24 Փետրվարի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շնորհաւորէ Կիպրոսի նորընտիր Նախագահը

Կիրակի 24 Փետրուարին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ձայներու մեծամասնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ՝ Նիքոս Անասթասիատիսը։

 

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը երէկ շնորհաւորական յատուկ նամակ յղեց նորընտիր Նախագահին, ողջունելով եւ շնորհաւորելով անոր ընտրութիւնը։ Իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կիպրոսը յատուկ տեղ ունի հայերու սիրտին մէջ։ Արդարեւ, երկու ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու հասարակաց փորձառութիւնը, անոնց ունեցած հասարակաց արժէքներն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց միացեալ պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց, դարեր շարունակ հարստացուցած է եւ ամրապնդած անոնց բարեկամութիւնը եւ գործակցութիւնը։ Ներկայ աշխարհը իր բազմաթիւ եւ բազմազան հարցերով ու մարտահրաւէրներով կը մղէ մեր երկու ժողովուրդները աւելի սերտօրէն գործակցելու՝ հասարակաց մտահոգութիւններու եւ հարցերու գծով»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը կը վստահեցնէ նորընտիր Նախագահին, թէ՝ «Կիպրոսի հայ համայնքը որպէս անբաժանելի մասը կիպրական ընկերութեան, պիտի շարունակէ ձեր իմաստուն ղեկավարութեամբ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել այն բոլոր ճիգերուն, որոնց նպատակը Կիպրոսի յառաջդիմութիւնն ու զարգացումն է»։

More News