Շաբաթ գիշեր, 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնական ու մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նշանակեալ Վարչապետ՝ Թամամ Սալամի հետ։
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական ու շրջանային հարցեր։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն ծանօթ է նշանակեալ Վարչապետին։