Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը

Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ–էլ–Քարիմ Ալիի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Բագրատունի:

 

Հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Սուրիոյ ներքին ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գծով վերջին զարգացումները՝ միջազգային մակարդակի վրայ: Ան շեշտեց որ քիմիական զէնքերը երբեք չեն գործածուած իշխանութեան կողմէ. հետեւաբար, ստեղծուած վերջին կացութիւնը կազմակերպուած դաւ մըն է իշխանութեան դէմ, հրահրելու համար արեւմտեան կարգ մը երկիրները: Ան ողջունեց վերջին օրերուն զարգացող դիւանագիտական մօտեցումները:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին կարեւորութեամբ ընդգծեց սուրիական հարցին քաղաքական լուծում տալու հրամայականը, յայտնելով որ ամէն գնով հարկ է շրջանը հեռու պահել զինուորական միջամտութիւններէ, որոնք կրնան աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ Միջին Արեւելքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը միշտ երախտապարտ կը մնայ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ, երբեք չմոռնալով Ցեղասպանութենէն յետոյ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վստահեցուց թէ սուրիահայութիւնը միշտ կառչած կը մնայ Սուրիայէն ներս իր քաղաքացիական ու համայնքային պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն: