Երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի, Պիքֆայայի եւ Ճըպէյլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ սկիզբ առին։ Այս ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Երէկ, Ուրբաթ 13 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Մայրավանքի շրջաբակին մէջ կատարուած աշխատանքներուն մօտէն հետեւեցաւ եւ պէտք եղած ցուցմունքները տուաւ։
Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ու յատկապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական ծրագիրներով զբաղող ճարտարապետներու յանձնախումբը մօտէն կը հետեւին յիշեալ եւ այլ ծրագիրներու իրագործումին: