Ուրբաթ 13 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանահայ դասական երգերու անուանի մենակատար՝ Գէորգ Պեպեճեանը:
Սոյն ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Պրն. Գէորգ Պեպեճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, մեկնաբանեց հայկական, ժողովրդային, հոգեւոր եւ միջազգային դասական փունջ մը երգեր:
Ձեռնարկի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով մեծապէս գնահատեց Գէորգ Պեպեճեանի վաստակը Հայ երաժշտութեան ծանօթացման եւ ներկայացման մարզին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսական Օրհնութեան Գիր յանձնեց Պրն. Պեպեճեանին եւ պարգեւատրեց զինք «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: