Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի անձնական ներկայացուցիչները։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Խորհրդարանի նախագահին բարեմաղթութիւնները Ս. Աստուածածնի տօնին առիթով եւ պաշտօնապէս հրաւիրել Մուսա Սատրի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի…