ԴԱՌՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ
Դուք զլոյսն կենաց զգեցեալ ունիք, առ Քրիստոս վասն մեր բարեխօսեցէք՚:
Հաւատացեալներու հոգիներէն ժայթքող ու հայ եկեղեցւոյ խորանէն խունկի ծուէններու նման ամէն առաւօտ երկինք բարձրացող աղաչանք մըն է սա՝ ուղղուած սուրբերուն. անոնց, որոնք Քրիստոսի լոյսը զգեցան ու իրենց սրբակենցաղ կեանքով դարձան երկնային լոյսին ճառագայթները երկրի վրայ:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՜նքն է աղբիւրը լոյսին, աստուածային յաւիտենական լոյսին: Խաւար աշխարհին դիմաց Աստուծոյ մարդացեալ Որդին ինքզինք ներկայացուց որպէս ճշմարիտ Լոյսը աշխարհին: Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, եւ Երուսաղէմէն մինչեւ Գողգոթա ու յարութիւն, լո՜յս դարձաւ ու լո՜յս բաշխեց Քրիստոս՝ իր ուսուցումներուն ու հրաշագործութիւններուն ճամբով, խաչի տառապանքով ու յարութեան յաղթանակով: Քրիստոսէն իրենց լոյսը ստացած սուրբեր ու հայրապետներ, հաւատքի հերոսներ ու վկաներ իրենց կեանքը շաղախեցին երկնային լոյսով ու դարձան նո՜յն Լոյսին հաւատարիմ առաքեալները՝ նոյնիսկ իրենց արիւնը թափելով ի խնդիր լոյսի առաքելութեան կենսագործման:
Սուրբերը եկեղեցւոյ կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող աստղեր են, որոնք իրենց լոյսը կը ստանան Քրիստոս-Արեւէն:
Սուրբերը Աւետարանի աղբիւրէն հոսող լոյսը ըմպած Աստուածընտիր անձեր են, որոնք իրենց կեանքով ու վարքով, ծառայութեամբ ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ աստուածային լոյսին տարածիչներն են:
Սուրբերը եկեղեցւոյ, եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեային պահապաններն են՝ մեզ շրջապատող երեւելի եւ աներեւոյթ չարիքներուն դիմաց:
Սուրբերը մարդոց կողմէ բարեխօսներ ու միջնորդներ են Քրիստոսի մօտ՝ ինչպէս Քրիստոս ինք եղաւ միջնորդ հաշտութեան Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ:
Ա՜յս հաւատքով եկեղեցին մօտեցած է սուրբերուն եւ իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ յատուկ տեղ է տուած անոնց: Հաւատքի նո՜յն գիտակցութեամբ ու ջերմութեամբ մեր եկեղեցին, հին դարերէն սկսեալ, խոր երկիւղածութեամբ մօտեցած է սուրբերուն՝ անոնց կեանքին մէջ տեսնելով Քրիստոսի ներկայութիւնը, անոնց ծառայութեան մէջ հանդիպելով՝ հիւանդին բժշկութիւն պարգեւող, աղքատին հաց տուող, զրկեալին օգտակար եղող, վիրաւորին վէրքերը բուժող Քրիստոսին: Սուրբերու հոգեշնչող ներկայութեամբ հզօրացած մեր եկեղեցին պայքարած է կեանքի փորձութիւններուն ու չարիքներուն դէմ:
Սուրբերը մեր եկեղեցւոյ համար դարձան ՙվահան ամրութեան ընդդէմ անօրէն թշնամւոյն՚. դարձան ՙաշտանակ լուսոյ՚ պատմութեան խաւարին դիմաց. դարձան ՙճանապարհ կենաց՚ մահուան սպառնալիքներուն դիմաց. դարձան ոսկէ կամուրջ երկրաւոր կեանքէն մեզ դէպի երկնային ճշմարտութիւններ ու յաւիտենական արժէքներ առաջնորդող: Հետեւաբար, աղքատ է եկեղեցւոյ կեանքը առանց սուրբերու սրբացնող ներկայութեան, առանց սուրբերու պայծառակերպիչ ներգործութեան: Հարուստ է հայ եկեղեցին Քրիստոսի լոյսը զգեցած յայտնի թէ անյայտ, հին թէ նոր սուրբերով:
Սակայն, սուրբերը սոսկ ծէս ու պատկեր չեն. պատմութիւն ու յիշատակ չեն: Սուրբերը գոյութենական ներկայութիւն են մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքէն ներս՝ սերտօրէն շաղախուած անոր կառոյցին, ծէսին ու մտածողութեան հետ: Սուրբերը կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւն են իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ: Մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր սուրբի անունով մկրտուած ու դրոշմուած են: Մեր եկեղեցիները սուրբերու անունով օծուած են: Սուրբերը կը խօսին մեզի հետ, աղօթքի ու շարականի, պատկերի ու սաղմոսի ճամբով: Մենք կը խոնարհինք սուրբերուն պատկերներուն առջեւ, միւռոնով կ’օծենք զանոնք, մոմ կը վառենք ու խունկ կը ծխենք անոնց առջեւ՝ խնդրելով սուրբերուն բարեխօսութիւնը Աստուծոյ Միածին Որդւոյն մօտ: Սակայն պատկերը չէ որ կը պաշտենք, որպէս նիւթեղէն իրականութիւն, այլ այդ պատկերին ճամբով խորհրդանշական կերպով ներկայացուող սուրբին միջնորդութեան կը դիմենք: Ու Քրիստոս իր լոյսը զգեցած սուրբերուն ճամբով կը մօտենայ մեզի, կը քննէ մեր հաւատքը, կը խօսի մեզի հետ, կը լսէ մեզ՝ եթէ մենք պատրաստ ենք մօտենալու իրեն:
Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, հաւատքի՜ համայնք է: Հաւա՜տքն է եկեղեցւոյ հիմքը, անոր կեանքին ճանապարհը ու առաքելութեան նպատակը: Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երբեմն կը պարզուին այնպիսի երեւոյթներ, տեղի կ’ունենան այնպիսի դէպքեր, որոնց մարդկային բանականութիւնը չի կրնար յստակ
բացատրութիւն տալ: Հաւա՜տքն է որ մեզ կը մղէ հաղորդ դառնալու անոնց խորհուրդին ու ըմբռնելու անոնցմէ եկող պատգամը: Քրիստոնէութիւնը բանականութեան ու հաւատքի ներդաշնակ ամբողջութիւն մըն է: Կարելի չէ ամէն բան բանականութեամբ բացատրել ու հասկնալ: Հաւատքին դերը հրամայական է: Քրիստոս իր սուրբերուն միջոցաւ, ինչպէս նաեւ յատուկ պահերու, կացութիւններու ու դէպքերու ճամբով կը փորձէ մեր հաւատքին վաւերականութիւնը: Մեր պատմութիւնը լեցուն է նման երեւոյթներով:
Արդ, սիրելի՜ հաւատացեալներ, երբ իմացանք որ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կը պարզուին խոր հաւատքի ու հոգեւոր ապրումի հոգեպարար արտայայտութիւններ. երբ մանաւանդ լսեցինք ներքին բնական մղումով մեր ժողովուրդի հոգեւոր խանդավառութիւնը, անմիջապէս Անթիլիասի Մայրավանքէն եկանք, որպէսզի մասնակից դառնանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ապրումներուն, ինչպէս նաեւ վկան անոնց հաւատքի զօրութեան, եւ ձեզի հետ միասին ջերմօրէն խնդրելու մեր սուրբերու բարեխօսութիւնը:
Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը պէտք է լեցուի հոգեւոր արժէքներով: Անո՜նք են որ մեր կեանքը կ’իմաստաւորեն ու կը հարստացնեն: Անո՜նք են, որ մեր կեանքին խորք ու դիմագիծ կու տան: Անո՜նք են, որ մեզ կ’առաջնորդեն դէպի Քրիստոս: Եկէ՜ք, հետեւաբար, սիրելի ուխտաւոր ժողովուրդ, դառնանք մեր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդող, մեր կեանքի ճամբան լուսաւորող սուրբերուն՝ խնդրելու անոնց բարեխօսութիւնը.-
Ո՜վ հաւատքի քաջ վկաներ, դուք որ Քրիստոսը որպէս լոյս զգեցաք, մեր աղաչանքն է ձեզի, որ բարեխօսէք Քրիստոսին, որպէս ճշմարիտ Արեգակը մեր կեանքին, իր լուսափայլ ներկայութեամբ լուսաւորելու մեր կեանքին օրերը, լուսաւորելու մեր մտածումները, լուսաւորելու մեր կեանքի ճամբաները ու մեր գործերը: Մեզ դէպի հոգեւոր խաւար ու բարոյական անկում առաջնորդող ներկայ աշխարհին ժխորին մէջ, որքա՜ն, որքա՜ն կարիքը ունինք Քրիստոսի լուսատու ներկայութեան…: Արդ, յաւիտենական լոյսի առաքեալներ, դուք որ ՙզլոյսն կենաց զգեցեալ ունիք, առ Քրիստոս վասն մեր բարեխօսեցէք՚: Ամէն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
2 Ապրիլ 2009
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
Հալէպ