5 Սեպտեմբեր 2013
Սգահար հայ գրողներ,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական խորազգած զգացումներով կը միանանք ձեզի՝ բաժնելով սուգը մեր Սուրբ Աթոռի մեծ բարեկամ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան ժրաջան նախագահ, բազմավաստակ գրող եւ գրական ու մշակութային նուիրեալ գործիչ Պրն. Լեւոն Անանեանի:
Լեւոն Անանեանի վաղաժամ մահով խոր վիհ մը բացուեցաւ ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ՝ յատկապէս եւ մեր մշակութային կեանքէն ներս՝ ընդհանրապէս: Յախուռն, գաղափարապաշտ, տեսլահար ու խոնարհ ուխտեալ ու արժանաւոր այս որդին հայ ժողովուրդին, վերջին երկու տասնամեակներուն, իր կեանքը վերածեց ծառայական առաքելուեթան՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռքի հեռաւոր հայօճախներ: Եղաւ մնայուն ներկայութիւն ամէնուրեք եւ սարժանացաւ բոլորին յարգանքին ու սիրոյն: Եւ այդ ճամբուն վրայ, իբրեւ «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» հանգանակի հաւատաւոր եւ յանձնառու մտաւորական, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած գրական, մշակութային եւ կրթական զանազան նախաձեռնութիւններուն:
Մենք մօտէն ճանչցանք զինք, միասնաբար բաժենցինք մեր համազգային մտահոգութիւններն ու ցաւերը, մեր պահանջատէր ժողովուրդի անժամանցելի երազներն ու պայծառ ապագայի տեսլականները եւ իբրեւ գնահատնք իր հարուստ վաստակին ու ամբողջական նուիրումին, 5 Ապրիլ 2006–ին, Միջին Արեւելքի Հայ Գրողներու Ա. Համագումարին առիթով, զինք գնահատեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Հիմա ո՛չ եւս է Լեւոն Անանեան անցաւոր մարդը, բայց գոյ է եւ յաւերժ կենդանի պիտի մնայ իր գործը, Մեսրոպաւանդ վաստակն ու ծառայական ուխտը, զորս, կը հաւատանք, շարունակելու պիտի գան նորանուն նուիրեալ աւանդապահներ:
Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցին:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ