ՀԱՍԿ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2019
Լոյս տեսած է ՀԱՍԿ-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2019 թիւը։ Կարդալու համար սեղմել հոս։
Լոյս տեսած է ՀԱՍԿ-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2019 թիւը։ Կարդալու համար սեղմել հոս։
«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔՈՎ ԵՒ ԳՈՐԾՈՎ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին՝ Ս. Ստեփանոս նախավկային յիշատակի տօնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր…
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսչութեան, Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» հատորներուն շնորհահանդէսը։ Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներէն Շողիկ Եփրեմեան։ Ան նշեց, թէ շնորհահանդէսը առիթ է մեծարելու Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը տարածող…
Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Համահայկական Հիմնադրամին աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Յայտնենք, որ դեսպան Աթաբէկեան եւ Հիմնադրամի տնօրէն Արշամեան նաեւ ներկայ գտնուեցան առաւօտեան Անթիլիասի…
Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նշեց Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։ Ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, աւելի քան 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եւ անոր ընկերակցող նուագախումբը, որ կ՚ընդգրկէր ջութակ, քանոն, տուտուկ, դհոլ եւ դաշնակ, հրամցուցին մեր…
Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, Բիւրոյի անդամներ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համահայկական արժէքներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ’ողջունենք այս եզակի իրագործումը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու հայ դատի մարմինները ու յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող հայ դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի…
Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ Տիար Խաչիկ Ճանէլ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած իր 11 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր նամակով կը հաղորդէր Բարձրաշնորհ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը, որպէս Պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ: Վեհափառ Հայրապետը նորընտիր Պատրիարքին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսաւ. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը:…
Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, մօտէն տեղեակ դառնալու ընդհանրապէս Լիբանանի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան…
Այսու կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, յառաջիկայ տարին՝ 2020-ը հռչակեց յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի: Հաշմանդամներու նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին. եւ ապա՝ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: …
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր՝ մամլոյ տարուան առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան՝ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը՝ վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը…
Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհգացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները…
Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները՝ գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին։ Առաջնորդ սրբազանը, առաջին հերթին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի յատկացուց հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լիբանանի այժմու կացութեան ծիրէն ներս թեմը…
Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութիւններուն առնչուած շարք մը հարցերու:
Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հաւաք մը: Վեհափառ Հայրապետը նախ պարզեց ներկաներուն Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ Կաթողիկոսարանի բացած դատին վերջին զարգացումները: Այս մասին անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Իրաւական Յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Սփիւռքի…
Երկու տարիներ առաջ Հայ Եկեղեցւոյ մասին անգլերէն գրուած Վեհափառ Հայրապետին գիրքը թարգմանուեցաւ եւ լոյս տեսաւ ռուսերէնով: Անգլերէնէ ռուսերէն թարգմանիչն է Լիլիթ Աղէկեան, իսկ հրատարակութեան մեկենասներն են Կերի եւ Ճենիս Արուանիկեանները: Յայտնենք, որ նոյն գիրքը արդէն իսկ թարգմանուած է նաեւ պարսկերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի ու արաբերէնի: Այլ լեզուի թարգմանութիւններ ընթացքի մէջ են:
Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակուեցաւ չորրորդ դարուն սկիզբը, 301 թուականին, իսկ անկէ առաջ միշտ հալածանքներու ենթարկուած էին բոլոր անոնք, որոնք հեթանոսութենէ դուրս ուրիշ կրօնքի կը պատկանէին։ Հայ եկեղեցին իր Տօնացոյցին եւ Յայսմաւուրքին մէջ ունի Հայաստան աշխարհի նախաքրիստոնէական դարերուն նահատակուած բազմաթիւ մարտիրոսներու ու նահատակներու անուններ: Սա ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած…
«Մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ առանցքային ներկայութիւն, ո՛չ ձեւական կերպով, ո՛չ սոսկ լսողի ու հետեւողի դերով, այլ՝ մասնակցողի։ Մենք յոյժ կարիքը ունինք երիտասարդութեան, անոր մտքին ու շունչին։ Փորձառութիւնը բնական ընթացքով կու գայ, սակայն երիտասարդութեան իւրայատուկ մօտեցումը եւ անոր բերելիք մասնագիտական նպաստը էական են մեր կեանքին համար։ Հնամաշ գործելակերպերէ, կարծրատիպ մտայնութենէ, երբեմն…
Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխաններէն Նաամաթ Աֆրամ։ Անոր այցելութեան նպատակն էր ունենալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը՝ Լիբանանէն ներս պարզուած կացութեան ու մանաւանդ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապի լուման գծով։ Իր կարգին, երեսփոխանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց վերջին օրերուն քաղաքական, պետական ու ժողովրդային զանազան շրջանակներու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն եկող տեղեկութիւնները եւ…
24-27 Նոյեմբեր 2019-ին, Պուտափէշտի (Հունգարիա) մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Արեւմուտքի եկեղեցիներուն, պետութիւններուն ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն գործնապէս զօրակցելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն: Միջազգային համագումարը կազմակերպուած էր Հունգարիոյ պետութեան կողմէ ի պաշտպանութիւն «Հալածուող Քրիստոնեայ» համայնքներուն խորագիրով: Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 200 բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝…
Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ երգահան, խմբավար եւ ուսուցիչ Բարսեղ Կանաչեանին «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու»ն՝ երկու հատորով։ Աշխատութեան խմբագիրներն են երգահաւաք եւ երաժշտաբան Պետրոս Յովսէփ Ալահայտոյեան եւ երաժշտական խմբագիր ու համակարգչային նօթագրող Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեան։ Աշխատութիւնը կը պարունակէ 7 մեներգներ, 34 խմբերգներ, 19 մանկապատանեկան երգեր եւ…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բերիոյ թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Հրաչ Յակոբեան: Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մշտական վերանորոգման ու վերակազմաւորման ընթացքի մէջ ըլլալ, որպէսզի կարենայ եկեղեցին պատերէն անդին ժողովուրդին տանիլ՝ ինչպէս յաճախ կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը։ Եւ քանի որ շարունակական ուսումնառութիւնը եւ մասնագիտական զարգացումը նախապայման է որեւէ մարզի մը արդիւնաւէտութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, համագործակցաբար Հայկազեան Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնին (Center for Continuing Education)…
Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանէն։ Պարոն նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցեցան Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին շուրջ։ Նախագահ Սահակեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը, օգտակար ըլլալու Լիբանանի հայութեան։
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ։ Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրութեան արդիւնքին մասին՝ հայցելով սրբազան հօր ընտրութեան վաւերացումը։ Յայտնենք, որ…
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրադարանին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ Միութեան կատարած գործին՝ զայն նկատելով առաքելութիւն եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…
Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով կազմակերպուած թատերական յանձնախումբի անդամները, զինք պաշտօնապէս հրաւիրելու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ձեռնարկին։ Երգախառն թատրերգութեան հեղինակն է Լիլի Թոմասեանը, որուն գործը անգլերէնէ թարգմանած եւ բեմադրութիւնը կատարած է Սուրէն Խտըշեանը։ Նախաձեռնութեան մեկենասն է «ԳՈՀԱՐ» համոյթը։…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար մշակութային մարզը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Արդարեւ Կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ, զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են՝ Մատենադարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ» Հայագիտականը, Տպարանը եւ հրատարակչական ծրագիրները։ Մշակութային ոլորտէն ներս, Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ, եւ…
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան:
Քանի մը օրեր առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Այսօր» թերթին Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչը: 1952-ին հաստատուած յիշեալ թերթը, որ կը բաղկանայ տեղեկատուական զանազան միաւորներէ, Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական կարեւորագոյն օրկաններէն մէկն է՝ աւետարանական հակում ունեցող: Հարցազրոյցի մուտքին թղթակիցը ներածական…
On Monday, November 4th, 2019, His Holiness Aram I received Dr. Avedis Dakessian, member of the Armenian Democratic Liberal Party Ramgavar, accompanied by Joseph Ganimian, member of the Spiritual Council of the Holy See Etchmiadzin. During the meeting they discussed matters related to the current situation in Armenia and challenges concerning the Armenia-Diaspora relations.
Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեանց առնչուածհարցեր։
28 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր 2019-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս, տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբի 8-րդ հանդիպումը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։ Ժողովը շարունակեց 2017 թուականին Իրլանտայի մէջ ընթացք առած եւ 2018-ին Լիբանանի մէջ շարունակուած «Հեղինակութիւնը Եկեղեցւոյ Մէջ»…
Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին, ընկերակցութեամբ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ Ժոզէֆ Կանիմեանի։ Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկումներ կատարելու ու տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու։
Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները։ Այս առիթով, Կիրակնօրեայ վարժարանի մանուկները կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան Նորին Սրբութեան դիմաց՝ շարականի երգեցողութեամբ եւ անմեղ հոգիէ ու սիրտէ սաղմոսներու ու աղօթքներու…
Օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իրենց ուսման եւ ծառայական առաքելութեան աւարտին վերադարձան Անթիլիասի Մայրավանք։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Տաճատ Վրդ.ը նշանակուեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ, իսկ Պարոյր Վրդ.ը՝ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներուն Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, եւ ապա երկու ժողովները ունեցան իրենց միացեալ հանդիպումը (29-31 Հոկտեմբեր) Սուրբ Աթոռին առաքելութեան առնչուած ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու քննարկման։ Բ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ 1) Շինարարական Աշխատանքներ Զեկոյց տրուեցաւ ժողովին, թէ անցնող շաբաթներու ընթացքին աւարտած են շինարարական հետեւեալ…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները Երեքշաբթի ու Չորեքշաբթի (29-30 Հոկտեմբեր 2019) օրերուն ունեցան իրենց աշխատանքային հանդիպումները եւ ապա Հինգշաբթի (31 Հոկտեմբեր 2019)՝ միացեալ հանդիպում մը: Ստորեւ զեկոյցներով, քննարկումներով ու որոշումներով հարուստ յիշեալ երեք լիակատար հանդիպումներու աշխատանքային ամփոփ պատկերը.- Ա) ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ 1) Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը,…
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներով ջերմօրէն կ՚ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը։ Արդարեւ, սա վճռական քայլ մըն է ու յատկանշական իրագործում մը՝ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդման ճանապարհին վրայ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…
Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, սկսան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը: Առաջին հերթին, այսօր ամբողջ օրը հանդիպեցաւ Կրօնական Ժողովը: Վաղը պիտի հանդիպի քաղաքական ժողովը, իսկ Հինգշաբթի Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները պիտի ունենան իրենց միացեալ նիստը: Յառաջիկայ օրերուն յիշեալ նիստերու ընթացքին առնուած որոշումներուն շուրջ տեղեակ պիտի պահենք…
Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019 Այսօր 10-րդ օրն է լիբանանցի ժողովուրդին ըմբոստութեան։ Ըմբոստութիւն փտածութեան, ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, կաշառակերութեան եւ այլ յոռի երեւոյթներուն դէմ։ Առաջին իսկ վայրկեանին Մենք յստակ կերպով ըսինք, թէ ժողովուրդին հետ ենք՝ ամբողջութեամբ բաժնելով ժողովուրդին մտահոգութիւնը, ընդվզումը ու պոռթկումը։ Արդարեւ, այս ըմբոստութեամբ, որուն ռահվիրաները դարձան կիներն ու երիտասարդները, լիբանանցի ժողովուրդը գործնապէս վկայեց, թէ ինք միակամ…
Լոյս տեսած է ՀԱՍԿ-ի Օգոստոս-Սեպտեմբեր 2019 թիւը։ Կարդալու համար սեղմել հոս։
Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Պքերքէի մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ, քրիստոնեայ հոգեւորականաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ պետերու եւ եպիսկոպոսներու։ Հանդիպումին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք որդեգրել շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ըմբոստութեան առնչութեամբ։ Սրտբաց մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հոգեւորականներ մէկ կողմէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին, իսկ…
8-10 Հոկտեմբեր 2019-ին, Դանիոյ մէջ կայացաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions), որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով իր մասնակցութիւնը բերաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Եռօրեայ ժողովի ընթացքին, մասնակիցները զեկուցեցին իրենց եկեղեցական ընտանիքներու միջ-եկեղեցական աշխատանքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Կաթողիկոսարանին ներկայացուցիչ Հայր սուրբը եւս…
Վերոնշեալ պատգամը առանցքային տեղ գրաւեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութեան մէջ, զոր տուաւ անգլերէն լեզուով՝ Հարիսայի համագումարներու սրահին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ընթացքին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի եւ Անգլիոյ Ս. Գրոց Ընկերակցութեանց միացեալ ճիգով եւ համագործակցութաեմբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ։ Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր «Ի՞նչ է պատգամը Աստուածաշունչին այսօր Միջին Արեւելքի…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հրաւէրով, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերէն Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի ժողովը։ Ժողովին մասնակցեցեան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան (Լուսարարապետ), Գերշ. Տ. Թոմաս Մետրոպոլիտ եւ Գերշ. Տ. Անկելոս Մետրոպոլիտ (Ղպտի…
«ԹՈՂ ԱՇԽԱՐՀԸ ԴԻՏԷ, ՀՈՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ, ԹՈՒՐՔ ԲԱՆԱԿԸ ՋԱՐԴ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ԻՍԿ ՀՈՍ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ, ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԼԾՈՒԱԾ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ոյժերուն հայկական ջոկատը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Դեսպան Աթաբէկեան խօսք…
Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հունգարիոյ Արտաքին Օգնութեան Պետական նախարար Դ. Ազպէճ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Ճեզա Միհալյիի։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետէն իմանալ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան ու յատկապէա քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան, հիւրերուն…
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր2019-ին, համդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն սփիւռքի մէջ` հայապահպանման առումով ընդհանրապէս, եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին մէջ մասնաւորաբար: Կեդրոնական վարչութեան տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ցուցաբերած հոգածութեան…
Իւրաքանչիւր հայ դպրոցի վերամուտ արեւածագ մըն է հայ ազգին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը աղբիւրն է հայաշունչ կրթութեան եւ դաստիարակութեան։ Իսկ երբ վերամուտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքինն է, ապա այդ կրկնապատիկ արեւագալ է, որովհետեւ Դպրեվանք կոչուած մարդակերտումի բովէն անցնողն ու անոր տեսիլքէն կայծ մը առնողը տարբեր անձ կը դառնայ, իրաւացիօրէն կը վկայէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…
Անցնող երկու ամիսներու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցան վերանորոգման աշխատանքներ, բարձր հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազնիւ բարերարութեամբ Ամերիկայի հիւսիսային արեւմտեան հայոց թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլին։ Արդարեւ, վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին, Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, միաբան հայրերէ կազմուած…
Ուրբաթ առաւօտ, 11 Հոկտեմբեր 2019-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Նորվեկիոյ դեսպանուհի Լինի Սթանսիթին։ Իր պաշտօնը նոր ստանձնած ըլլալով՝ դեսպանուհին ուզեց իմանալ Վեհափառ Հայրապետին վերլուծումը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան շուրջ։ Այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցէ դեսպանուհիին հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին…
Վերջին օրերուն լրատուական միջազգային միջոցները կեդրոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն ներս թրքական բանակային միաւորներու յառաջխաղացքին եւ անոր յառաջացուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիաեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ Վեհափառ Հայրապետը զանազան շրջաններէն ներս…
8 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստ մաղթել վերջին օրերուն Հոլանտա եւ Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն վերադարձին առիթով, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան փոխանցել Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէն նամակ մը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր անդրադարձ…
Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Ճորճ Սրկ. Պրիխանեանին՝ վերանուանելով Տ. Մանուկ աբեղայ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, միաբանութեան կապուած բոլոր ձեռնադրութիւնները եւ վարդապետական…
Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։ Հանդիպումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ նախագահ Սարգիսեանին։
Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) պատասխանատու խմբակին հետ՝ ընդառաջելով անոր փափաքին։ Խմբակի ղեկավար Ճ. Փիթըրսըն անակնկալ կերպով հանդիպումէն առաջ ճամբորդած ըլլալով, հանդիպումին ներկայ եղան իր փոխանորդն ու անմիջական խորհրդականը։ Անոնք յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին, որ 30 Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ պիտի առնէ…
Երէկ, Հոլանտայի Իւթրեխթ քաղաքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր երկրորդ դասախօսութիւնը՝ «Միջ-եկեղեցական Շարժումը Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց» խորագիրով։ Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցաւ Հոլանտայի միջ-եկեղեցական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ ժամանակներուն առնչուած շարք մը հարցեր, որոնց նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր տեսակէտները։ Ապա, անցնելով իր…
Վերջին երկու օրերու ընթացքին, Իւթրեխթի (Հոլանտա) մէջ տեղի ունեցող աստուածաբանական քննարկումները այսօր յետ միջօրէին հասան իրենց աւարտին։ Յայտնենք, որ երկու տարիներ առաջ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ առաջարկով աստուածաբանական ու բարոյագիտական այժմէական հարցերու քննարկումներուն նուիրուած խորհրդակցական գործընթացք մը սկսած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յիշեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Գործընթացքին նպատակն էր քննարկումներու ճամբով յստակեցումներ կատարել ու…
Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Հոլանտա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր առաւօտեան Իւթրեխթէն մեկնեցաւ Լահէյ՝ Հոլանտայի քաղաքական մայրաքաղաքը, Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսին հետ միասին եւ հանդիպում ունեցաւ իշխող կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց խորհրդարանի յանձնախումբի ատենապետին հետ, քաղաքաի կառավարական շէնքին մէջ։ Խորհրդակցութեան առանցքը Միջին Արեւելքն էր, որուն ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ու Հոլանտայի յարաբերութեանց։…
Հրաւէրով Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հոլանտա։ Օդակայանին մէջ արքեպիսկոպոսը դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ ապա անոնք ուղղուեցան Իւթրեխթ, ուր կը գտնուի յիշեալ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին։ Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մայր տաճարը՝ իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, եւ հանդիպում ունեցաւ արքեպիսկոպոսին հետ՝ անոր օգնականներուն ներկայութեան։ …
Ընդառաջելով Հոլանտայի Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պետին հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այսօր մեկնեցաւ Հոլանտա։ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որու ընթացքին ան երկու դասախօսութիւններ պիտի տայ տարբեր համալսարաններու մէջ եւ պիտի նախագահէ աստուածաբանական ու բարոյագիտական նիւթերու քննարկումներու նուիրուած հանդիպումին։ Հոլանտա կատարելիք այցելութեան Հայրապետին պիտի ընկերանան Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ.…
Երէկ՝ Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, որուն ներկայ էին վանաբնակ հինգ եպիսկոպոսներ եւ քսան վարդապետներ: Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար ողջունելով միաբան հայրերը՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ամրան շրջանին թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ թէ՛ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Կաթողիկոսարանը իր ժողովրդանուէր առաքելութիւնը շարունակած է՝ միաբան հայրերուն գործօն…
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթապէկեան: Հանդիպման նպատակն էր Նորին Սրբութեան ցաւակցութիւն յայտնել Վեհամօր՝ Լուսին Քէշիշեանի մահուան տխուր առիթով։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած նիւթերու շուրջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի շուրջ ամիս մը առաջ սկիզբ առած Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ «Կիլիկիա» թանգարանին վերանորոգութեան աշխատանքներուն, որոնք կ՚իրագործուին բարերարութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեաններու եւ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններու։ Յայտնենք, որ ձեռագիրներու առնչուած աշխատանքները հասան…
Երկու օրեր առաջ, Մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ղաննուպիններու հովիտի» կրօնական մշակոյթին մասին: Յիշեալ շրջանին մէջ յունական եւ ասորական մշակոյթներու ազդու ներկայութիւն եղած է դարերու ընթացքին, որ հետագային նպաստած է երկխօսութեան ու փոխներգործութեան: Շրջանէն ներս կը խօսուի նաեւ հայկական ներկայութեան մասին: Համագումարին նպատակն էր վերբերել Քրիստոնէական առաջին դարերու քրիստոնէական վկայութիւնը Լիբանանէն…
Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, ամբողջ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւններ ընդունեց Վեհամօր մահուան առիթով: Ցաւակցութեան համար Անթիլիասի Մայրավանք եկան նախարարներ, դեսպաններ, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլահ Ալ Պուխարին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն շուրջ:
Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատացեալներու, Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի թաղման կարգը։ Իր դամբանականին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի…
Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ասորի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին: Այցելութեան նպատակը ցաւակցութիւն յայտնել էր Նորին Սրբութեան՝ անոր մօր մահուան առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական ու շրջանային հարցերու:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին 10-ամեակին առիթով, ընդառաջելով Համազգայինի ընտանիքին խնդրանքին, Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019-ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանահայութեան ազգային, եկեղեցական, մշակութային ու ընկերային կեանքէն ներս իր ներդրումը ու մասնակցութիւնը բերած Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլը։ …
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին “The Armenian Church” հատորին պարսկերէն թարգմանութիւնը՝ «كليساى ارمنى» (Հայ Եկեղեցին)՝ թարգմանութեամբ՝ Վեր. Միշել Աղամալեանի։ Գործը նախաձեռնած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ մեկենասութիւնը ստանձնած է Տ. եւ Տիկ. Ասպետ Հայկազ Թահմազեանը։ Յայտնենք, որ յիշեալ գիրքին գերմաներէն, արաբերէ ու ռուսերէն…
Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Քիւպիշ։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու հետեւեալ հարցերը.- Լիբանանի այժմու կացութիւն, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն, Մ.Ա.Կ.ի դերը միջազգային գետնի վրայ։ Յիշեալ հարցերուն շուրջ աւելի քան ժամ…
Յաճախակի առիթներով, նոյնիսկ առօրեայ դրութեամբ, հայ թէ օտար հիւրեր եւ ուխտաւորներ կ’այցելեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ թէ՛ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք մօտէն կը ծանօթանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանզան բնագաւառներուն: Երէկ, Անթիլիասի մայրավանք այցելեցին Տանիմարքայէն խումբ մը Լուտերական եկեղեցւոյ պատկանող հոգեւոր հովիւներ, ապա ուղղուեցան «Թռչնոց Բոյն»: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…
Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ նուիրուած ձեռագիրներու պահպանման կարեւորութեան ու կարելիութեան: Ներկայ էին միաբան հայրեր, Դպրեվանքի սարկաւագներ, թանգարանի յանձնախումբի անդամներ եւ օտար հիւրեր: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին Անթիլիասի մայրավանքէն ներս նոյն աշխատանքին լծուած գերմանացի մասնագէտները: Անոնք ներկաներուն պարզեցին ձեռագիրները պահպանելու ազդու…
Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ԻՒՆԻՖԻԼ-ի՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հարաւային Լիբանանի խաղաղարար ոյժերու հրամանատար զօր. Փիշիոթայի՝ ընկերակցութեամբ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատու իր երկու օգնականներուն։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու կոչուած Միացեալ Ազգերու ոյժերու առաքելութեան: Յայտնենք, որ յիշեալ առաքելութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակէն…
Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիա եւ Հոլանտա տուած իր աշխատանքային այցելութենէն այսօր վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։ Յիշեալ այցելութեան ընթացքին Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի վերջին զարգացումներուն առնչուած աշխատանքներուն՝ մնայուն կապի մէջ ըլլալով իրաւական յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ հետապնդեց Հոկտեմբերի սկիզբը Հոլանտա կատարելիք իր այցելութեան առնչուած եւ Նոյեմբերին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական համագումարի…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ Ստորեւ Նորին Սրբութեան նամակը.- Մեծայարգ Տիար Բակօ Սահակեան Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ Մեծայարգ եւ Սիրելի Պարոն Նախագահ, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան Օրը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն։…
Անցնող շաբթուան ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Լիբանանի Ընդհանուր Առողջապահութեան Նախարարութեան հովանիին տակ գործող NOD-LB (National Organization of Organ Donation and Tissue Transplantation) մասնագիտական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան։ Կազմակերպութեան հիմնական…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող միաբաններ կը ծառայեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս: Անոնց ծառայութեան վայրն ու բնոյթը, ինչպէս նաեւ ժամանակաշրջանը մնայուն հանգամանք չունին, կը ճշդուին Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ ըստ կարիքի ու յարմարութեան: Միաբանութեան ծառայութեան դաշտէն ներս հետեւեալ փոփոխութիւններն ու նշանակումները կատարուեցան.- — Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան երկար…
Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս երկրորդ տարին ըլլալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու անմիջական հսկողութեամբ տեղի ունեցաւ համալսարանական ուսանողներու ու համալսարանաւարտ երիտասարդներու խտացեալ դասընթացք: Հիւսիսային Ամերիկայի մեր թեմերուն յատուկ յիշեալ դասընթացքին կը մասնակցին առաւելագոյնը 22 երիտասարդներ՝ ընտրուած թեմերուն կողմէ: Դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ անգլերէն լեզուով եւ կը քննարկէ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներու…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից Հայոց Թեմին։ Հայր սուրբը շուտով պիտի մեկնի Քուէյթ թեմական ծառայութեան լծուելու։ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս վարած է զանազան պաշտօններ եւ վերջին տարիներուն յատկապէս ստանձնած էր Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը30 Յուլիս 2019-ին դա՛րձեալ դիմեց թրքական դատարան, օրինական հայցներկայացնելով Սիսի նախադատատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսիպատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի հետ աշխատակցող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներու լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ: Շուրջ հազար…
Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը ստանձնեց Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան ծախսերը. իսկ դարձեալ նոյն թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլը ստանձնեց Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծախսերը։ Երկու կառոյցներուն վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ պիտի…
2020 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան…
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի «Ուխտի Օր»ուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 17 Օգոստոս, 2019։ ԴԷՊԻ ԱՌՈՂՋ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, այս հոգեպարար մթնոլորտին մէջ, մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին 20 Օգոստոս 2019-ին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։ Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններ Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Մայր…
Կիրակի, 8 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպույեան։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր անոր վստահուած առաքելութեան մէջ։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց…
Սուրբ Աստուածածնի ուխտի օրուան բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ, խօսելով հայ ընտանիքին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները պահելու հրամայական անհրաժեշտութեան մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր յստակ տեսակէտը պարզեց, այսպէս կոչուած, «Իստանպուլի Գոնվենցիայ»ին մասին: Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց իր մօտեցումը.- 1) «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի…
Ս. Աստուածամօր վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարփակէ կրօնական ու ազգային դիմագիծերը։ Ան եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը կը հանդիսանայ: Վերափոխման տօնին առիթով, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նշէ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը, տեղի կ՚ունենայ Աստուածաշունչին եւ մեր հայերու աւանդութեան համաձայն երախայրիքի եւ ոչխարի…
Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, աղօթասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ, երրորդ տարին ըլլալով, աւելի քան 1000 ուխտաւորներ ուխտեցին քալել Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին Վանք։ Արդարեւ, Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ, ուխտերթը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին։ Հաւատացեալներու շարքերուն մէջ կային հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս…
Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիրակութեան բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2019-ին Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առիթով տեղի ունեցան Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար դասախօսութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ աղօթասացութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Երկուշաբթի առաւօտուն ուխտաւորները հաղորդուեցան «Մարիամ Աստուածածնի Կուսութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուց Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ.…
Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին։ Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը՝ «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը։ Ծրագիրը նախաձեռնուած է համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերմիանիոյ մէջ «Հայկական…
Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։ Դեսպանը Հայրապետը տեղեակ պահեց Վատիկանի եւ Լիբանանի յարաբերութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու ու նոր զարգացումներու շուրջ։ Յայտնենք, որ Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս եղած է երեսփոխան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Նկատի ունենալով ընդհանրապէս երիտասարդութեան ու յատկապէս համալսարանական երիտասարդներու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախանձախնդրութիւնը, երկրորդ տարին ըլլալով, Կաթողիկոսարանը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Դպրեվանքին միացեալ ճիգով, կը կազմակերպէ երիտասարդական խտացեալ դասընթացք։ Յիշեալ դասընթացքը կ՚ընդգրկէ երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշնչական, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, հայ դատի,…
Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։ Յայտնենք, որ 1999 թուականին Նորին Սրբութիւնը Փրոֆ. Տատրեանը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ըսած…
Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, յընթացս Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան ստացան Վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Վարուժան…
Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող երիտասարդ չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, պաշտպանեցին իրենց վարդապետական աստիճանի աւարտաճառերը: Պսակ Վարդապետին աւարտաճառի նիւթն էր…