Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովը կ’ողջունէ Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը

Երկուշաբթի 16 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի նիստը։

 

Ժողովի ընթացքին, նախ վաւերացուեցաւ յառաջիկայ տարիներու Կրօնական Ժողովի աշխատանքի ուղեգիծը, ուր յատուկ կերպով կը շեշտուէր կրօնական դաստիարակութեան ու Կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց Բաժանմունքի աշխատանքները վերակազմակերպելու հրամայականը։ Բնականաբար յիշեալ ուղեգիծը նաեւ կ՛անդրադառնար միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց, Դպրեվանքի առաքելութեան եւ այլ կարեւոր մարզերուն։

 

Յիշեալ նիստի ընթացքին նաեւ զեկոյց տրուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Ս. Էջմիածինի մէջ երկու Վեհափառ Հայրապետներու ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունենալիք Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի մասին։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ յիշեալ ժողովին կատարելիք աշխատանքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։ Յայտնենք, որ Եպիսկոպոսաց Ժողովը այս առաջին հանդիպման ընթացքին պիտի քննէ Հայ եկեղեցւոյ Մկրտութեան Կարգը ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը։ Ժողովը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան եւ պիտի աւարտի Ուրբաթ 27 Սեպտեմբերին։