Նոր Տարուան իր պատգամին մէջ ՙԱնցեալին նայիլ հաշուետուութեամբ ու ապագային՝ յանձնառութեամբ՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նոր Տարին առիթ մըն է անցեալը արժեւորելու հաշուետուութեան ոգիով, ու ապագային նայելու վերանորոգ տեսիլքով ու յանձնառութեամբ»: Այս բառերով խտացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Նոր Տարուան հայրապետական պատգամը:

 

Արդարեւ, Նոր Տարուան առաւօտուն, Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի Դահլիճին մէջ հաւաքուած միաբանութեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Դպրեվանքին ու հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը նախ գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ որ տարի մը եւս շնորհեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց կեանքը ապրելու ազգին հաւաքական կեանքին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Նոր Տարին արդարօրէն նկատուած է հաշուետուութեան առիթ: Հաշուետուութիւնը մարդկային կեանքին մէջ հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ապրիլ կը նշանակէ հաշուետու ըլլալ. գործել մանաւանդ կը նշանակէ հաշուետու ըլլալ: Երբ Աստուած առաջին մարդը ստեղծեց ու անոր պատասխանատուութիւն մը յանձնեց, ուզեց որ մարդը իր կատարած գործին համար միշտ ըլլայ հաշուետու իր Ստեղծիչին: Սակայն մարդը խուսափեցաւ հաշուետուութենէն: Առաջին մարդուն հաշուետուութենէ փախուստին հետեւանքը ծանօթ է մեր բոլորին: Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն յանձնուած կոչումը վերականգնելու եւ հետեւաբար, հաշուետուութեան գիտակցութիւնը վերահաստատելու մարդուն մէջ: Իր ուսուցումներուն մէջ Քրիստոս յատուկ կարեւորութիւն տուաւ հաշուետուութեան: Քրիստոս, Տնտեսի առակին ճամբով ըսաւ՝ տո՛ւր քու կատարած գործիդ հաշիւը»:

 

Խօսելով մեր ներկայ կեանքի պայմաններուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր Աստուած կ’ըսէ մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ տո՛ւր քու ապրած կեանքիդ ու գործիդ հաշիւը: Պատրա՞ստ ենք, քաջութիւնը ունի՞նք հաշուետուութեան: Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին մեր եկեղեցին, որքանո՞վ կրցաւ իր սրբազան առաքելութիւնը կենսագործել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Մեր կառոյցները որքանո՞վ իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Մեր հայրենիքը, Հայաստանը որքանո՞վ իր պարտաւորութիւնները մեր ժողովուրդին նկատմամբ կատարեց: Վերջապէս՝ Հայ մարդը որքանո՞վ ինքզինք արժեւորեց, քրիստոնէական ու ազգային իմաստով, մեր ժողովուրդի համայնական կեանքէն ներս: Ուր հաշուետուութիւն չկայ, հոն կայ ապականութիւն, փտածութիւն ու արժէքներու անկում: Հոն ուր հաշուետուութիւն կայ, հոն կայ՝ վստահելիութիւն ու յառաջդիմութիւն: Արդ, Նոր Տարին հրաւէր մըն է հաշուետուութեան ոգիով դառնալու 2012 տարուան, անհատաբար թէ հաւաքաբար, եւ յստակօրէն տեսնելու մեր թերացումներն ու ձախողութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ մեր իրագործումներն ու յաջողութիւնները»:

 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան. «Անցնող տարուան ընթացքին լուրջ դժուարութիւններէ անցաւ Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդը: Փորձեցինք մեր կարելին ընել օգնութեան հասնելու մեր զաւակներու կարիքներուն: Նո՛յն վճռակամութեամբ պիտի շարուակենք: Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը համահայկական առաջնահերթութիւն է: Խորապէս կը գնահատենք բոլոր անոնք, որոնք օժանդակեցին Սուրիոյ հայութեան: Նո՛յն ոգիով պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը». կոչ ուղղեց Վեհափառը:

 

Իր պատգամի երրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց հաշուետուութիւնը վերածելու յանձնառութեան: «Անցեալին հարկ է միշտ նայիլ ու զայն իրապաշտ մօտեցումով արժեւորել, որպէսզի կարենանք անցեալի փորձառութեան լոյսին տակ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով բացուիլ ապագային: Ինչպէս անցեալը տակաւին երէկ էր, ապագան կը սկսի այսօ՛ր իսկ: Արդ, չսպասենք ապագային. ապագան պիտի սկսինք կերտել այսօ՛ր իսկ՝ կեանքի այնպիսի որակով, գործի այնպիսի ոճով, հաւատքի այնպիսի ջերմութեամբ ու տեսիլքի այնպիսի հզօրութեամբ, որ մեզ առաջնորդէ լաւէն լաւագոյնին, կատարուած նուաճումներէն դէպի նոր նուաճումներ»:

 

Անդրադառնալով մեր ազգին առջեւ կանգնող մարտահրաւէրներուն, Արամ Ա. Վեհափառը ըսաւ. «Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունենան ժողովրդավարական սկզբունքներու ամբողջական կիրառումով եւ հանդարտ ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ Ղարաբաղը աւելի հզօրանայ իր մարտունակ բանակով ու իր հողին եւ իրաւունքին ամրօրէն կառչած ժողովուրդով: Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ մեր եկեղեցին իր ներքին միասնականութիւնը աւելի ամրապնդէ եւ իր ժողովրդանուէր ծառայութիւնը աւելի կենսաւորէ: Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ Սփիւռքը իր բոլոր կառոյցներով ու գաղութներով աւելիով կազմակերպուի ու Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեամբ աւելիով հզօրանայ: Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ Ցեղասպանութեան 100–ամեակի սեմին մեր ազգային պահանջատիրութիւնը դառնայ ամէնօրեայ տագնապ ու յանձնառութիւն մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար: Վերջապէս, Մեր սպասումն է ու մաղթանքը, որ այս երկրին վրայ ապրող իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի, ինչ պայմաններու մէջ ալ որ ապրի, երբեք չմոռնայ իր արեան կանչը, իր հաւատքի աղբիւրը ու իր կեանքը հարստացնէ այնպիսի արժէքներով ու իղձերով, որոնք մեր ազգը, եկեղեցին ու հայրենիքը կը դարձնեն աւելի հզօր ազգերու ընտանիքէն ներս»:

 

Եզրափակելով իր պատգամը, Վեհափառը ըսաւ. «հայութիւնը պայքար է, մասնակցութիւն է, յանձնառութիւն է՝ հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով թրծուած: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է ապրինք մեր հայութիւնը ու բացուինք Նոր Տարուան»:

 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շնորհաւորութիւններ՝ Նոր Տարուան առիթով: