Ուրբաթ 15 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, առաջնորդութեամբ վարչութեան Ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանի:
Շուրջ երկու ժամ տեւող խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին, լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած աշխատանքները, Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող օժանդակութիւնը շարունակելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեցին ազգային պահանջատիրութիւնը աւելի ամրապնդելու ու միասնական ոգիով աշխարհին ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութեան օժանդակելու կարիքը որպէս համազգային առաջնահերթութիւն: