ՄԱՆՈՒԿԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼ
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 14 Օգոստոս, 2011-ին:
Վերանորոգ հաւատքով դարձեալ մասնակից կը դառնանք Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի ուխտագնացութեան: Վստահ ենք որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ուխտ մը կատարած է այս հոգեպարար առիթով: Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ հիւանդներուն առողջութիւն, ճամբորդներուն ապահովութիւն ու գործոց յաջողութիւն պարգեւէ, մեր ազգին միութիւնը ամրապնդէ, մեր հայրենիքը հզօրացնէ, մեր ժողովուրդի երազները իրականացնէ եւ մեր բոլորին ուխտը ընդունի: Արդարեւ, հաւատքով կատարուած ուխտը ընդունելի է Աստուծոյ համար, որովհետեւ հաւատքն է քրիստոնեայ մարդուն կեանքին առանցքը ու իմաստը, երկիրը երկինքին բացող ու մարդը դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբան:
•
• •
Սուրբ Աստուածածնի տօնին առիթով տեղի ունեցող այս ուխտագնացութեան սեւեռակէտը Սուրբ Մարիամ Աստուածածինն է, որպէս տիպար մայրութեան ու խորհրդանիշ՝ քրիստոնէական վեհ առաքինութիւններուն: Ամէն տարի, այս առիթով, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ու յատկապէս՝ մեր մայրերուն ու քոյրերուն, Սուրբ Աստուածածինը ունենալու որպէս ուղեցոյց իրենց կեանքին: Միաժամանակ կը փորձենք Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի անձէն ճառագայթող արժէքներուն ու առաքինութիւններուն յարաբերաբար դիտել ու արժեւորել մեր կեանքին առնչուած երեւոյթ մը կամ մտահոգութիւն մը:
Աւետարանիչներուն վկայութեան հիմնական կէտը Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդը ըլլալով, անոնք յատուկ ուշադրութիւն չեն ընծայած Սուրբ Աստուածածնի եւ Յիսուս մանուկի, այլ խօսքով՝ ծնողք-զաւակ յարաբերութեան: Սակայն Աւետարաններու կատարած մի քանի յիշատակումները ցոյց կու տան, որ այդ յարաբերութիւնը եղած է խորունկ ու նշանակալից: Առաջինը՝ Յիսուս մանուկի տաճար ընծայումն է (Ղկ 2.22-38). երկրորդը՝ վկայութիւն մըն է թէ Յիսուս մանուկը կ’աճէր իմաստութեամբ ու ֆիզիքապէս (Ղկ 2.40, 52). իսկ երրորդը՝ 12 տարեկանին Յիսուսին տաճար այցելութիւնն է իր ծնողքին հետ (Ղկ 2.41-52): Այս հակիրճ յիշատակումներուն մէջ անհրաժեշտ է երկու կարեւոր կէտեր ընդգծել.- Առաջին, Սուրբ Մարիամին յարաբերութիւնը մանուկ Յիսուսին հետ: Յարաբերութիւն մը, որ սիրով, հոգածութեամը ու գուրգուրանքով լեցուն է. յարաբերութիւն մը, ուր մայրը մօտէն կը հետեւի իր զաւակին ֆիզիքական, մտային ու հոգեւոր աճման: Երկրորդ, Յիսուս մանուկին վերաբերումը իր մօր նկատմամբ: Վերաբերում մը, որ կը յատկանշուի հնազանդութեամբ ու սիրով. վերաբերում մը, ուր մանուկ Յիսուսին մօտ ակներեւ է հաւատարմութիւնը իր ընտանեկան աւանդութիւններուն ու արժէքներուն: Բեթղեհէմէն սկսած մայր ու զաւակի փոխադարձ սիրոյ այս յարաբերութիւնը շարունակուեցաւ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ողջ ընթացքին մինչեւ Գողգոթա ու յարութիւն:
•
• •
Ինչպէս գիտէք, ներկայ տարին հռչակած ենք ՙՀայ Մանուկի Տարի՚: Այս առիթով հրապարակած Մեր Հայրապետական Գիրին մէջ լայնօրէն անդրադարձանք մանուկին կարեւորութեան ընդհանրապէս ընկերութեան ու մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս: Հոն ընդհանուր գծերով յիշեցինք Աստուածաշունչին ու եկեղեցւոյ հայրերուն ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութիւնը մանուկին նկատմամբ: Յատկապէս ծանրացանք ահաւոր չարիքներով ու մոլութիւններով լեցուն ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ մեր մանուկներուն հոգեւոր ու ազգային կրթութիւն ջամբելու հրամայական կարեւորութեան: Ուրախ ենք, որ մեր գաղութներէն ներս զանազան ձեռնարկներու ու աշխատանքներու ճամբով ճիգ կը կատարուի հայ մանուկին նկատմամբ մեր ժողովուրդի ունեցած նախանձախնդրութիւնը ու պատասխանատուութիւնը աւելի խորացնելու ու գործնապէս արտայայտելու: Պէտք է շարունակուի այս գործընթացը:
Արդարեւ, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը, միշտ իր գրկին մէջ ունենալով Յիսուս մանուկը, մնայուն ներկայութիւն եղած է մեր եկեղեցիներէն ու մեր տուներէն ներս: Հետեւաբար, մեր զաւակներու կրօնական դաստիարակութեան մէջ, ընտանիքէն թէ դպրոցէն ներս, այս պատկերը պէտք է ունենանք մեր դիմացը, որպէս ծնողք-մանուկ յարաբերութեան մեր ճշմարիտ ուղեցոյցը: Նոյն այս պատկերի խորհուրդէն ու պատգամէն մեկնելով, ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել հետեւեալ չորս կէտերը.-
1) Մանուկը պէտք է սիրել: Յիսուսի ծնողքը, Մարիամ ու Յովսէփ, խորունկ սիրով կապուեցան մանուկ Յիսուսին: Սէր մը, որ միայն չմնաց Բեթղեհէմի մէջ, այլ շարունակուեցաւ մինչեւ Նազարէթ ու Գողգոթա: Սէր մը, որ սոսկ զգացական ու մակերեսային չէր, այլ իր խորունկ արմատները ունէր ծնողք-մանուկ յարաբերութեան մէջ: Աւետարանի մէջ կը տեսնենք ոչ միայն Մարիամ Աստուածածնի սէրը իր զաւկին նկատմամբ, այլ նաեւ Յիսուսին փոխադարձ սէրը իր ծնողքին նկատմամբ: Այսպէ՜ս պէտք է ըլլայ նաեւ մեր ծնողներուն վերաբերումը իրենց զաւակներուն նկատմամբ՝ եւ մանուկներուն վերաբերումը իրենց ծնողներուն նկատմամբ: Արդարեւ, ծնողք-մանուկ փոխադարձ սէրը միշտ կը մնայ նոյնը, եթէ հարազատ սէր է, բոլո՜ր տարիքներուն ու բոլոր պայմաններուն մէջ՝ զգացական սիրոյ յարաբերութիւնը հետզհետէ ստանալով գիտակցական խորք: Սէրը ոչ միայն քրիստոնէական առաքինութեանց մայրն է, այլ նաեւ ընտանիքի մը ամրութեան սիւնը ու միութեան երաշխիքը:
2) Մանուկը պէտք է խնամել: Ծնողքին աւագ պարտականութիւնն է ամբողջական ու հետեւողական խնամք ցուցաբերել իր զաւակին նկատմամբ՝ ֆիզիքական, հոգեկան ու մտային իմաստով: Մանուկը սիրել կը նշանակէ խնամել զինք, գուրգուրալ անոր վրայ, մօտէն հետեւիլ անոր ֆիզիքական ու հոգեմտաւոր աճման ու կազմաւորման: Ա՜յս պատասխանատու մօտեցումը ունեցաւ Յիսուսի ծնողքը: Ներկայ աշխարհի դժուար պայմաններուն մէջ, մեր մանուկները որքա՜ն կարիքը ունին իրենց ծնողքներուն լուրջ ու հետեւողական խնամքին, ամբողջական հոգածութեան ու մնայուն գուրգուրանքին: Անընդունելի է հետեւաբար, մանուկը սպասուհիի խնամքին յանձնելու մեր քաղքենիացած մայրերուն վերաբերումը: Մանուկը իր ֆիզիքական, հոգեւոր ու մտային աճումը պէտք է ստանայ իր մօր գիրկը: Ներկայ աշխարհի հաճոյքները պէտք չէ ծնողքը հեռու պահեն իրենց զաւակներուն տալիք խնամքէն:
3) Մանուկը պէտք է դաստիարակել: Չի՜ բաւեր միայն մանուկը սիրել եւ անոր ֆիզիքական աճման անհրաժեշտ կարիքները հայթայթել. այս բոլորէն առաջ ու վեր անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել, անոր աճման ու կազմաւորման ընթացքը թրծելով բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով, սկզբունքներով ու աւանդութիւններով: Այսպէս դաստիարակեցին Մարիամ ու Յովսէփ Յիսուս մանուկը: Դաստիարակութիւնը, սոսկ ծանօթութիւններու մատակարարում չէ, այլ մանուկին հոգիին ազնուացումն է, անոր մտքին կազմաւորումը, անոր կեանքին հարստացումը այնպիսի արժէքներով որոնք էութիւնը կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքին ու խարիսխը՝ մեր ազգային ինքնութեան: Ընտանիքին դերը վճռական է մանուկին քրիստոնէական ու ազգային նկարագրի կազմաւորման մէջ: Չմոռնանք որ մանուկին առաջին ու մնայուն եկեղեցին ու դպրոցը իր ընտանիքն է իր նուիրական միջավայրով:
4) Մանուկը պէտք է պաշտպանել: Եբրայական աւանդութիւններով ու օրէնքներով դաստիարակելու առընթեր, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը կը տեսնենք միշտ իր զաւակին կողքին՝ զինք պաշտպանելու ու անոր քայլերուն մօտէն հետեւելու դերին մէջ: Պաշտպանելը պէտք չէ սովորական իմաստով հասկնալ. ան կը նշանակէ հետեւիլ, գուրգուրալ, խնամել ու հեռու պահել մանուկը այն բոլոր երեւոյթներէն ու միջավայրերէն, որոնք կրնան աղարտել կազմաւորման ընթացքի մէջ գտնուող մանուկի ներաշխարհը ու նկարագիրը: Այլազան չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ հայ մանուկը որքա՜ն կենսական կարիքը ունի իր ծնողքին, իր եկեղեցւոյ ու դպրոցին, մեր բոլորին մնայուն ու ամբողջական պաշտպանութեան:
Ազգի մը ապագան կերտողը պիտի ըլլայ այսօրուան մանուկը: Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք մանուկին: Ներկայ աշխարհին մէջ ազգեր ու կազմակերպութիւններ հսկայ գումարներ կը ծախսեն մանուկներու դաստիարակութեան, խնամքին ու պաշտպանութեան առնչուած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Հակառակ այս իրողութեան, ամէն օր միլիոնաւոր մանուկներ զոհ կը դառնան՝ տեղ մը հիւանդութիւններու, ուրիշ տեղ մը աղքատութեան. տեղ մը անոնք ենթակայ կը դառնան ընկերաբարոյական չարիքներու, այլ տեղ մը տնտեսական շահագործումներու: Հազար փառք Աստուծոյ, որ մեր մանուկները լայն չափով հեռու են նման ընկերային չարիքներէ ու հոգեբարոյական ախտերէ: Սակայն մեր մանուկները կարիքը ունին աւելի լուրջ հոգածութեան, աւելի ամուր պաշտպանութեան, աւելի ծրագրուած դաստիարակութեան: Անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցին, Հայաստանի մէջ պետութիւնը, սփիւռքի կեանքէն ներս գործող մեր կրթական, մշակութային, ընկերային թէ բարեսիրական միութիւններն ու կառոյցները, գործնական ծրագիրներու ճամբով, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեն հայ մանուկին նկատմամբ:
Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յատուկ կարեւորութիւն տուաւ մանուկներուն ըսելով՝ ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը (Մտ 18. 1-5): Այսօր Քրիստոսի խորհրդական մարմինը՝ եկեղեցին իրեն կը հրաւիրէ մանուկները: Արդ, սիրելի ծնողներ, եկեղեցի առաջնորդեցէք ձեր մանուկները, որպէսզի անոնք Աստուծոյ շունչով ու Սուրբ Հոգւոյ շնորհներով կազմաւորուին ու աճին:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
14 Օգոստոս, 2011
Անթիլիաս, Լիբանան