Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները։

 

Այս առիթով, Կիրակնօրեայ վարժարանի մանուկները կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան Նորին Սրբութեան դիմաց՝ շարականի երգեցողութեամբ եւ անմեղ հոգիէ ու սիրտէ սաղմոսներու ու աղօթքներու առ երկնաւոր Հայր վերառաքումով։

 

Ի տես այս հոգեպարար երեւոյթին, Նորին Սրբութիւնը իր հոգեկան ուրախութիւնը յայտնեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ լծուած են մատղաշ սերունդին կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այսօրուան համաշխարհայնացած աշխարհը լեցուն է բազմաթիւ ու բազմապիսի մարտահրաւէրներով, որոնցմէ հարկ է պահպանել ու պաշտպանել մեր զաւակները՝ անոնց փոխանցելով մեր հոգեմտաւոր ու բարոյական արժէքները։

 

Աւարտին, Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց մանուկներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ մաղթելով, որ Աստուած պարգեւէ օրհնութիւններով լեցուն տարեշրջան մը։