ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՉՈՐՍ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ

Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող երիտասարդ չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, պաշտպանեցին իրենց վարդապետական աստիճանի աւարտաճառերը:   Պսակ Վարդապետին աւարտաճառի նիւթն էր…