Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական նամակը նորընտիր Պապին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Հռոմէական Եկեղեցւոյ նորընտիր Սրբազան Քահանայապետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Պապին, անոր ընտրութեան առթիւ, 14 Մարտ 2013: Ձերդ Սրբութիւն, Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ու եղբայրակցութեան ոգիով կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Վստահ ենք, որ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին դիմագրաւող մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն, Ձեր ընտրութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան…