Չորեքշաբթի 28 Օգոստոս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կրթական եւ Բարեգործական Միութեան նորընտիր Վարչութեան, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արամ Մալեանին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ պետական Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան:
Յանձնախումբը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը միութեան պատկանող բարեսիրական ու կրթական կառոյցներու գործունէութեան ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու կարիքներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Հ.Կ.Բ.Մ.-ի տարած աշխատանքները՝ կրթական, ընկերային ու բարեսիրական մարզերէն ներս: Ան միաժամանակ շեշտեց Լիբանանի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն նոր կենսունակութիւն տալու եւ նիւթապէս անոնց նեցուկ կանգնելու հարմայականը:
Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը: Վերապատուելին ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը համալսարանին կատարած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով համալսարանի կրթական գործունէութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Վեր. Հայտոսթեանին, համալսարանի խնամակալութեան ու բարերարներուն, շեշտելով Լիբանանի կրթական մարզէն ներս Հայկազեանի գրաւած կարեւոր տեղը ու կատարած դերը: