Գիր Հայրապետական սիրոյ եւ օրհնութեան Պարսկաստանի հայոց

Պարսկաստանի հայոց երեք թեմերուն՝ Թեհրան, Ատրպատական եւ Սպահան Մեր կատարած հովուապետական այցելութենէն Անթիլիասի Մայրավանք վերադարձին, սիրոյ, օրհնութեան ու գնահատանքի սոյն Հայրապետական Գիրը կը յղենք Պարսկաստանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Արդարեւ, Մեր կատարած այս վերջին հովուապետական այցելութիւնը (Մայիս 7–25, 2012), հինգերորդն էր Թեհրանի թեմին ու չորրորդը՝ Սպահանի եւ Ատրպատականի թեմերուն: Իր բազմազան ծրագիրներով եւ այլազան ձեռնարկներով ու հանդիպումներով, այս վերջին հովուապետական այցելութիւնը եղաւ աւելի համապարփակ: Մեր փափաքն էր, որ այս անգամ հովուապետական այցելութեան առանցքը ու կիզակէտը հանդիսանար ժողովուրդը՝ հեռու մնալով պետական–պաշտօնական ու դիւանագիտական բնոյթ ունեցող հանդիպումներէ: Ուրախ ենք որ այդպէ՜ս ալ եղաւ:

 

Շուրջ երեք շաբաթներ շարունակ եղանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ՝ եկեղեցիներուն, մշակութային, կրթական, ընկերային ու բարեսիրական կեդրոններուն մէջ: Սիրոյ ու գնահատանքի Մեր խօսքը ուղղեցինք ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ առիթներ ստեղծեցինք զրուցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ՝ աւելի մօտէն իրազեկ դառնալու անոնց դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Թէեւ ֆիզիքապէս յոգնեցուցիչ եղաւ հովուապետական այս այցելութիւնը, սակայն հոգեպէս գոհացուցիչ ու հարստացուցիչ: Մեր նախորդ այցելութիւններու ընթացքին ճանչցած էինք Պարսկաստանի մեր զաւակները. սակայն, այս անգամ Մեր ճանաչումով եղաւ աւելի հարազատ ու ամբողջական: Արդարեւ, Մեր անձին նկատմամբ մեր ժողովուրդին ցուցաբերած ջերմ սիրոյ ու խոր յարգանքի արտայայտութիւնները Մենք կը նկատենք հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ անոնց ունեցած ամուր հաւատարմութեան պերճախօս վկայութիւնը:

 

Այս առիթով, առաջին հերթին Մեր հայրական սիրոյ ու գնահատանքի ողջոյնը կ’ուղղենք երեք թեմերու Առաջնորդներուն՝ Թեհրանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին,  Սպահանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանին եւ Ատրպատականի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանին, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ գլխաւորեցին հովուապետական այցելութեան առնչուած աշխատանքները:

 

Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք երեք թեմերու Ազգ. Իշխանութիւնները, եւ մեր կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք գործնապէս մասնակից դարձան Մեր այցելութեան ծրագիրներուն ու հանդիպումներուն:

 

Հայրական սիրոյ եւ օրհնութեան Մեր խօսքը կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնց ստուար թիւով ներկայութիւնը եկեղեցական արարողութիւններուն ու հրապարակային ձեռնարկներուն խորապէս յուզեցին եւ միանգամայն՝ գօտեպնդեցին Մեզ:

 

Անցնող երեք շաբաթներու ընթացքին, զանազան շրջաններէ ներս եւ այլազան առիթներով մեր ժողովուրդին հետ ըլլալով ո՜չ միայն Մեր հայրական պատգամը ուղղեցինք անոնց, այլ նաեւ լսեցինք զիրենք եւ ականատես եղանք շարք մը երեւոյթներու եւ մտահոգութիւններու, որոնք անմիջականօրէն աղերսուած են Պարսկաստանի հայութեան ներկային ու ապագային: Բնականաբար, Մեր պատգամներուն, զրոյցներուն, ժողովական թէ հրապարակային հանդիպումներուն ընթացքին որոշ երեւոյթներուն հպանցիկ կերպով անդրադարձանք: Հայրապետական սիրոյ եւ օրհնութեան սոյն գիրով, պիտի ուզենք կարգ մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարել՝  ի խնդիր գաղութի կեանքին առաւել կազմակերպման ու ծաղկման: Առաջին հերթին, կ’ուզենք երեք հաստատումներ կատարել.–

 

Ա.– Պարսկաստանի հայութիւնը կազմակերպ ու կենսունակ գաղութ է: Պարսկաստանի հայութեան հաւաքական կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ տեսանք կազմակերպուածութիւն եւ աշխուժութիւն: Երեւոյթ մը, որ պատահական չէ. անոր ետին կը գտնուի հետեւողական ու լուրջ աշխատանք՝ հոգեւոր թէ աշխարհական կառոյցներու ու պատասխանատուներու կողմէ: Ընդհանրապէս այն կարծիքը կայ, որ Պարսկաստանի հայութիւնը նահանջի մէջ է, որովհետեւ վերջին տարիներուն արտագաղթը նոր թափ ստացած է գաղութէն ներս: Մտահոգիչ այս երեւոյթը ո՜չ մէկ ձեւով ժխտական անդրադարձ ունեցած է գաղութի ներքին կենսունակութեան վրայ: Արդարեւ, արտագաղթը հայրենամերձ գաղութներէն դէպի արեւմտեան երկիրներ Մենք կը նկատենք մեծապէս վնասաբեր. իսկ Հայաստանէն՝ աններելի: Հարկ է գերագոյն ճիգ թափել կասեցնելու համար այս ազգային արիւնահոսութիւնը, որ կրնայ վտանգել մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան:

 

Բ.– Պարսկաստանի հայութիւնը միակամ ու ներդաշնակ գաղութ է: Մեր ելոյթներու ընթացքին գնահատեցինք այս դրական երեւոյթը: Միակամութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը երաշխիք են գաղութի մը ներքին հզօրութեան: Սակայն, միակամութիւն չի նշանակեր տեսակէտներու ու մօտեցումներու միատեսակութիւն: Առողջ ու շինիչ քննադատութիւնը մեր ազգը կամ գաղութը յուզող ընդհանրական հարցերու շուրջ անհրաժեշտ է: Նոյնպէս ներդաշնակութիւն չի նշանակեր միատեսակ մտածելակերպ ու գործելակերպ, այլ այնպիսի բազմազանութիւն որ կը յառաջացնէ ներքին յարակցութիւն ու նպատակասլաց ուղղուածութիւն: Սպասելի է որ այս հասկացողութեամբ աւելի լայն խորք ու ծաւալ ստանայ գաղութէն ներս տիրող միասնականութիւնը:

 

Գ.– Պարսկաստանի հայութիւնը իր արմատներուն ամրօրէն կառչած գաղութ է: Այս գօտեպնդիչ երեւոյթին ականատես եղանք ոչ միայն հայահոծ շրջաններէն, այլ նոյնիսկ  հեռաւոր շրջաններէն ներս, ուր հայութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է: Հայ լեզուն բոլոր տարիքի հայորդիներու շրթներուն վրայ ներկայութիւն է՝ հեռու ամէն տեսակ աղաւաղումներէ ու օտար ազդեցութիւններէ: Մեր մշակութային արժէքները ու ազգային–եկեղեցական աւանդութիւնները տիրապետող ներկայութիւն են դպրոցներէն, սրահներէն ու ընտանիքներէն ներս: Մեր ժողովուրդի գերագոյն ձգտումները ամէնօրեայ ապրում են հայութեան հաւաքական կեանքէն ներս: Արդարեւ, Մեզի համար խորապէս յուզիչ պահ մըն էր երբ Կասպից ծովու ափին գտնուող Անզալիի (ուր կը բնակին շուրջ տասը ընտանիքներ) եկեղեցւոյ պատին վրայ խոշոր տառերով արձանագրուած տեսանք հետեւեալ բառերը.– ՙՕտար քամի որքան փչի, մեզ իր փոշով չի ծածկի՚…:

 

Վերեւ նշուած դրական երեւոյթները պէտք է աւելի ամրանան ու ծաւալին՝ վերանորոգ հաւատքով, առաւել աշխատանքով ու ապագայատեսիլ մօտեցումով: Չի՜ բաւեր եղածով գոհանալ. անհրաժեշտ է եղածը աւելի՜ հարստացնել, լաւէն լաւագոյնին ձգտելով՝ մասնակցութեամբ գաղութի բոլոր կառոյցներուն ու զաւակներուն: Այս հաւաքական աշխատանքը կ’ենթադրէ երկարաշունչ ու համապարփակ ծրագրում, առաջնահերթութիւններու յստակեցում, գործելակերպի ու գործընթացի ճշդում ու ապա հանգրուանային իրագործում:

 

Գաղութ մը անհատ հայերու հաւաքածոյ չէ. ան ինքնութիւն, մշակոյթ ու պատմութիւն ունեցող մեր ազգի զաւակներուն հաւաքական կեանքն է՝ համայնքային կառոյցներու շուրջ համախմբուած: Գաղութ մը կը դառնայ կենսունակ, երբ զայն բաղկացնող կառոյցները առողջ են ու աշխոյժ: Մեր սպասումն է, որ Պարսկաստանի հայութեան կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները դառնան աւելի՜ կենսունակ՝ մեր զաւակները իրենց շուրջ համախմբելով ու իրենց գործունէութիւնը աւելի կազմակերպելով: Այս գործընթացը կ’ենթադրէ կառոյցներու վերարժեւորում, վերադասաւորում ու վերանորոգում: Համաշխարհայնացած ներկայ ընկերութիւնը իր նոր մտածելակերպով ու գործելակերպով մեզ կը հրաւիրէ քննական վերանայումի ենթարկել մեր կառոյցները, այլապէս, անոնք պիտի դառնան ժամանակավրէպ: Այս հայեցակէտով ու հեռանկարով անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն տալ հետեւեալ բնագաւառներուն.–

 

ա) Եկեղեցին մեր համայնքային կեանքի սիրտն է. անոր առողջ տրոփիւնը լայն չափով առնչուած է մէկ կողմէն ժողովուրդին ծառայելու իր յանձնառութեամբ եւ միւս կողմէ՝ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբը անոր կեանքին ու վկայութեան: Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ նկատեցինք, որ մեր ծխային եկեղեցինները, իրենց հոգեւոր առաջնորդներու ու մշակներու եւ թեմական իշխանութիւններու նուիրեալ աշխատանքով ծառայական ներկայութիւն  են ժողովուրդի կեանքէն ներս: Արդարեւ, կրօնական դաստիարակութեան առնչուած աշխատանքները, ընկերային ծառայութիւնը, կրօնաբոյր հրատարակութիւնները, ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը, միջ–եկեղեցական ու միջ–կրօնական հանդիպումները, եւ աւելին՝ ժողովուրդին երկիւղած մասնակցութիւնը եկեղեցական արարողութիւններուն, շօշափելի արտայայտութիւններ են մեր եկեղեցւոյ անփոխարինելի դերակատարուեթան: Ազգային Առաջնորդարաններու գլխաւորութեամբ կատարուող այս աշխատանքները վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուին: Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է առաջնահերթութիւն տալ ծիսական կեանքի առաւել կազմակերպման, հոգեւոր հովիւներու, սարկաւագներու ու դպրիներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման: Հովիւ–ժողովուրդ փոխ–յարաբերութեան սերտացումը եւս  կը նկատենք հրամայական:

 

բ) Դպրոցը իր քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ եկեղեցւոյ կողքին կեդրոնական ներկայութիւն է գաղութի մը կեանքէն ներս: Հակառակ հայ դպրոցին դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն, մեր կրթական կառոյցները կը շարունակեն մնալ նոր սերունդներուն հայեցի ինքնութիւնը կազմաւորող հայակերտումի վառ օճախներ: Վստահ ենք որ պատասխանատու մարմինները առաւել նուիրումով պիտի շարունակեն իրենց պատասխանատուութիւնը հայ դպրոցին նկատմամբ: Հայ դպրոցը եւս կարիքը ունի վերանորոգման: Այս ուղղութեամբ, անհրաժեշտութեան պարագային հարկ է ձեռնարկել կարգ մը կրթական կառոյցներու վերադասաւորման ու միաւորման՝ նկատի ունենալով ընտանիքներու տեղաշարժը ու նոր հայահոծ շրջաններու յառաջացումը: Նաեւ հայերէն նոր դասագրքերու պատրաստութիւնը ու մանկավարժական մեթոտներու վերանայումը, ինչպէս նաեւ լսողատեսողական արհեստագիտութեան ճիշդ  օգտագործումը ընդհանրապէս կրթական ծրագիրներու իրագործման ու յատկապէս քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ դարձած է անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն:

 

գ) Մշակոյթը կը կազմէ մեր ինքնութեան կերտման ու հայապահպանման կարեւոր գործօններէն մէկը: Համայնքի մը կեանքէն ներս եկեղեցւոյ ու դպրոցի կարգին միշտ յատուկ կարեւորութիւն է տրուած հայ մշակոյթին, մանաւանդ սփիւռքեան ապահայացնող պայմաններուն մէջ: Պարսկաստանի հայութեան մօտ դարձեալ խոր գոհունակութեամբ վկայեցինք հայ մշակութային արժէքներու տիրական ներկայութիւնը: Արդարեւ, մեծ թիւով երգչախումբերու գոյութիւնը, բոլոր տարիքի հայորդիներուն շրթներուն վրայ հայ երգին ու բանաստեղծութեան մնայուն ներկայութիւնը, ընտանիքներէն ներս մեր կրօնական, ազգային ու մշակութային աւանդութիւններու առողջ պահպանումը եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին նկատմամբ պարսկահայութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը մեծապէս յատկանշական երեւոյթ մըն է, որ պէտք է նոր հունաւորումներով աւելի արմատանայ, յատկապէս նոր սերունդի կեանքին մէջ:

 

դ) Պահանջատիրութիւնը, ինչպէս ո՜եւէ գաղութի, նոյնպէս Պարսկաստանի հայութեան ամէնօրեայ կեանքին մէջ գոյութենական ներկայութիւն է որպէս տագնապ, պայքար ու ձգտում:  Ինչպէս Մեր պատգամներուն մէջ շեշտեցինք, մեր ազգային պահանջատիրութիւնը պէտք է դուրս գայ սոսկ ոգեկոչումի ու յիշեցումի սահմաններէն եւ վերածուի գործօն մասնակցութեան՝ այն բոլոր աշխատանքներուն, տեղական, շրջանային թէ համահայկական, որոնց նպատակն է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ճանաչումը ու իրաւունքներու հատուցումը: Որպէս իսլամ կարեւոր երկրի մէջ հաստատուած գաղութ, Պարսկաստանի հայութեան դերը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս կը նկատենք խիստ կարեւոր՝ յատկապէս իսլամական աշխարհէն ներս մեր իրաւունքները հետապնդելու իմաստով:

 

ե) Երիտասարդութիւնը կր կազմէ ողնասիւնը ընկերութեան: Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս յատուկ կարեւորութիւն հարկ է տալ երիտասարդութեան: Մեր ազգի ապագան կախեալ է մեր համահայկական առաջնահերթիւններուն ու մարտահրաւէրներուն գծով երիտասարդութեան բերած նպաստէն: Արդ, պարսկահայութեան հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ երիտասարդութեան ազդու ներկայութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Մեր երիտասարդութիւնը պէտք չէ  միայն յատուկ առիթներով իր ներկայութիւնը զգալի դարձնէ: Ան լայն տեղ պէտք է գրաւէ մեր կառոյցներէն ներս, նոյնիսկ առաջնորդողի դերակատարութեամբ: Հարկ է վստահիլ մեր երիտասարդ սերունդին:

 

զ) Մարդուժը կառոյցի մը կամ ազգի մը հզօրութեան աղբիւրն է ու անոր յառաջդիմութեան երաշխիքը: Աստուած մարդը ստեղծեց ո՜չ միայն որպէսզի իր ստեղծագործութեան պահապանը դառնայ այլ նաեւ զայն աւելի՜ ծաղկեցնէ: Հետեւաբար, մարդը արժէք է Աստուծոյ համար: Որեւէ ժամանակէ աւելի, մեր ազգին դիմագրաւած մտահոգութիւնները ու կարիքները, ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները կը մղեն մեզ բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ընծայելու մարդուժին. այլապէս մեր կեանքը պիտի աղքատանայ ու ցամքի ամէ՜ն իմաստով: Պարսկաստանի հայութիւնը մարդուժի հսկայ պաշար մը ունի: Անհրաժեշտ է զայն առաւելագոյն չափով ու ճիշդ կերպով օգտագործել զանազան բնագաւառներէն ներս: Այս ուղղութեամբ վերջին տարիներուն առնուած քայլերը հարկ է շարունակել առաւել աշխուժութեամբ ու յստակ ծրագրումով:

 

է) Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Իւրաքանչիւր գաղութ եւ իւրաքանչիւր հայ իր առաւելագոյնը պէտք է տայ այս նուիրական նպատակին: Որպէս հայրենամերձ գաղութ, Պարսկաստանի հայութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնն է բերած Հայաստանի վերաշինութեան աշխատանքներուն: Մեր թելադրանքն է, որ նո՜յն ոգիով ու հաւատքով ան մնայ զօրակից ու աջակից Հայաստանի հզօրացման նպաստող բոլոր ծրագիրներուն: Չմոռնանք երբեք որ Հայաստանի զօրացումը Սփիւռքի զօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար:

 

Հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր փաստօրէն Պարսկաստանի հայութիւնը առաւելաբար չորս գլխաւոր քաղաքներուն մէջ է համախմբուած, սակայն, ուրախութեամբ հաստատեցինք որ Թեհրանի թեմը չէ մոռցած Արաքը, Ղազուինը, Ռէշտը, Անզէլին, Սարին, Կորկանղորուխը, Համատանը եւ Քերմանշահը. Սպահանի թեմը՝ Ջարմահալը, Բերիան, Շիրազը, Ահվազը, Ապատանը, Խորամշահրը, Մազշէտ–Սուլէյմանը. եւ Ատրպատականի թեմը՝ Խոյը, Սալմաստը, Կեարտաւատը, Ռահվան, ինչպէս նաեւ սոսկ մի քանի տասնեակ հայ ընտանիքներ ունեցող այլ շրջանները: Պարսկաստանի հայութիւնը մէ՜կ ամբողջութիւն է հակառակ թեմական երեք շրջաններուն: Մէկ ամբողջութեան խոր գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ հարկ է գործել ու գործակցիլ: Հո՜ս է գաղութին հզօրութեան հիմքը:

 

Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Մեր պատգամին մէջ ըսինք՝ ՙՀայաստանի ծաղկումը, մեր միասնականութեան ամրապնդումը ու ազգային պահանջատիրութեան հզօրացումը պէտք է դառնան առաջնահերթ նպատակ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան համար՚: Համազգային այս հանգանակը պէտք է դառնայ կեանքին առանցքը ու գործին մղիչ ուժը նաեւ Պարսկաստանի հայութեան: Ա՜յս է հայ ժողովուրդի կեանքի միակ ճանապարհը: Վստահ ենք, որ Պարսկաստանի հայութիւնը վերանորոգ հաւատքով, վճռակամութեամբ ու տեսիլքով պիտի շարունակէ քալել այս ճամբէն:

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ անվթար պահէ ու պահպանէ Պարսկաստանի հայութիւնը՝ երկնային բարիքներով ծաղկեցնելով անոր կեանքը:

 

Հայրական ջերմ սիրով,

 

                                                                                                                                        Աղօթարար՝

 

                                                                                                       ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                                                                     ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

28 Մայիս 2012

Անթիլիաս, Լիբանան