Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի պիտի ունենան Արեւագալի ժամերգութիւնները, ամէն Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 7-ին, իսկ Հսկումի արարողութիւնները՝ ամէն Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5-ին: Դարձեալ անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալ ժողովուրդը ի՛նք պիտի կատարէ երգեցողութիւնը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած յատուկ ժամագիրքերուն հետեւելով:

 

Յայտնենք, որ ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, Արեւագալի արարողութեան աւարտին, Մայր Տաճարէն ներս հոգեւոր խորհրդածութիւններ պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերը:

 

Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդին, որ մասնակցին այս հոգեպարար արարողութիւններուն, լեցուելու համար հոգեւոր արժէքներով։