Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Ամմանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին, 3-4 Սեպտեմբեր 2013

Սեպտեմբեր 3-4-ին, Ամմանի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպում մը՝ հրաւէրովը Յորդանանի Ապտալլահ Բ. Թագաւորին: Սոյն հանդիպման նպատակն է քննարկել Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքները դիմագրաւող մարտահրաւէրները:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս հրաւիրուած էր Թագաւորին կողմէ ներկայ գտնուելու յիշեալ հանդիպման. սակայն, Վեհափառ Հայրապետը յարմար նկատեց, որ Սուրբ Աթոռի երկու երէց միաբաններ, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց թեմին, եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի Վարիչ, ներկայ գտնուին յիշեալ հանդիպումին:

 

Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, զոր Սեպուհ Սրբազան արաբերէն լեզուով կարդաց համագումարի ընթացքին:

 

Բարձր կը գնահատենք  Ն.Վ. Ապտալլա Բ. Թագաւորին քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը ի մի խմբելու այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութիւնը՝ Միջին Արեւելքի պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին: Այս առիթով կ’ուզենք ձեզի հետ բաժնել կարգ մը մտահոգութիւններ ու մտածումներ.-

 

Ա. Ներկայ խորհրդակցական հաւաքին որպէս ընդհանուր թեմա ընտրուած է «Մարտահրաւէրները զորս կը դիմագրաւեն քրիստոնեաները»: Մեր հայեցողութեամբ միայն քրիստոնեաները չեն որ այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին, այլ նաեւ իսլամները եւ ամբո՛ղջ շրջանը: Քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները նաե՛ւ իսլամներուն մտահոգութիւնները պէտք է ըլլան եւ՝ փոխադարձաբար: Մենք միա՛սնաբար պէտք է դիմագրաւենք Միջին Արեւելքի մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, կը սպասէինք որ այսօր մեզի հետ ըլլան նաեւ մեր իսլամ եղբայրները, որպէս դրացի, գործակից ու ճակատագրակից միասնաբար քննելու մեր մտահոգութիւնները: Եթէ անցեալին ու ներկային բաժանման գիծեր յառաջացան մեր միջեւ, անոնք եղան  պայմաններու պարտադրանքով ու միայն շահադիտական մօտեցումներէ մղուած: Քրիստոնեաներ ու իսլամներ անբաժանելի մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի ընկերութեան: Բաժանման գիծեր իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ անընդունելի են: Ահա թէ ինչու այսօր նախընտրելի պիտի ըլլար որ մենք երկխօսութիւն ունենայինք մեր իսլամ եղբայրներուն հետ՝ միասնաբար քննելու մեր ներկան ու շրջանի ապագան:

 

Բ.- Քրիստոնեայ եկեղեցիները, հակառակ պատմութեան ընթացքին իրենց ունեցած աստուածաբանական բնոյթ ունեցող կարգ մը տարբերութիւններուն, հիմնական հարցերու շուրջ անոնք մէ՛կ են: Արդարեւ, եկեղեցին մէ՛կ է իր էութեամբ, իր կեանքով ու առաքելութեամբ: Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր եկեղեցիները համախմբուած են Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի շուրջ եւ սա պահուն, որպէս այդ խորհուրդի նախագահներէն մէկը, ես ուրախութեամբ կ’ուզեմ վկայել թէ եկեղեցիները Միջին Արեւելքէն ներս կը գործեն ու կը ծառայեն որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ կը խօսին մէ՛կ ձայնով:

 

Գ.- Իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը, որպէս միաստուածեան կրօններ, հասարակաց նո՛յն արմատները ունին եւ նո՛յն բարոյական արժէքներու վրայ խարսխած են իրենց կեանքն ու մտածողութիւնը: Պատմութեան ընթացքին, հակառակ զիրենք շրջապատող տարբեր պայմաններուն ու քաղաքական իրադարձութիւններուն, երկու կրօնները պահեցին ամուր իրենց միաստուածեան հիմքը եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու համակարգը: Ներկայ ժամանակներուն բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ քանդող համաշխարհայնացումի հոսանքներուն դիմաց, իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կոչուած են միա՛սնաբար պայքարելու:

 

Դ.- Քրիստոնէութեան ու իսլամութեան արժէքներու համակարգին անբաժանելի մասը կը կազմէ փոխադարձ ճանաչումն ու յարգանքը: Արդարեւ, հասարակաց արժէքներու կարգին մեր ունեցած տարբերութիւնները եւս պէտք է ճանչնանք ու յարգենք: Տարբերութիւնները մեզ պէտք չէ առաջնորդեն հակամարտութեան. անոնք պէտք չէ մեզ մղեն ինքնակղզիացումի. անոնք պէտք չէ ստեղծեն փոխադարձ անվստահութեան ու վախի մթնոորտ: Ընդհակառակը, մեր հասարակաց արժէքներն ու տարբերութիւնները մեզ պէտք է մղեն յառաջացնելու գոյակցութեան վրայ հիմնուած այնպիսի ընկերութիւն, որ զօրեղ է իր հասարակաց արժէքներով ու հարուստ իր զանազանութիւններով:

 

Ե) Մեր արտայատած այս մտածումները սոսկ տեսութիւն չեն, այլ՝ իրականութիւն: Որպէս օրինակ կ’ուզեմ տալ հայ ժողովուրդի պարագան: Մենք դարեր շարունակ, Հայաստանի, ապա Կիլիկիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ իսլամներուն հետ ապրեցանք: Ներդաշնակ գոյակցութիւն մը յառաջացաւ երկու կրօններուն ու մշակոյթներուն միջեւ: Եթէ պատմութեան ընթացքին տխուր դէպքեր պատահեցան, օրինակ՝ Օսմանեան թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողվուրդին դէմ 1915ին, անոնք միայն քաղաքական ու կայսերապաշտական նպատակներ կը հետապնդէին: Հայ ժողովուրդը իսլամներուն հետ գոյակցութեան հարուստ պատմութիւն մը ունի: Նոյնը կարելի է ըսել Լիբանանի մասին, ուր 18 համայնքներ կը գոյակցին ՝ յարգելով իրենց զանազանութիւնները:

 

Զ.- Հետեւաբար, հարց կու տանք. ինչո՞ւ այս տխուր պատահարները ու ցաւալի երեւոյթները, որոնք կը շրջապատեն մեզ Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններէն ներս: Արդարեւ, 1) հաւատարմութիւն մեր հաւատքին նկատմամբ պէտք չէ նշանակէ անհանդուրժողութիւն ուրիշին հաւատքին նկատմամբ: 2) Ոեւէ կրօն չի կրնար ընդունելի նկատել ահաբեկչութիւնը ու բռնութիւնը իրենց տեսանելի կամ անտեսանելի արտայայտութիւններով: 3) Հասկնալով հանդերձ թէ մեր կեանքի քաղաքական ու կրօնական տարածքներուն միջեւ ամբողջական բաժանում կարելի չէ յառաջացնել՝ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, միաժամանակ, սակայն, կրօնին ու քաղաքականութեան ու անոնց առնչուած նպատակներու ամբողջական նոյնացումը կրնայ լուրջ կացութիւններ ստեղծել ընկերութեան կեանքէն ներս: 4) Փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը պէտք է դառնայ ուղենիշը մեր բոլորին. երկխօսութեամբ լուծում գտած հարցերը միայն կը դառնան մնայուն:

 

Է) Որպէս եզրակացութիւն, կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, որ քրիստոնեաները Միջին Արեւելքէն ներս եկւոր չեն, անոնք այս շրջանի պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան անանջատելի մասը կը կազմեն: Քրիստոնեաներ գործօն մասնակցութիւն բերած են շրջանի զարգացման: Անոնք կարեւոր դեր կատարած են նաեւ Արեւելք-Արեւմուտք փոխ-յարաբերութեան ամրապնդման մէջ: Արդ, քրիստոնեաներ վճռած են մնալ Միջին Արեւելքի մէջ ինչ որ ալ ըլլան զիրենք շրջապատող պայմանները: Անոնք ինչպէս միշտ յանձնառու են ո՛չ թէ միայն երկխօսութեան, այլ ամբողջական ու շինիչ գործակցութեան ու խաղաղ գոյակցութեան իսլամներուն հետ: Քրիստոնեաներ գիտակից են իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ ու միաժամանակ կառչած կը մնան իրենց իրաւունքներուն, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Անթիլիաս, Լիբանան