Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջինքի առիթով Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ

Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2013–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:

 

Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի Հայոց Թեմին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, ընդառաջած էր իրենց հրաւէրին: Ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելու հաւատացեալներուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը, ողջունելէ ետք լիբանանահայութիւնը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լիբանանի հայ գաղութի բոլոր մարմիններուն ու զաւակներուն: Այս տարի, Վեհափառ Հայրապետը իր հոգեւոր խորհրդածութեան առանցքը դարձուց Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն խօսքը՝ «Ես եմ կեանքի ճշմարիտ հացը»:

 

Վեհափառ Հայրապետը բնաբանին ակնարկելով, ըսաւ. «Առաջին հարցադրումը զոր պէտք է կատարենք, հետեւեալն է՝ ինչո՞ւ Քրիստոս հացին նմանցուց իր մարդեղութեան ու առաքելութեան նպատակը», եւ բացատրեց, թէ «Աւետարանները յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ Քրիստոս ընդհանրապէս առակներու ճամբով կը կատարէր իր ուսուցումները ու իր պատգամը կը փոխանցէր մարդոց: Եւ որպէսզի իր ուսուցումները դառնային աւելի հասկնալի, ան իր առակները կ’առնէր ժողովուրդի առօրեայ կեանքի պատկերներէն, երեւոյթներէն ու մտահոգութիւններէն»:

 

Շեշտելով հացին կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Հացը կեանքի ամէնէն կենսական սնունդներէն մէկն է: Հակառակ այն իրողութեան, որ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ սննդեղէնի աշխարհէն ներս հացի գործածութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով սկսած է պակսիլ, սակայն հացը կը շարունակէ մնալ որպէս սնունդի հիմնական աղբիւր: Հացը, որպէս հիմնական սնունդ նաեւ հոմանիշ է կեանքի: Ահա թէ ինչու Քրիստոս ինքզինք կը նմանցնէ հացի, այլ խօսքով՝ կեանքի. ո՛չ թէ սովորական հացի, այլ՝ ճշմարիտ հացի. եւ հետեւաբար՝ ճշմարիտ կեանքի: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է դիտել ու ըմբռնել Քրիստոսի յիշեալ հաստատումը: Քրիստոս մեր կեանքին ճշմարիտ հացն է: Ան աշխարհ եկաւ եւ որպէս հաց բաշխուեցաւ մարդոց: Քրիստոսի հետեւիլ, կը նշանակէ զՔրիստոս ընդունիլ որպէս ճշմարիտ հաց, մերժելով աշխարհին մեզի հրամցուցած բոլոր տեսակի ‘համով հաց’երը, որովհետեւ այդ ‘հաց’երը ապականիչ են: Քրիստոսը ընդունիլ որպէս ճշմարիտ հաց, կը նշանակէ այդ հացը ճաշակել, որովհետեւ այդ հացի ճաշակումով մենք պիտի ստանանք մեր կեանքի իսկական սնունդը, հեռու մնալով տեսակ–տեսակ մոլութիւններէ ու ախտերէ: Քրիստոսը դաւանիլ որպէս ճշմարիտ հաց, կը նշանակէ այդ հացը բաշխել ուրիշներուն՝ ուսուցանելով, ծառայելով, օգնելով»:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց շեշտելով, թէ «Քրիստոս հաց եղաւ ու որպէս հաց բաշխուեցաւ: Ուստի, Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնել Քրիստոս–հացը: Մեր եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կ’երգենք՝ մօտեցէ՛ք եւ ճաշակեցէ՛ք Քրիստոսի հացը, որովհետեւ ան քաղցր է ու յաւիտենական: Քրիստոս–հացի ճաշակումը մեր կեանքին պիտի տայ կենսունակութիւն ու քաղցրութիւն: Քրիստոս–հացին ճաշակումը մեզ պիտի պաշտպանէ կեանքի ամէն տեսակ մեղքերէ ու չարիքներէ»:

 

Ապա, աւանդութեան համաձայն Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան կողմէ նախաճաշի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց Դպրեվանքի երգեցողութիւնը, ապա անդրադարձաւ Դպրեվանքի կարեւորութեան դերին, շեշտելով մարդոյժի պատրաստութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին վիճակուած կարեւոր դերը եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները ղրկելու Դպրեվանք: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց իրեն սեղանակից դարձած բարերաներուն՝ Բիւզանդ Գէորգեանին, Արթիւր Նազարեանին եւ Սուրէն Սարգիսեանին, որոնք իրենց զանազան բարերարութիւններով կարեւոր ներդրում կատարած էին թէ՛ Կաթողիկոսարանի, թէ՛ լիբանանի հայութեան վերածաղկման: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի ունեւոր զաւակներուն ազգին ու եկեղեցւոյ, դպրոցին ու մշակոյթի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման բերելու իրենց գործօն մասնակցութիւնը: