8 April, 2012

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՙԵ՜Ս ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ՚ 

 

Այս վճռադրոշմ յայտարարութիւնը Քրիստոս կատարեց մահուան դիմաց՝ երբ Ղազարոսին հրահանգեց դուրս գալ գերեզմանէն:

 

Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր քանդելու մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Ան աշխարհ եկած էր վերստեղծելու աստուածաստեղծ մարդէն հեռացած մարդը եւ առաջնորդելու դէպի Աստուած: Այլ խօսքով, աստուածատուր կեանքի վերահաստատումն էր Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան նպատակը: Ա՜յս յանձնառութեամբ Ան քարոզեց ու հրաշագործեց. եւ ա՜յս վճռակամութեամբ աշխարհին դիմաց կեցած յայտարարեց.–

 

ՙԵ՜ս եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը՚ (Յովհ. 11, 25):

 

Դէպի վերանորոգ կեանք ու յարութիւն ընթացող իր փրկագործական առաքելութեան ընթացքին Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց ու իր առաքելութիւնը բնորոշեց մարդու առօրեայ կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող պատկերներով ու երեւոյթներով: Աստուծոյ մարդացեալ Որդին ըսաւ.–

 

Ե՜ս եմ ճշմարտութիւնը (Յովհ. 14, 6). այլ տեղ մի փնտռէք զայն, այլապէս մի հասկնաք զայն: Քրիստոսի բերած ճշմարտութիւնը տեսական յղացք չէ՝ այլ թանձրացեալ իրականութիւն:

 

Ե՜ս եմ ճամբան (Յովհ. 14, 6), դէպի բարին, դէպի կեանք ու Աստուած առաջնորդող միակ ճամբան: Հեռու մնացէք ձեր առջեւ բացուած աշխարհի մոլոր ճամբաներէն, որքան ալ անոնք թուին հաճելի ու դիւրին:

 

Ե՜ս եմ դուռը (Յովհ. 10, 9), դէպի երկինք ու երկնայինը բացուած դուռը: Ան որ այդ դուռէն մտնէ պիտի ուղղուի դէպի փրկութիւն: Զգո՜յշ եղէք աշխարհի հրապուրիչ դռներէն, որոնք մարդը կ’առաջնորդեն դէպի չարիք ու մեղք:

 

Ե՜ս եմ լոյսը (Յովհ. 8, 12), յաւերժափայլ լոյսը աշխարհին: Ան որ այդ լոյսին կը հետեւի, պիտի յաղթէ աշխարհի խաւարը ու դառնայ երկնային լոյսին ճառագայթը երկրի վրայ:

 

Ե՜ս եմ հացը (Յովհ. 6, 35), կեանքի իրա՜ւ հացը: Ան որ կը ճաշակէ այս հացէն բնաւ պիտի չանօթենայ, այլ պիտի մնայ զօրեղ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց:

 

Ե՜ս եմ ջուրը (Յովհ. 7, 37), կեանքի կենսատու ջուրը: Ան որ խմէ երկնային այս յաւերժահոս ջուրը, երբեք պիտի չծարաւի՝ աշխարհի անապատին մէջ:

 

Ե՜ս եմ որթատունկը (Յովհ. 15, 1), երկնային բերրի ու անապակ որթատունկը՝ երկրի ապականած եւ անպտուղ որթատունկերուն դիմաց. ու մարդիկ՝ անոր ճիւղերը: Եթէ ճիւղերը չմիանան որթատունկին, պիտի չորնան ու դատապարտուին կրակի:

 

Ե՜ս եմ սէրը (Յովհ. 15, 9), ճշմարիտ սէրը աշխարհին: Ան որ Աստուած կը սիրէ, պէտք է սիրէ նաեւ իր նմանը ու նոյնի՜սկ իր թշնամին եւ միշտ աղօթէ զինք անիծողներուն ու հալածողներուն համար:

 

Ե՜ս եմ խաղաղութիւնը (Յովհ. 14, 27), աշխարհի իրաւ ու մնայուն խաղաղութիւնը: Աշխարհին պարգեւած Աստուծոյ խաղաղութիւնը արդարութեան վրայ հաստատուած է եւ տարբեր՝ շահերու վրայ հիմնուած խաղաղութենէն:

 

Ե՜ս եմ փրկիչը (Յովհ. 4, 42), մարդու միակ փրկիչը: Ես եկայ մարդը փրկելու մեղքի ու մահուան տիրապետութենէն: Մերժեցէք աշխարհի կեղծ փրկիչները, որովհետեւ անոնք մարդը կ’առաջնորդեն դէպի չարիք ու ինքնաքանդում:

 

Ե՜ս եմ հովիւը (Յովհ. 10, 11), քաջ հովիւը, որ իր անձը կը նոյնացնէ իր հօտին հետ. կը թողու իննիսունինը ոչխարները եւ կը փնտռէ մէկ մոլորեալ ոչխարը: Հետեւեցէք ա՜յս հովիւին:

 

Ե՜ս եմ կեանքը (Յովհ. 11, 25), յաւիտենական կեանքը աշխարհին: Ան որ իմ ետեւէս կու գայ հեռու պիտի մնայ կեանքի փորձանքներէն ու չարիքներէն: Ան որ ինծի կը հաւատայ արժանի պիտի դառնայ յաւիտենական կեանքին:

 

Աստուծոյ Որդին ո՜չ միայն այս աստուածատուր արժէքներուն, ճշմարտութիւններուն ու սկզբունքներուն յանձնառու ուսուցիչը եղաւ ու կենդանի վկան, այլ զանոնք նոյնացուց իր անձին, կեանքին ու առաքելութեան հետ: Քրիստոս չխօսեցաւ միայն անոնց կենսական կարեւորութեան մասին, այլ՝ այդ բոլորը եղաւ ու ապա ըսաւ՝ ՙե՜ս եմ՚: Եւ աւելի՜ն, անոնց կենսատու ուժով Քրիստոս յաղթե՜ց աշխարհին՝ շրջելով մարդը Աստուծմէ, երկիրը երկինքէն հեռացնող մարդակեդրոն արժէքներու  համակարգը եւ հաստատելով Աստուածակեդրոն արժէքներու համակարգը:

 

Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն է բարիին՝ չարին դէմ, լոյսին՝ խաւարին դէմ, արդարութեան՝ անարդարութեան դէմ, ճշմարտութեան՝ կեղծիքին դէմ, կեանքին՝ մահուան դէմ: 

 

Հաւատքով կերտուած ու յարութեամբ պսակուած յաղթանակի այս ժայռին դիմաց փշրուեցան պատմութեան բոլոր հալածիչներն ու հալածանքները:

 

Յաղթանակի այս ժայռին վրայ բարձրացան պատմութեան մեծերն ու մեծութիւնները:

 

Յաղթանակի այս ժայռին վրայ կոթողուեցան բոլո՜ր ժամանակներու մտքի ու հոգիի բոլո՜ր իրագործումները:

 

Յարութեամբ ամրագրուած ՙե՜ս եմ՚ կեցուածքը Աստուծոյ Որդւոյն դարձաւ աղբիւր հաւատքի քաջութեան ու ոգեղէն հզօրութեան՝ այն ազգերուն, որոնց կեանքը լեցուեցաւ անհամար փորձանքներով ու փորձութիւններով:

 

Յարութեամբ կենսագործուած ՙե՜ս եմ՚ կեցուածքը Քրիստոսի նաեւ դարձաւ երաշխիք մարդո՜ւ յարութեան: Իր յարութեամբ Աստուծոյ Որդին ճամբան բացաւ մարդո՜ւ յարութեան:

 

Քրիստոս խաչով նուաճեց իր յարութիւնը ու մարդը հրաւիրեց քալելու նոյն այս ճամբէն. այլ խօսքով՝ ամբողջական սիրոյ ու նուիրումի, հաւատարմութեան ու համարատուութեան, աղօթքի ու ծառայութեան ճամբէն: Իր խոստումին համաձայն Քրիստոս դա՜րձեալ պիտի գայ աշխարհ ու մեռելներու յարութենէն առաջ տեղի պիտի ունենայ վերջին դատաստանը (Մատթ. 25, 31–46): Քրիստոս պիտի պահանջէ մարդէն իր ապրած կեանքին ու կատարած գործին հաշիւը: Աստուածահաճոյ կեանք ապրած մարդոց Քրիստոս պիտի ըսէ՝ ՙեկէ՜ք հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է՚ (Մատթ. 25, 31–34): Իսկ Աստուծմէ հեռացած ու անառակ կեանք ապրած մարդոց Քրիստոս պիտի ըսէ՝ ՙանիծեալներ, հեռաձէ՜ք ինձմէ, գացէք յաւիտենական կրակին մէջ, որ սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք ինծի՚. այլ խօսքով, Քրիստոս վերջին դատաստանի օրը պիտի յայտարարէ՝ որովհետեւ այս բոլորը ձեր նմանին չըրիք, անոր չօգնեցիք, ինծի օգնած չեղաք (Մատթ. 25, 41–45):

 

Քրիստոս իր եկեղեցւոյ ճամբով միշտ կը յիշեցնէ աշխարհին՝ ՙԵ՜ս եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը՚: Միաժամանակ Քրիստոս կը վստահեցնէ բոլոր անոնց, որոնք կը դաւանին զինք որպէս ՙյարութիւն եւ կեանք՚ թէ պիտի ժառանգեն յարութեամբ կերտուած յաւիտենական կեանքը (Յովհ. 11, 25):

 

Արդ, քրիստոնեայ մարդուն կեանքը դէպի յարութիւն ուղղուած կեանք մը պէտք է ըլլայ: Այս խոր հաւատքով, գիտակից յանձնառութեամբ ու վառ տեսիլքով մարդ պէտք է ապրի իր կեանքը: 

 

•   •

 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը՝ մաղթելով արդիւնաւէտ ծառայութիւն մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:

 

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:

 

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները: Կը հայցենք յարուցեալ Փրկչէն, որ իր յարութեան շունչով պայծառակերպէ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը՝ ի Հայաստան, Ղարաբաղ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

 

                                                                                ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                                              ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սուրբ Զատիկ

8 Ապրիլ 2012

Անթիլիաս, Լիբանան