ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Նկատի ունենալով ընդհանրապէս երիտասարդութեան ու յատկապէս համալսարանական երիտասարդներու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախանձախնդրութիւնը, երկրորդ տարին ըլլալով, Կաթողիկոսարանը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Դպրեվանքին միացեալ ճիգով, կը կազմակերպէ երիտասարդական խտացեալ դասընթացք։   Յիշեալ դասընթացքը կ՚ընդգրկէ երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշնչական, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, հայ դատի,…

«ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՄԱՀԸ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸՆ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։   Յայտնենք, որ 1999 թուականին Նորին Սրբութիւնը Փրոֆ. Տատրեանը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ըսած…