Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Էմին Ժեմայէլը:

 

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման Միջին Արեւելքը ու Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: