Երէկ երեկոյեան, Չորեքշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2013-ին Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլի։
Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ՝ Պրն․ Յակոբ Բագրատունի։
Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուող հարցեր, ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։