Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ատենապետ՝ Յակոբ Տիգրանեան, Պետական երեսփոխան՝ Սեպուհ Գալփաքեան, Տոքթ. Եղիկ Ճէրճէեան, Տիար Շաւարշ Ակինեան եւ Տիար Ալեքսան Քէօշկէրեան:
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին նշումը: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը դիմագրաւող մարտահրաւէրները համազգային ճիգով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: