Հինգշաբթի 8 Օգոստոս 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին:
Անձնական այցելութեան բնոյթ կրող սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայ Եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առնչուած հարցեր:
Ապա Սրբազան Պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին: