Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Երեքշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան՝ Տէյվիտ Հէյլի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Սուրիոյ տագնապին, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիամգրաուած մարտահրաւէրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին կապուած հարցերու մասին։

 

Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ հարցերուն շուրջ պարզեց իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցումները։ Միացեալ նահանգներու դեսպանը մեծապէս գնահատեց Նորին Սրբութեան կատարած իրատես վերլուծումները եւ արժեւորումները։

 

Տեսաերիզը դիտել հոս։ https://www.youtube.com/watch?v=ECyx7mmbvug