15 January, 2013

France-Armenie-ին ունեցած հարցազրոյցը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ

ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Պէյրութ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին, յատուկ ժամադրութեամբ ներկայացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէս նախկին սան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Այս առիթով ուզեցինք հարցազրոյց մը ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ, Սուրիոյ հայութեան մասին: Հակառակ այն իրողութեան որ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանրապէս հեռու է քաղաքական բնոյթ ունեցող նիւթերու շուրջ հարցազրոյց ունենալէ, սակայն նկատի ունենալով Սուրիոյ Հայութեան ներկայացուցած կարեւորութիւնը, ան սիրով ընդառաջեց France–Armenie-ի խնդրանքին, որուն համար Ամսաթերթին անունով կը յայտնենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնը:

ԽՄԲ.

 

1.– Վեհափառ Տէր, ուրախ ենք որ Ձեզի հետ հարցազրոյց ունենալու այս առիթը ընծայեցիք մեզի, յատկապէս՝ սուրիահայութեան մասին: Վերջին ամիսներուն սուրիահայուեթան մասին շատ բան ըսուեցաւ ու տակաւին կրնայ ըսուիլ: Մենք ուզեցինք դիմել աղբիւրին՝ Ձեզի: Ի՞նչ կացութիւն կը պազէ այսօր սուրիահայութիւնը:

 

Ինչպէս գիտէք, վերջին երկու տարիներուն արաբական աշխարհը կ’անցնի լուրջ վերիվայրումներէ՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ապահովական իմաստով: Ոմանք այս կացութիւնը կը բնորոշեն որպէս վարչակարգի փոփոխութիւն, ուրիշներ՝ որպէս ժողովրդային յեղափոխութիւն, եւ տակաւին ուրիշներ՝ որպէս «արաբական գարուն»: Ինչ ալ ըլլան տրուած որակումները, արաբական աշխարհը տագնապի մէջ է: Յիշեալ տագնապը տարբեր արտայայտութիւններ կը գտնէ շրջանի երկիրներէ ներս: Ներքին բնոյթ ունեցող այս տագնապը նաեւ կը շահագործուի շրջանային որոշ երկիրներու եւ ընդհանրապէս Արեւմտուքին կողմէ: Ներկայ տագնապը տակաւին կրնայ շարունակուիլ իր մէջ ներառելով նաեւ այլ երկիրներ: Միջին Արեւելքի պատմութեան անկիւնադարձային այս հանգրուանին, արաբ ժողովուրդը կոչուած է այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել, որով կարելի ըլլայ՝ մէկ կողմէն իր ներքին միասնականութիւնը պահել, եւ միւս կողմէն լայն բարեկարգումներու կամ ժողովրդավար վարչակարգերու հաստատումով արաբական աշխարհը նոր զարգացումներու ու իրագործումներու առաջնորդել:

 

Այս ընդհանուր խորքին վրայ պէտք է դիտել Սուրիոյ ներկայ տագնապը: Վստահաբար մամուլէն կ’իմանաք Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս տեղի ունեցող բախումներուն մասին: Սուրիոյ հայութիւնը անվաժան մէկ մասը կազմելով երկրին ընկերութեան, բնականաբար ինք եւս անմիջականօրէն ենթակայ է տագնապի հետեւանքներուն: Սուրիահայութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է Հալէպի մէջ. ունինք նաեւ համայնքներ Ճէզիրէի, Դամասկոսի, Քէսապի, Լաթաքիոյ, Տէր Զօրի մէջ եւ այլ շրջաններէ ներս: Պատմական գաղութ է Սուրիոյ հայ գաղութը: Ջարդերէն շատ առաջ հայկական գաղութ եղած է Սուրիոյ մէջ, յատկապէս՝ Հալէպի, Դամասկոսի ու Լաթաքիոյ մէջ: Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները առաջին հերթին ապահովական է: Հալէպը ենթակայ է մնայուն ռմբակոծումներու ու նոյնիսկ հոն տեղի կ’ուենան թաղային կռիւներ: Նո՛յնն է պարագան Դամասկոսի: Քէսապը կը մնայ շրջապատուած իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով: Ճէզիրէն, յարաբերաբար այլ շրջաններու, խաղաղ է, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, շրջանի քիւրտերու եւ պետութեան միջեւ որոշ համակեցութիւն մը գոյութիւն ունի: Տնտեսական իմաստով, մեր ընտանիքերը սկսած են լուրջ դժուարութեան մատնուիլ: Եկամուտի պակասը, ուտեստեղէն ապահովելու դժուարութիւնը եւ այլ խնդիրներ հետզհետէ իրենց խոր ազդեցութիւնը կ’ունենան մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին վրայ: Դպրոցները փակ են եւ մեր ուսուցիչներուն ու պաշտօնէութեան ամսաթոշակները ապահովելը մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի: Եւ այսպէս կարելի է շարունակել մեր գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն թուարկումը: Երկրէն ներս տիրող կացութեան շարունակութիւնը կրնայ աւելի լուրջ մտահոգութիւններու դիմաց դնել մեր գաղութը: Հակառակ պարզուած այս մտահոգիչ կացութեան, մեր համայնքին հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուները իրենց կարելին ի գորեծ կը դնեն օգտակար հանդիսանալու մեր համայնքի կարիքներուն եւ առաւելագոյն չափով զայն հեռու պահելու վտանգներէ: Մենք անձնապէս, եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը, մնայուն կապի մէջ ենք մեր պատասխանատուներուն հետ եւ նոյնիսկ անցեալ Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներ կատարելիք Մեր հովուապետական այցելութիւնը ջնջեցինք, որպէսզի կարենանք աւելի մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ ներքին կացութեան հոլովոյթին ու կազմակերպել Սուրիոյ մեր համայնքին օժանդակութեան աշխատանքները:

 

2.– Մեկնելով սուրիահայութեան ընդհանուր կացութենէն, ի՞նչ են սուրիահայութեան կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները:

 

Ինչպէս քիչ առաջ հպանցիկ կերպով յիշեցինք, Սուրիոյ հայութեան անմիջական ու առաջնահերթ կարիքները հետեւեալներն են.– ա) Օգտակար ըլլալ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ նիւթական կարելիութիւններ ընծայելով կամ սննդամթերք հայթայթելով: բ) Ամսաթոշակները ապահովելով, այս հանգրուանին թէկուզ մասամբ, մեր ուսուցիչներուն եւ ազգային հաստատութիւններէն ներս գործող պաշտօնեաներուն: գ) Օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն աւելի կազմակերպ ու ազդու կերպով կատարելու իրենց ծառայութիւնը ժողովուրդին: դ) Վնասուած տուները վերանորոգել անմիջապէս որ բախումները դադրին ու ապահովութիւնը հաստատուի երկրէն ներս: Բնականաբար Մեր կողմէ թելադրուած յիշեալ սկզբունքներու լոյսին տակ համայնքին վերին պատասխանատուները պիտի ճշդեն օժանդակութեան ձեւը, չափը ու ժամանակը:

 

3.– Քիչ մը աւելի գործնական հարցերու մասին խօսելով՝ ի՞նչ օժանդակութիւն կատարուեցաւ, ու կը կատարուի, սուրիահայութեան. որովհետեւ այս գծով երբեմն մամուլը հակասական տեղեկութիւններ կու տայ մեր ժողովուրդին: Կ’ուզենք ճիշդը իմանալ Ձեզմէ:

 

Վերջին մի քանի ամիսներուն Սուրիոյ հայութեան մասին յօդուածներ գրուեցան, երբեմն միակողմանի ու մակերեսային վերլուծումներ կատարուեցան, որոնք համապարփակ ու ճշգրիտ պատկերը չէին պարզեր թէ՛ Սուրիայէն ներս գոյութիւն ունեցող իրողական կացութեան եւ թէ մեր համայնքի ներքին պայմաններուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Քաղաքական–ապահովական իմաստով նման զգայուն ու բարդ կացութիւններուն դիմաց հապճեպ մօտեցումները ու զգացական պոռթկումները վնասաբեր կրնան ըլլալ քան թէ օգտակար: Եւ երկրորդ, չմոռնանք որ Սուրիոյ հայութիւնը կազմակերպ համայնք է. ինք կը ճանչնայ իր շրջապատը եւ գիտէ համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել: Անմիջապէս որ տագնապը սկսաւ Սուրիայէն ներս, նախ ներքին ճամբով փորձեցինք օգտակար ըլլալ մեր համայնքին: Բայց երբ տեսանք թէ տագնապը սկսած է լայն տարողութիւն ստանալ, Սուրիահայութեան օժանդակութեան կոչ մը հրապարակեցինք եւ զանազան առիթներով յիշեցուցինք մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն: Եւ աւելին, որպէսզի կատարուող օժանդակութիւնները ըլլան աւելի կազմակերպ ու ներդաշնակ, Կաթողիկոսարանէն ներս Սուրիահայութեան օգնութեան հաշիւ մը բացինք: Նկատի ունենալով Սուրիայէն ներս տիրող կացութիւնը եւ դրամատնային ճամբով գումարներ փոխանցելու դժուարութիւնը, յիշեալ նպատակին համար ստացած մեր գումարները զանազան ձեւերով սկսանք փոխանցել Սուրիոյ մեր համայնքի պատասխանատուներուն: Ցարդ օժանդակութիւններ ստացած ենք Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Քուէյթէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Անգլիայէն, ինչպէս նաեւ անհատներէ: Կ’ուզենք այստեղ յիշել որ նաեւ Հայաստանէն սննդանիւթի օժանդակութիւններ կատարուեցան:

 

Անհրաժեշտ կը նկատենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալը.– երբ կացութիւնը սկսաւ վատթարանալ Սուրիայէն ներս, անմիջապէս հետեւեալ յստակ թելադրութիւնները կատարեցինք մեր Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Իշխանութեան.– ա) Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան համագաղութային մարմին մը առաջացնել՝ մասնակցութեամբ Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական համայնքներուն, երեք քաղաքական կուսակցութեանց ու բարեսիրական միութիւններուն եւ այլ կառոյցներուն: բ) Ստացուած օժանդակութիւնը առանց խտրութեան բաժնել բոլոր կարօտեալ ընտանիքներուն, համաձայն տեղական պայմաններուն ու կարիքներուն: Մեր այս թելադրութեան լոյսին տակ, համագաղութային մարմիններ յառաջացան Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի եւ այլ շրջաններէ ներս ու լծուեցան աշխատանքի: Միշտ շեշտած ենք, եւ կ’ուզենք դարձեալ շեշտել, որ Սուրիոյ հայութեան տագնապը համահայկական առաջնահերթութիւն է, եւ իբր այդպիսին մեր օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ համահայկական տարողութեամբ, եւ ստացուած օժանդակութեան բաշխումը եւս պէտք է ըլլայ նո՛յն ոգիով:

 

4.– Ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան արտագաղթին, դարձեալ չափազանցուած թիւեր կը տրուին մեզի, Լիբանան կամ Հայաստան ապաստանած եւ ընդհանրապէս արտագաղթի ճամբան բռնած հայորդիներու գծով: Ի՞նչ է Ձեր պատկերացումը այս մասին:

 

Սուրիայէն ներս ստեղծուած կացութեան բերումով բնականաբար որոշ ընտանիքներ կայք հաստատեցին, սակայն ժամանակաւորապէս, Հայաստան եւ Լիբանան: Մեր տրամադրութեան տակ յստակ թիւեր չկան. սակայն Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, առաւելագոյնը չորսէն հինգ հազար հայեր այժմ կը գտնուին Հայաստան, եւ նոյն թիւով՝ Լիբանան: Հայաստանի մէջ պետական, իսկ Լիբանանի մէջ համայնքային կառոյցներ կը փորձեն օգտակար հանդիսանալ մեր զաւակներուն, յատկապէս գործ հայթայթելով ու բնակութեան վայրեր ապահովելով: Մեր աղօթքն է որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի, որպէսզի տուն ու գործ ձգած մեր զաւակները վերադառնան Սուրիա:

 

5.– Այս բոլորէն ետք, դառնանք քաղաքական–ապահովական կացութեան: Ի՞նչ է սուրիահայութեան դիրքը եւ մօտեցումը տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներու եւ Սուրիոյ ապագային նկատմամբ: Որպէս Հոգեւոր Պետը սուրիահայութեան, Ձեր կարծիքը այս ուղղութեամբ մեր ժողովուրդին համար կը նկատենք խիստ կենսական:

 

Սուրիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին սկիզբն իսկ, Մենք, ինչպէս նաեւ Մեր Սուրբ Աթոռի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը, յստակօրէն թելադրեցինք մեր Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Իշխանութեան, որդեգրել հետեւեալ մօտեցումը.– ա) Սուրիոյ հայ համայնքը անանջատելի մասը կը կազմէ սուրիացի ժողովուրդին ու հայրենիքին՝ նո՛յն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով: Հետեւաբար, հարկ է գործել ու հարցերուն մօտենալ ա՛յս սկզբունքէն մեկնելով: բ) Սուրիոյ հայ համայնքը կողմ չէ. ո՛չ իշխանութեան կողքին ընդդիմադրութեան դէմ է, եւ ոչ ալ ընդդիմադրութեան կողքին՝ իշխանութեան դէմ: Ան սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին հետ է, ինչպէս նաեւ անոնց ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն ու իրաւունքներուն հետ: գ) Սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու իրաւունքներուն հետապնդումը բռնի ուժով ու արիւնահեղութեամբ պէտք չէ ըլլայ, այլ փոխադարձ հասկացողութեամբ, երկխօսութեամբ ու գործակցութեամբ՝ հեռու պահելով Սուրիան արտաքին միջամտութիւններէ ու շահագործումներէ: դ) Սուրիահայ համայնքը հեռու մնալով հանդերձ ամէն տեսակ առճակատումներէ ու քաղաքական բնոյթ ունեցող դիրքորոշումներէ, անհրաժեշտ է որ իր պատասխանատուներուն ճամբով բոլոր կողմերուն հետ միշտ կապի մէջ ըլլայ, ի խնդիր հայ համայնքին ապահովութեան ու անոր իրաւունքներու պաշտպանութեան: ե) Հայ համայնքին միասնականութեան ամրապնդումը հիմնական առաջնահերթութիւն է: Նման դժուարութիւններու մէջ մեր ժողովուրդին հզօրութեան աղբիւրը իր ներքին միասնականութիւնն է: Միասին ըլլալով, միասին մտածելով, միասին ծրագրելով, միասին գործելով ու, ի պահանջել հարկին, միասին տառապելով մեր ժողովուրդը նախ ինքզինք աւելի ապահով կը զգայ, ինչպէս նաեւ՝ աւելի զօրեղ: Մենք այս սկզբունքները զանազան առիթներով շեշտեցինք ու նո՛յնը թելադրեցինք մեր պատասխանատուներուն: Ո՛չ վարչակարգերը եւ ոչ ալ անձերը մնայուն են. մնայունը ժողովուրդն է ու հայրենիքը:

 

6.– Շրջանէն ներս ընդհանրապէս ու Սուրիայէն ներս մասնաւորաբար ստեղծուած կացութեան գծով ինչպէ՞ս կը մենաբանէք Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:

 

Թուրքիոյ դերակատարութիւնը միշտ ալ, անցեալին ու այսօր, եղած է ու կը մնայ ժխտական: Քաղաքական հայեացք մը Միջին Արեւելքէն ներս Թուրքիոյ վերջին տասնամեակներու դերակատարութեան վրայ, յստակօրէն ցոյց կու տայ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները: Արդարեւ, Թուրքիոյ հետզհետէ թափանցումը արաբական երկիրներէն ներս, արաբական ներքին հարցերուն անոր միջամտութիւնը, արաբական երկիրներուն միջեւ լարուածութեան հրահարումը, արաբական երկիրներէն ներս մշակութային անունին տակ զանազան հետախուզական կեդրոններու հաստատումը, մարդասիրական օգնութիւն անունին ներքեւ խորհրդաւոր կապերու հաստատումը արաբական աշխարհէն ներս, յստակ նախանշաններ են Թուրքիոյ հեռաւոր նպատակներուն: Դժբախտաբար, մեր սիրելի արաբ եղբայրները չեն անդրադառնար այս մտահոգիչ երեւոյթին հակառակ մեր յիշեցումներուն: Շուրջ երեք տարիներ առաջ, Սուրիոյ նախագահին հետ Մեր ունեցած հանդիպման ընթացքին, Մեզի ըսաւ, թէ ինք կը զարմանայ թէ ինչու Մենք ժխտական կեցուածք ճշդեցինք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուելիք համաձայնագրերուն նկատմամբ: Պատասխանեցինք ըսելով, որ նախ Թուրքիան պէտք է հայ ժողովուրդին դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը ճանչնայ: Նախագահը պատասխանեց ըսելով որ Սուրիան Ալեքսանտրէթի հարց ունի Թուրքիոյ հետ սակայն մենք այսօր պէտք է րէէլ փոլիթիք կատարենք, եւ սկսաւ գովասանքը հիւսել Թիուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանին ու անոր իրատես ու լայնախոհ քաղաքականութեանբ: Յայտնենք նաեւ, որ շրջանէն ներս ստեղծուած կացութիւնը առաւելագոյն չափով օգտագործելով, Թուրքիան կը փորձէ տկարացնել հայ գաղութները, որովհետեւ յաճախ ան ակնարկած է ցեղասպանութեան գծով սփիւռքին «կարծր» կեցուածքին: Հետեւաբար պէտք է ըլլալ շատ զգոյշ Թուրքիոյ քաղաքականութեան նկատմամբ:

 

7.– Վերջապէս, որպէս վերջին հարցում, ընդհանրապէս այն կարծիքը կայ, թէ քրիստոնէութիւնը իր վերջալոյսը կ’ապրի շրջանէն ներս: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը այս ուղղութեամբ, որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայ նախագահ:

 

Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան պատմութիւնը միշտ ալ եղած է տագնապալից: Ճիշդ է, պատերազմներու, վերիվայրումներու հետեւանքով քրիստոնեաներ արտագաղթած են, սակայն քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս կը շարունակէ մնալ իր կազմակերպ ու աշխոյժ ներկայութեամբ: Քրիստոնեայ համայնքներուն համար հիմնականը իրենց համայնքային ամբողջականութեան պահպանումն է, ինչպէս նաեւ իրենց մարդկային ու համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Այս հանգրուանին, քրիստոնեայ համայնքները անորոշութեան մը դիմաց կը գտնուին՝ նկատի ունենալով հետզհետէ աճող իսլամական արմատական շարժումները: Քրիստոնեայ համայնքներու մօտեցումը, Մեր կարծիքով, պէտք է ըլլայ հետեւեալը.– քրիստոնեաներ շրջանէն ներս եկւոր չեն, անոնք անբաժան մասը կը կազմեն շրջանի պատմութեան ու մշակոյթին. անոնք դարեր շարունակ գոյակցած են իսլամութեան հետ եւ յանձնառու են աւելի խորացնելու իսլամ–քրիստոնեայ գոյակցութիւնն ու գործակցութիւնը. քրիստոնեաներ կը յարգեն իսլամ մեծամասնութեան սկզբունքները ու կրօնական ուսուցումները, սակայն միաժամանակ իսլամներ ալ պէտք է յարգեն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ուսուցումներն ու իրաւունքները: Ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ հաւասարութիւն, ազատութիւն, արդարութիւն: Ժողովրդավարութիւն նաեւ կը նշանակէ բոլոր քաղաքայիններուն մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին, առանց կրօնական խտրութեան: Հետեւաբար, Մեր սպասումն է որ շրջանէն ներս բոլոր վարչակարգերը, ինչ անուն ալ որ կրեն անոնք, պէտք է յարգեն բոլոր քաղաքացիներուն ու կրօնական համայնքներուն ու յատկապէս փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Ահա այն ժամանակ է որ «արաբական գարուն»ը կը ստանայ իր իսկական իմաստը:

 

8.– Խորապէս շնորհակալ եմ, Վեհափառ Տէր, որ այս բացառիկ առիթը ընծայեցիք մեզի եւ Ձեր սուղ ժամանակը տրամդրեցիք որ France-Armenie-ի ճամբով մեր ժողովուրդը հաղորդ դառնայ Ձեր մտածումներուն ու տարած աշխատանքերուն, եւ միւս կողմէ իրազեկ դառնայ Սուրիոյ մեր սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն իրավիճակին:

 

Փակելէ առաջ այս հարցազրոյցը, այս առիթով կ’ուզենք անգամ մը եւս Մեր բարձր գնահատանքն ու ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սուրիահայութեան եւ բոլոր այն մարմիններուն ու պատասխանատուներուն՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի գաղութներէն ներս, որոնք զանազան միջոցներով կը փորձեն օժանդակութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

 

Այս առիթով Մեր խոր գնահատանքը կը յայտնենք նաեւ Սուրիոյ մեր համայնքային բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց կեանքի այս դժուարին հանգրուանին:

More News