Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնը

Հինգշաբթի 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնը՝ Փոլ Այանեանի գլխաւորութեամբ: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել իրենց բարեմաղթութիւնները ինչպէս նաեւ իր տեսակէտները իմանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը ու յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու գծով:

 

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, յատկապէս շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներու լոյսին տակ: Ան ըսաւ որ դարեր շարուանակ երկու միաստուածեան կրօններու պատկանող համայնքները գոյակցած են: Արդ, ինչ որ ալ ըլլան «արաբական գարուն»ի հետեւանքները, անհրաժեշտ է որ միջ–կրօնական գոյակցութիւնը շարունակուի վերանորոգ յանձնառութեամբ:

 

Խօսելով Լիբանանի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց երկրէն ներս տիրող կայունութիւնը եւ ընտրական նոր օրէնք հաստատելու միտող համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն տարած աշխատանքը: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց որ համայնքները կարեւոր դեր պէտք է ունենան իրենց ներկայացուցիչներու ընտրութեան մէջ: